ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ (ՀԱԼԷՊ)
Այս օրերուն Հայոց Բանակը դարձած է բովանդակ հայութեան հպարտութեան եւ գուրգուրանքին առարկան։ Ես դիտաւորեալ կերպով գլխագրեցի «Հայոց Բանակ»-ը, որովհետեւ անիկա մեզի համար այլեւս պետական սոսկական միաւոր մը չէ, այլ՝ ազգային նուիրական հաստատութիւն մը։
Մեր հանրապետութեան բանակը ԻՐԱԿԱՆ ու ՇՕՇԱՓԵԼԻ վերակենդանացումն է այն հայկական բանակներուն, որոնց մասին կը կարդայինք հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մէջ…։ Վերակենդանացումը՝ քաջն Վասակ Մամիկոնեանի, քաջն Մուշեղ Մամիկոնեանի, Անիի Պահլաւունի զօրապետերու, Կիլիկիոյ մէջ Կոստանդին Պայլի կամ Գուգարքի մէջ Զաքարէ եւ Իվանէ եղբայրներու հզօր բանակներուն։
Մեր փոքրիկ հողաշերտը մահուկենաց պայքար կը մղէ այսօր՝ բազմամիլիոնանոց թշնամիին դէմ։ Հերո՜ս տղաք արիւն կը թափեն ամէն օր՝ հող, հայրենիք ու պատիւ փրկելու համար։ Ու կը յաջողին՝ փառաւորապէս ու շշմեցնող սխրանքներով։
Այսօր կը կարդայի, թէ բանակի մեր նահատակ զինուորներուն թիւը հասած է շուրջ 530-ի։
Շա՜տ մեծ թիւ է ասիկա մեզի համար։
Սիրտս արիւն կու լայ։
Գրութեանս կցուած նահատակաց 7 լուսանկարները պիտի բազմապատկէք 80 անգամով…։ Կամ, աւելի իրական պատկերացում մը ունենալու համար՝ ամբողջովին լեցուցէ՛ք Հալէպի մեր «Եսայեան» հանդիսասրահը 19-22 տարեկան հայորդիներով ու յետոյ՝ բոլորը յանձնեցէք սեւ հողին, տասը օրուան ընթացքին…։
Հողը պաշտպաններ կ՛ուզէ։ Եւ փառք Աստուծոյ՝ այդ պաշտպանները ունեցա՛նք, ունի՛նք։
Անոնք նո՛ր օրերու Մամիկոնեաններ են։ Նո՛ր օրերու ազգային հերոսներ։
Նահատակներուն ոսկի անունները ԹԻՒԻ ՊԷՏՔ ՉԷ ՎԵՐԱԾՈՒԻՆ սակայն։ Անոնք թագ ու պսակ պէտք է դառնան մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ։
Հպա՛րտ ենք իրենցմով, հպա՛րտ ենք զիրենք աշխարհ բերած մայրերով: