Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց իր առցանց նիստը` համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի նախագահութեամբ:
Համախմբումը ցաւ յայտնեց Լիբանանի ու Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման համար եւ կոչ ուղղեց Լիբանանի ու Սէուտական Արաբիոյ միջեւ սրտբաց երկխօսութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ այդ տագնապը լուծելու երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ երկկողմանի շահերու ապահովումին հիման վրայ:
Համախմբումը հաստատեց, որ իրենց համար անբաղձալի է Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ ու Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացումը:
Համախմբումը պահանջեց կառավարութեան եւ դատական իշխանութիւններուն միջեւ կապը քանդել եւ նաւահանգիստի պայթումին ու Թայյունէի սպանդին մասին նախնական վճիռները արձակել:
Համախմբումը կոչ ուղղեց կառավարութեան գումարելու իր նիստերը` լուծելու համար հարցերն ու պէտք եղած որոշումները տալու` յատկապէս տնտեսական ապաքինման ծրագիրը գործադրելու, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները սկսելու համար:
Համախմբումը պնդեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայանան սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը չփափաքող կողմը ան է, որ յանկարծ ընտրական օրէնքը ուզեց փոխել եւ աւելի քան 10 հազար լիբանանցի քուէարկութենէ զրկել, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիները զրկել` վեց երեսփոխանով խորհրդարանին մէջ ներկայացուելէ: