Խորհրդարանը Երկարաձգեց
Պէյրութի Մէջ Արտակարգ Դրութիւնը
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները` մարդկային ու նիւթական վնասներ արձանագրելու, եւ հոգեկան ցնցում, ցաւ ու յուզում յառաջացնելու իմաստով, տակաւին կը շարունակեն յամենալ:
Նաւահանգիստին մէջ հետախուզական ու որոնողական աշխատանքներն ու քրէական փաստահաւաքներու գործունէութիւնը կը շարունակուի:
Որոնողական աշխատանքներու ծիրին մէջ նախանցեալ գիշեր եւ երէկ կէսօրին կարելի եղաւ աւերակներուն տակէն եւ ծովէն դուրս բերել քաղաքայիններու յաւելեալ դիակներ:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նաւահանգիստին մէջ աշխատանքները պիտի շարունակուին` մինչեւ որ կարելի ըլլայ պայթումի ցնցումին պատճառով անյայտ կորսուած բոլոր քաղաքացիները գտնել:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն թիւը հասաւ 177-ի:
Նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդը համաձայն գտնուեցաւ, որ Արդարութեան գերագոյն խորհուրդին փոխանցուած նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին հետեւի դատաւոր Ֆատի Սուուան:
Արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմ երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ դատաւոր Ֆատի Սուուանի հետ եւ զայն տեղեակ պահեց, որ ան նշանակուած է Նաւահանգիստի պայթումի հետաքննիչ դատաւոր:
Նաժըմ ընդգծեց, որ կարելի եղածին չափ արագ պէտք է ընթանան հետաքննութիւնները` հաստատելով, որ պէտք է յանձնառու մնալ այդ հետաքննութիւնը արհեստավարժ եւ թափանցիկ կերպով կատարելու անհրաժեշտութեան:
Նաժըմ աւելցուց, որ դատաւոր Սուուան պէտք է միայն այդ հարցով զբաղի եւ առաւելագոյն չափով գործակցի միջազգային մասնագէտներուն հետ, որպէսզի ճշմարտութիւնը ամբողջութեամբ բացայայտուի:
Հէյլ Ժամանեց Լիբանան
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Տէյվիտ Հէյլ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին հասաւ Ժըմմէյզէ, ուր ծանօթացաւ արձանագրուած աւերին: Հէյլին կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա:
Հէյլ յայտնեց, որ ամերիկեան «Էֆ. Պի. Այ.»-ը եւս մաս պիտի կազմէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին շուրջ բացուած հետաքննութեան:
Հէյլ ընդգծեց, որ ինք պիտի հանդիպի լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ եւ անոնցմէ պիտի խնդրէ բարեկարգումներ կատարել:
Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ Լիբանանին շարք մը օժանդակութիւններ արդէն իսկ կը կատարեն` աւելցնելով, որ պէտք է իմանալ, թէ ճիշդ ինչի՛ կարիք կայ, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել:
«Ես հոս եմ իմանալու ձեր պահանջները եւ լսելու բոլոր լիբանանցիներուն, որպէսզի կարենամ Ուաշինկթըն հասցնել ձեր պահանջները», ըսաւ Հէյլ:
Ան ամերիկացիներուն անունով ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումին պատճառած զոհերուն, ինչպէս նաեւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Հէյլ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնն ու ամերիկացիները կը զօրակցին լիբանանցիներուն:
Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը
Այցելեց Լիբանան
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլի երէկ կէսօրէ ետք այցելեց Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Փարլի դիմաւորուեցաւ փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքրի եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի կողմէ:
Փարլի եւ Աքր` ընկերակցութեամբ ֆրանսական պատուիրակութեան, ուղղուեցան Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր անոնք մանրամասն բացատրութիւն լսեցին պայթումին եւ կատարուող փրկարար ու որոնողական աշխատանքներուն մասին:
Փարլի եւ Աքր շրջեցան դէպքի վայրին մէջ եւ ծանօթացան արձանագրուած վնասներուն, ինչպէս նաեւ ականատես եղան քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն աշխատանքին:
Էրտողանի Անձնական Ներկայացուցիչը`
Լիբանանի Մէջ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի անձնական ներկայացուցիչ Սերքան Թոփալօղլու երէկ ժամանեց Լիբանան, ուր ան դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքըլի կողմէ:
Թոփալօղլու, ընկերակցութեամբ թրքական պատուիրակութեան, հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սայտայի թրքական հիւանդանոցին մէջ շտապ օգնութեան բաժանմունք մը աւելցնելու նպատակով ներդրումներ կատարելու հեռանկարները:
Թոփալօղլու հաստատեց, որ Էրտողան կը փափաքի այդ հիւանդանոցը զետեղել լիբանանցիներուն տրամադրութեան տակ:
Ապա անոնք այցելեցին Սայտայի թրքական հիւանդանոցը:
Զարիֆ Ժամանեց Պէյրութ
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Պէյրութ ժամանեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ, որուն այցելութիւնը ունէր զօրակցական բնոյթ:
Զարիֆ այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ պատասխանատուներուն հետ:
Նախագահ Աուն Ընդունեց
Պրազիլական Պատուիրակութիւն Մը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Պրազիլի նախագահի անձնական պատուիրակ, նախկին նախագահ Միշել Թամեր, որուն ընկերակցեցաւ պրազիլական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին Թամեր ցաւակցութիւն յայտնեց Պէյրութի պայթումին պատճառած զոհերուն համար եւ հաստատեց Պրազիլի պատրաստակամութիւնը` Պէյրութին օժանդակութիւններ յատկացնելու իմաստով:
Նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, ինչպէս նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարարներու պաշտօնակատարներ Ռեմոն Ղաժարն ու Ղատա Շրայմը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ներկայ իրադարձութիւնները, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները:
Հանդիպումէն ետք Ղաժար յայտնեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ստուգած է Զուքի ելեկտրակայանի պահեստանոցները, եւ ի յայտ եկած է, որ այդ պահեստանոցներուն մէջ ամոնիոմ նայթրէյթ գոյութիւն չունի:
Ան աւելցուց, որ Զուքի ելեկտրակայանին մէջ առկայ քիմիական նիւթերը վտանգաւոր չեն, այլ` ճարտարարուեստի մարզին մէջ օգտագործուելու նպատակով հոն զետեղուած են:
Ան յայտնեց, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին պատրաստած տեղեկագիրին հիման վրայ հաստատուեցաւ, որ ելեկտրակայանին մէջ գտնուող նիւթերը պէտք է վերադասաւորել, իսկ անոնցմէ մաս մը բնական պայմաններով փճացնել` կենսոլորտի նախարարութեան եւ այս աշխատանքը կատարող յատուկ ընկերութիւններու վերահսկողութեամբ:
Երեկոյեան նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ, որ Ժոմպլաթ ամէնէն մօտիկ ապագային այցելէ նախագահական պալատ:
Ուահապ` Էրտողանին. «Չեմ Գիտեր, Թէ
Յաւիտենական Ի՛նչ Կապերու Մասին Է Խօսքը»
Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ ինք չի գիտեր, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յաւիտենական ի՛նչ կապերու մասին կը խօսի:
«Ո՛վ օսմանցի, քու նախահայրերդ մեր երկիրը քանդեցին, հրկիզեցին եւ սպանութիւններ գործեցին: Ի դէպ, կ՛ուզեմ երկու դիտողութիւն կատարել: Մենք կաշառատուութիւնը ձեզմէ սորվեցանք, իսկ քեզի դիմաւորող տասնեակ լիբանանցիները Իսլամ եղբայրներ են եւ ոչ թէ լիբանանցի ժողովուրդը: Քու ներկայութիւնդ ողջունելի չէ», հաստատեց Ուահապ:
Նշենք, որ Էրտողան նման յայտարարութիւն մը կատարած էր երէկ:
Խորհրդարանը Յայտարարեց 8 Երեսփոխաններու
Հրաժարականները Եւ Վաւերացուց Արտակարգ Դրութիւնը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին յայտարարուեցան 8 երեսփոխաններու հրաժարականները: Հրաժարող երեսփոխաններն են. Մարուան Համատէ, Սամի Ժեմայէլ, Նետիմ Ժեմայէլ, Էլիաս Հանքաշ, Փոլա Եագուպեան, Նաամաթ Աֆրամ, Միշել Մուաուատ եւ Հանրի Հըլու:
Խորհրդարանը վաւերացուց Պէյրութի մէջ արտակարգ դրութեան երկարաձգումը, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուեցաւ օրէնսդրական նիստի մը հրաւիրելու:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելէ ետք սկսած նիստին ընթացքին Պըրրի ըսաւ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ի վեր իբրեւ խորհրդարան փորձած են գործակցիլ իրերայաջորդ բոլոր կառավարութիւններուն հետ, որպէսզի այդ ցաւալի պատերազմին հետեւանքներն ու հետքերը վերացնեն: «Անշուշտ այս իմաստով արձանագրուած են յաջողութիւններ եւ ձախողութիւններ, սակայն այսօր ամէն ժամանակէ աւելի Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապներ, որոնք հիմնականին մէջ երեք տագնապներ են. ընկերային, տնտեսական եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ստեղծած աղէտը:
«Հայրենիքը հոգեվարքի մէջ է, հետեւաբար մենք պէտք է վիրահատութեան դիմենք: Այս քայլը կարելի է կատարել նաեւ Թաէֆի սահմանադրութեան բարեփոխումին ընդմէջէն` իրականացնելու համար լիբանանցի երիտասարդներուն ձգտումները», ըսաւ ան:
Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի առաջարկեց հիմնել քաղաքացիական պետութիւն, փոփոխութեան ենթարկել ընտրական օրէնքը` զայն համայնքային խոչընդոտէն զերծ կացուցելով, անկախ դատական իշխանութեան համակարգ ստեղծել, տուրքերը միատեսակ դարձնել, պայմանով որ անոնք յառաջատուական ըլլան, բոլոր քաղաքացիներուն ընկերային ապահովագրութիւն տրամադրել:
Պըրրի իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը Լիբանանի միասնականութեան կարեւորագոյն խորհրդանիշներէն է եւ պէտք է վստահիլ անոր:
«Խորհրդարանին դէմ կար հրաժարականներու դաւադրութիւն մը, այն նպատակով, որ կառավարութիւնը խորհրդարանը հաշուետուութեան կանչէ եւ ոչ թէ հակառակը», շեշտեց Պըրրի:
Նշենք, որ յուլիսեան պատերազմին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին 14-ամեակին առիթով Պըրրի լիբանանցիներուն ուղղած իր պատգամին մէջ հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ հայրենիքը ազատագրելու իր ամբողջական իրաւունքին, ինչպէս նաեւ իր ուժն ու զօրութիւնը նկատուող յատկանիշներուն, որոնցմէ է Դիմադրութիւնը:
Պըրրի ընդգծեց, որ այդ ուժէն հրաժարիլ կը նշանակէ Լիբանանէն, անոր միասնականութենէն եւ գերիշխանութենէն հրաժարիլ:
«Աստուած պաշտպանէ Լիբանանը եւ զայն առաջնորդէ դէպի նոր յաղթանակներ», ըսաւ ան:
Յաւելեալ Օժանդակութիւններ Կը Հասնին Լիբանան
Լիբանանի տրամադրուած օժանդակութիւններուն շրջագիծին մէջ,
երէկ Լիբանան հասան քաթարեան երեք օդանաւեր, որոնք լեցուն էին մարդասիրական օժանդակութիւններով եւ դեղորայքով:
Լիբանանեան բանակը երէկ յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասած են նաեւ քուէյթեան եւ յորդանանեան օդանաւեր, որոնք մարդասիրական եւ բժշկական օժանդակութիւններ բերած են լիբանանցիներուն:
Կառավարութեան Կազմութեան Թղթածրար
Կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն սկսելու առումով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է, ինչպէս նաեւ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններ կատարելու ոչ մէկ հրաւէր ճշդուած է նախագահական պալատին կողմէ: