Հըզպալլայի գրասենեակին կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուեցաւ, թէ Հըզպալլա խստիւ կը դատապարտէ այդ բռնարարքը, որ մարմնաւորուած է ամերիկեան կործանիչներու կողմէ ճամբորդատար օդանաւի մը սպառնալու եւ անոր դէմ ահաբեկչութիւն գործելու փորձերով:
Դիտել տրուեցաւ, թէ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ նախանցեալ գիշեր իրանեան «Մահան» ճամբորդատար օդանաւին թռիչքը խանգարելու փորձը ահաբեկչական արարք է եւ վտանգաւոր քայլ մը, որ կրնար իր հետեւանքները ունենալ ամբողջ շրջանին վրայ:
«Լիբանանցի քաղաքացիներ փոխադրող ճամբորդատար օդանաւի մը թռիչքը խանգարելու նպատակով ամերիկեան երկու կործանիչներու փորձերը կ՛ենթադրեն Միացեալ Նահանգներու դէմ միջազգային կեցուածք ձեւաւորելու կարեւորութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Ըստ Հըզպալլայի, Միացեալ Նահանգները սուրիական հողերն ու օդային տարածքը բռնագրաւող ուժ են:
Հաղորդագրութեան մէջ Սուրիոյ եւ Իրանի զօրակցութիւն յայտնուեցաւ:
Համատ Հասան Այցելեց Իրանեան
Օդանաւի Վիրաւոր Ճամբորդներուն
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ երեկոյեան այցելեց Պէյրութի «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցը, ուր փոխադրուած էին իսրայէլեան ուժերուն կողմէ բռնարարքի ենթարկուած օդանաւի վիրաւոր ճամբորդները:
«Քաղաքայիններ սարսափեցնելու այս բռնարարքները կովարածներու խմբակներու վայել արարք են, որոնք դատապարտելի են եւ արժանի` պատիժի», ըսաւ Հասան:
Ան աւելցուց, որ այս իմաստով Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի ունենայ իր կեցուածքը:
Ատրահի. «Իսրայէլեան Ուժերը
Կազմ Ու Պատրաստ Կը Սպասեն»
Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերը կազմ ու պատրաստ կը սպասեն Լիբանանի հետ սահմանային շրջանին վրայ` ընդգծելով, որ անոնք հիւսիսային Իսրայէլի մէջ իրենց դիրքերը ամրապնդած են:
Ատրահի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է իր հողերուն վրայ արձանագրուող իրադարձութիւններուն: