Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր իր հրաժարականը յանձնեց վարչապետ Հասսան Տիապի:
Հըթթի հրաժարելու իր որոշումին մասին ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարեց, այլ` բաւարարուեցաւ հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ փտածութեան եւ շահագործումի դէմ, ինչպէս նաեւ ընկերային արդարութեան հաստատումի նպատակով ժողովրդային պոռթկումի մը լոյսին տակ արտաքին գործոց նախարարի պարտականութեան ստանձնումը սովորական որոշում չէր, այլ հիմնուած էր փոփոխութիւն եւ բարեկարգում իրագործելու յոյսերու վրայ:
«Սակայն տիրող իրականութիւնը վիժեցուց կազմուած յոյսի սաղմը, որ կրնար խոստմնալից ծնունդ ըլլալ», նշեց Հըթթի` աւելցնելով, որ ինք իր սկզբունքներէն, համոզումներէն ու խիղճէն ոչինչ պիտի զիջի` պաշտօն կամ իշխանութիւն ունենալու հաշուոյն:
Հըթթիի հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Լիբանան կը սայթաքի` վերածուելու համար ձախող պետութեան մը, եւ որովհետեւ ինք չի հաւատար, որ այս ընթացքին միջազգային հասարակութեան պահանջած բարեկարգումները ամբողջական կերպով կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել, ապա կը հրաժարի իր պաշտօնէն:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն մեկնումի պահուն Հըթթի յաջողութիւն մաղթեց բոլորին` հաստատելով, որ ինք ոչ մէկ ճնշումի ենթարկուած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կողմէ:
Վարչապետ Տիապ Հըթթիի հրաժարականը ստանալէ ետք փութաց Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` արտաքին գործոց նոր նախարարի նշանակումին շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու նպատակով:
Կէսօրէ ետք վարչապետ Տիապ երկրորդ անգամ ըլլալով ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր նախագահ Աունի հետ ընդունեց Նասիֆ Հըթթիի հրաժարականը, եւ Շարպել Ուեհպէն նշանակեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար:
Հըթթիի հրաժարականը ընդունող եւ Ուեհպէն նախարար նշանակող զոյգ հրամանագիրները նախագահական պալատին մէջ կարդաց նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ:
Շարպել Ուեհպէի Կենսագրական Գիծեր
Շարպել Ուեհպէ ծնած է Աքուրա, 15 յուլիս 1953-ին:
Ուեհպէ աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը, 1979-ին, նոյն տարին ան հետեւած է նաեւ իրաւաբանական ուսման` «Սաժես» համալսարանին մէջ: 1974-ին աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի ուսողութեան բաժանմունքը:
Կը տիրապետէ երեք լեզուներու` արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն:
2017-ին, երբ դեսպան Ուեհպէ հանգստեան կոչուեցաւ` արտաքին գործոց նախարարութենէն, ուր ան կը վարէր նախարարութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն զայն նշանակեց դիւանագիտական հարցերու իր խորհրդատուն:
Շարպել Ուեհպէ ունեցած է 42 տարուան դիւանագիտական ասպարէզ մը:
Ամուսնացած է Տոլի Ռահիմի հետ եւ ունի երեք զաւակ: