Օրըստօրէ Լիբանանի մէջ ընկերային- տնտեսական կացութիւնը եւ առհասարակ ապրուստի կենցաղային պայմանները կը վատթարանան` յուսալքիչ մթնոլորտ ստեղծելով քաղաքացիներուն մօտ: Արդարեւ, տեղական թէ արտաքին հաւաստի աղբիւրներ եւ կազմակերպութիւններ կը զգուշացնեն Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական ոչ նախանձելի կացութեան գահավիժումի հաւանականութենէն: Փաստօրէն, արտագաղթողներու թիւը զգալի աճ կ՛արձանագրէ, նոյնպէս եւ անգործներու թիւը, որ շրջանցած է աշխատող մարդուժի 60 առ հարիւր համեմատութիւնը: Իսկ լիբանանցիներու յիսուն առ հարիւրը արդէն իսկ շրջանցած է ծայրայեղ աղքատութեան կարմիր գիծը, ինչպէս հաստատած էր վերջերս Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ տեղեկագիրը` միաժամանակ քննադատելով Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան ելեւմտական քաղաքականութիւնը:
Լիբանանցիներու` իբրեւ մա՛րդ գոյատեւելու տարրական կարիքներու աստիճանական շիջումին կողքին, շաբաթավերջին ահազանգ հնչեց նաեւ առնչակից մէկէ աւելի մարզերու գծով, ինչպէս` դեղորայքի սակագիներու յաւելման եւ անոնց հրապարակէն «անհետացման» մտավախութիւնը: Նմանապէս` պետական թէ ելեկտրածին շարժակներու «արդիւնաւէտութեան» տկարացման բերումով երկիրը ամբողջական մթութեան կամ գէթ օրական քանի մը ժամուան լուսաւորման վտանգը եւ ասոնց կողքին յառաջիկայ երկու շաբաթներուն համացանցի ամբողջական ընդհատման մտավախութիւնները, նոյնքա՛ն մտահոգիչ մարտահրաւէրներ են ցցուած` հրաժարած կառավարութեան եւ պատկան մարմիններուն դէմ: Կարգ մը կողմեր այս բոլորին հիմնական պատասխանատուն կը նկատեն Կեդրոնական դրամատունը, որ «կը խուսափի ելեկտրականութեան բանեցման համար անհրաժեշտ գումարի հայթայթման քայլէն»: Իր կարգին, Կեդրոնական դրամատունը իր կեցուածքը կ՛արդարացնէ այն սպառնալիքներով, զորս կը ստանայ չգործածելու երկրի պահեստի գումարը, այլապէս դատական հայցի ենթարկուելու պատասխանատուութեամբ:
Կացութեան այս մթնոլորտին լոյսին տակ առնչակից կողմեր կը շարունակեն իրենց քուլիսային ճիգերը` գէթ «ջուրին երեսը փրկող» լուծման մը յանգելու յոյսով:
Այս ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վճռական է իր նախաձեռնութեան իրագործման գծով, հակառակ «աջէն ու ձախէն ծագող խոչընդոտներուն»: Այս գծով անոր աջ բազուկը նկատուող ելեւմուտքի նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլ շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութեամբ ահազանգ հնչեցուց, թէ քանի մը օրուան ընթացքին անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւնը, այլապէս` երկիրը կ՛ուղղուի դէպի համատարած փլուզում»:
Իր կարգին, նախկին նախարար Մարիօ Աուն հաստատելով հանդերձ, թէ «հորիզոնին վրայ կառավարութեան կազմութեան յոյսեր չկան, սակայն ճիգերը կը շարունակուին»:
Նմանապէս, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ, երեսփոխան Եասին Ժապերի համաձայն, Միջազգային դրամական ֆոնտը տրամադիր է երեք միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել ելեկտրականութեան համար` նախապայմասն դնելով կառավարութեան կազմութիւնը:
Իսկ նախկին նախարար Սըժաան Քազզէ երէկ գիշեր պատկերասփռուած յայտարարութեամբ նշեց, թէ ճիգերը չեն ընդհատուած Այն Թինէի եւ Պքերքէի միջեւ:
Նաեւ` Արտաքին Մակարդակի Վրայ
Հակառակ Լիբանանի պատկան կողմերուն ուղղուող քննադատական արտաքին կեցուածքներուն, այսուհանդերձ Լիբանանը իր ճգնաժամէն դուրս բերելու գծով արտաքին կողմերու ճիգերը կը շարունակուին:
Արդարեւ, նախապատրաստական քայլեր կը տեսնուին 16 յունիսին նախատեսուող Պայտըն-Փութին վեհաժողովին լիբանանեան «հարցը» օրակագի վրայ զետեղելու:
Ֆրանսա կը մտադրէ լիբանանեան բանակի զօրակցութեան յատուկ համագումարի կողքին ուրիշ համագումար մը եւս կազմակերպել` յատուկ Լիբանանի ընդհանուր կացութեան քննարկման, ուր օրակարգի կիզակէտը պիտի կազմեն լիբանանեան երեսփոխանական ընտրութեանց նախապատրաստութիւններն ու լիբանանցիներուն տրամադրուելիք ֆրանսական օժանդակութիւնները: Ըստ նախկին նախարար Սըժաան Քազզէի, այդ օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին քաղաքապետութեանց եւ ոչ թէ կառավարական կազմակերպութիւններուն միջոցով:
Ռուսիա եւս հեռու չէ լիբանանեան իրավիճակին հետեւող արտաքին կեցուածքներէն: Այս իմաստով Մոսկուա կը շարունակէ լիբանանեան գլխաւոր կողմերու ղեկավարներուն հետ իր տեսակցութիւնները, եւ այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ մօտերս այցելէ Մոսկուա, որուն պիտի յաջորդէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի այցելութիւնը 15 յունիսին:
Իր կարգին, Վատիկան եւս վերջերս կոչ ուղղեց 1 յուլիսին հանդիպում մը կայացնելու Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն միջեւ: Հռոմի պապին այս նախաձեռնութիւնը կու գայ վերաշխուժացնելու եւ վերամրագրելու Լիբանանի «առաքելութիւնը` իբրեւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան եւ կամրջումի օրրան» ըլլալու հանգամանքը: Հոգեւոր այս հանդիպումին հրաւիրուած են Լիբանանի քրիստոնեայ գլխաւոր վեց համայնքապետներ, ներառեալ աւետարանականներու ներկայացուիչ համայնքապետը:
Սակայն ըստ իրազեկ եւ հաւաստի աղբիւրներու, տեղական ու յատկապէս միջազգային ճիգերու արդիւնաւորման պատկերը կրնայ յստականալ հազիւ յառաջիկայ սեպտեմբերին: Մինչ այդ, լիբանանցիներու գլխաւոր մաղթանքը պիտի ըլլայ յաւելեալ բարդութիւններու կանխարգիլումը եւ իրենց կենցաղային գէթ տարրական կարիքներուն (հաց, ջուր, ելեկտրականութիւն, վառելանիւթ…) ապահովումը: