Մեր առջեւ ունինք Հայաստանի բնակչութեան թիւի անկումին հետազօտական աշխատանքին զեկոյցը: Իրապաշտ ու հազուագիւտ ախտաճանաչում մը՝ որուն ֆինանսաւորումը կը պարտինք գլխաւորաբար Գոլոլեան Հիմնադրամին: Նպատակը այս զեկոյցին՝ Հայաստանի բնակչութեան նուազման հիմնական դրդապատճառները գիտական, առարկայական ու վիճակագրական մօտեցումով: Վերջաւորութեան՝ առաջարկներ:
Ունինք նաեւ վերջերս հրատարակուած Ամերիկեան Foreign Affairs – Յունուար- Փետրուար 2014 հանդէսի «Armenia, roadmap to growth» ուշագրաւ յօդուածը, որուն մէջ նշոյլ մը կը տեսնենք արտագաղթի մասին:
Այս գրութեամբ պիտի անդրադառնամ հետազօտական զեկոյցին մասին, առանց գնահատական մը ներկայացնելու, այլ, մատնացոյց պիտի ընեմ բուն դրդապատճառը ու անոր յաջորդող հետեւանքները Հայաստանի տնտեսութեան ու հասարակութեան վրայ՝ խորհրդային տնտեսութեան փլուզումով, քանի որ արտագաղթին գլխաւոր մղիչ ուժը տնտեսական է: Այո՛, տնտեսական: Տնտեսութիւնն է որ կը ստեղծէ՝ ա. աշխատանքի առիթները, բ. անհատական եկամուտը, գ. բնակարանը, դ. ընտանիքն ու ծնելիութեան մակարդակը, ե. երախաներուն խնամքն ու կրթութիւնը, զ. ապահովութիւնն ու բարեկեցութիւնը:
«Քանդուած տնտեսութիւն ու հայրենիք կը կառուցուին՝ քար առ քար, դիզ առ դիզ ժողովուրդին ձեռամբ, քրտինքով, արցունքով ու արիւնով». կ՛ըսէ տիկին Երան Գույումճեան, իր կայքին մէջ (12 Փետրուար 2014): Բարեբախտաբար, այս փլուզումէն ողջ մնաց ժողովուրդը ու չպատճառեց մարդկային վնասներ:
Ուրեմն բուն պատճառը Խորհրդային Միութեան փլուզումին յաջորդող տնտեսական փլուզումն է: Նորանկախ 15 պետութիւններու շարքին, Հայաստանն ալ տակաւին կը գտնուի անցումային ծիրին մէջ մինչեւ այսօր ու անցումային տնտեսական փուլերը կը կարօտին ժամանակի: Ան մութ ու խաւար փակուղի մըն է ու ելքը դէպի լոյս՝ անորոշ: Երբը՝ կախեալ է պետութեան որդեգրելիք տնտեսական դրութենէն ու անոր յարակից քաղաքականութենէն: Յուսախաբ ընելու համար չէ որ կը մատնանշեմ այս իրականութիւնը:
Երկրի մը բարգաւաճումը կ՛անցնի բազմաթիւ փուլերէ,ըստ՝ տնտեսագէտ W.W. Rostow-ի: Նմանապէս, երկրի մը ֆինանս-վարկային զարգացումը կը կարօտի մի քանի փուլերու:
Տնտեսական բարգաւաճում կը նշանակէ դրամագլուխի կազմաւորում, այսինքն՝ capital formation, զոր կը կարօտի ժամանակի ու քսաներկու տարիները մեր հանրապետութիւնը տակաւին չեն հասցներ բարգաւաճման փուլին ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն:
***
Խորհրդային Միութեան ու անոր տնտեսական փլուզումը կը նմանի Միացեալ Նահանգներու 1929-ի, Նիւ Եորքի սակարանին անդունդային անկումին, որուն յաջորդեցին զանգուածային սնանկութիւններ, գործազրկութիւն ու իսկական ճգնաժամ: Սակայն պետութիւնը կարողացաւ ստեղծել անգլիացի տնտեսագէտ Քէյնզի յանձնարարութեամբ New Deal-ը, Նոր Դրութիւնը եւ Welfare State-ի պիտակին տակ, Միացեալ Նահանգներ ազատեցաւ դէպի համայնավարութեան ընթացքէն:
Շուկայական համակարգը չի բացառեր ունենալ պետական տնտեսական կառոյցներ՝ զուգահեռ սեփական ձեռնարկներու հետ միասին գործող, նամանաւանդ՝ այն պետական ձեռնարկները որոնք կը բարելաւեն ժողովուրդի մը ընկերատնտեսական վիճակը՝ եթէ լաւ տնօրինուին: Պետութեան մը պարտականութիւնն է չթողուլ մենաշնորհային պիզնէսի համակարգը շուկայէն դուրս մղէ փոքր ու միջին ձեռնարկները: Վերջիններս պէտք է պաշտպանուին պետութեան կողմէ: Այլ խօսքով՝ կարեւոր է ունենալ օլիկարգներ տնտեսութեան մը մէջ, որոնք կապ չունենան պետական պաշտօնեաներու հետ: Ճափոնի Զայպացուները ինչպէս՝ Mitsui, Mitsubishi, Marubeni ձեռնարկները, կամ, Միացեալ Նահանգներու Rockfeller կամ Carnegy ընտանիքներուն նպաստը կարեւոր եղած են այս պետութիւններու բարգաւաճման ընթացքին:
Գալով համայնավար Չինաստանի տնտեսութեան, պետական կարեւոր ձեռնարկներ կը մրցակցին սեփական մարզէն պիզնէսներուն հետ ու վերջին 30 տարուան ընթացքին Չինաստանի տնտեսութիւնը ունեցած է համաշխարային յառաջդիմութիւն:
«Report No -3 Public International Development Financing in Turkey, 1962» , եւ «First 5 Year 1963-1967 Development Plan in Turkey, 1963» ցոյց կու տան թէ ինչպէս ստեղծուած են պետական ձեռնարկներ ու ներգրաւած՝ ներդրումներ ու ֆինանսաւորում երկար պայմանաժամերով օտար աղբիւրներէ:
***
Գոլոլեան Հիմնադրամի Զեկոյցը
Էջ -ի Վիճակագրութիւնը
Տնտեսական ազատութեան ցուցանիշի բաղադրիչները
Այս ցուցանիշին վրայ՝ «Ազատութիւն» բառին կը հանդիպինք բազմաթիւ անգամներ: Արդեօ՞ք, տնտեսական ազատութեան այս բաղադրիչները կը քաջալերէն արտագաղթը կամ՝ կապ չունին արտագաղթողներու դրդապատճառներուն հետ: Բացի «կոռուպցիայից» եւ «սեփական իրաւունք» բաղադրիչներէն, մնացեալները պէտք է նպաստաւո՜ր ըլլան չարտագաղթելու:
Իսկ Հայաստանի բանկային համակարգի 2012-ի զեկոյցը ցոյց կու տայ ՀՆԱ ( Համախառն Ներքին Աճ )10 միլիառ տոլար, մէկ անձին ինկող ՀՆԱ՝ 3020 տոլար: Ուրե՞մն:
Սկիզբը՝ ըսի թէ գլխաւոր մղիչ ուժը արտագաղթին՝ տնտեսական է: Սակայն, երբ YouTube-ի վրայ կը լսեմ GlobalHye Information Sevices-ի հայթայթած Գուգարաց Թեմի առաջնորդ Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Չուլճեանի (4 Փետրուար, 2014) 25 վայրկ. 34 երկվ. տեւողութեամբ զեկոյցը ՝ շրջանի ոստիկաններուն հետ, տարբեր դրդապատճառներու կը հանդիպիմ: Անոր բուն ցաւը՝ պետութիւնը այսօր կը հնձէ, ինչ որ ցանեց վերջին 22 տարիներուն…:
Մեր կողմէն, կ՛ուզենք՝ նոր ոչ-տնտեսական ցուցանիշի բաղադրիչներ օգտագործել,
արտացոլացնելու համար դժգոհութեանց դրդապատճառները. «անհատական դժգոհութիւններ», որոնք ուղղակի կապ կրնան ունենալ արտահոսքին հետ:
Այժմ՝ իւրաքանչիւր ընթերցողին կը թողում տալ իր արժեւորումը արտագաղթի դրդապատճառներուն.
Կը կարծե՞ս թէ՝
Ա- Իշխանութեան պարագլուխները 1991-էն, մինչեւ այսօր չե՞ն յաջողած ստեղծել փայլուն ապագայ: Չե՞ս վստահիր իշխանութեանդ խոստումներուն:
Բ- Արժանապատուութիւ՞նդ վիրաւորեցին ու անիրաւուա՞ծ կը զգաս: Ոտնակոխուա՞ծ են իրաւունքներդ:
Գ- Ապահով չե՞ս զգար ընտանիքիդ կարիքները գոհացնելու:
Դ- Հակամարտութիւն կամ կենցաղային հարցեր ունի՞ս, համայնավար սերունդէն քու ազգակիցներուդ հետ:
Ե- Խնայողութիւններդ կորսնցուցի՞ր կարգ մը դրամատուներու սնանկութեամբ:
Զ- Զինուորական պարտականութենէ՞ն փախուստ կու տաս:
Է- Կղերականները քեզ չե՞ն խրատեր կամ դուն չե՞ս հետեւիր անոնց խորհուրդներուն:
Ը- Քու փոխյարաբերութիւններդ հեզասահ կ’ընթանա՞ն շրջապատիդ հետ: Պետական սպասարկութիւնները-պաշտօնեայ, ոստիկան կամ այլ, քու գործերդ ու ապրուստդ չե՞ն դիւրացուցած:
Թ- Թշնամիներու յարձակումէն կը վախնա՞ս:
Ժ- Լքուած կը զգա՞ս քու շրջապատէդ, ցաւդ տանող չմնա՞ց: Հասարակութիւն կամ պետական ընդհանուր կացութենէն յուսալքուած/յուսախաբուած ե՞ս ապագային հանդէպ:
Ի- Գործազո՞ւրկ, դիսկրիմինացիայի զոհն ե՞ս: Համոզուա՞ծ ես, որ արտասահմանի երկիրները քեզի կ’երաշխաւորեն բարեկեցիկ կեանք:
Որպէսզի արտահոսքը դանդաղի ու դադրի եւ վերադարձ տեղի ունենայ դէպի երկիր, կ՞առաջարկուին հետեւեալները: Այս առաջարկութիւնները հիմնուած են հայ անհատին հիմնական կարիքները գոհացնող ու լրացնող տարրերէն:
Այսինքն՝
-ԲՆԱԽՕՍԱԿԱՆ – պատսպարան, ուտեստեղէն, ջուր եւ կենսաբանական կարիքներ:
– ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ – ֆիզիքական պաշտպանութիւն, ապահովումը մարդկային իրաւունքներու ու զերծ վախէ:
– ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ – սէր, ընտանիք, շրջանակ, բարեկամներ:
– ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ – յարգանք, ճանաչում, նուաճում:
-ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄ – ակնկալութիւններու եւ երազներու:
Ուրեմն՝
ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ – Իւրաքանչիւր քաղաքացիի երդիք մը: Պետութիւնը կարող է ապահովել զայն:
ՀՈՂԱՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ – Քաջալերել հողատնտեսութեան մարզը, տրամադրելով, հողատարածք, ֆինանսաւորում, տեխնոլոկիա եւ շուկայ: Հայաստանի հողը կը պատկանի ժողովուրդին:
ՊԵՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – Ստեղծում, ներդրում ու ֆինանսաւորում պետական ձեռնարկներու, ներքին ու արտաքին աղբիւրներէ:
ԲԱՐՕՐՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ – Welfare State, ապահովելով գոյութեան նուազագոյն եկամուտ կարօտեալներուն. Նմանապէս՝ որդեգրել կամ բարելաւել ընկերային նոր պայմանագրութիւն մը՝ Contrat Social:
ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – Այս կարգախօսը նորութիւն չէ: Խրիմեան Հայրիկ ու 19-րդ դարու մեր մտաւորականներէն, Ակնունի, Ծերենց արծարծած են իրենց գրութիւններով: Հարկաւոր է կեդրոնանալ այս կարգախօսին:
ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԽՆԱՄՔ – Չանտեսել ոեւէ մէկ հայաստանցի կամ սփիւռքահայ , զանոնք չթողուլ յուսալքուած, յուսախաբ ու անիրաւուած. « Սիրել քո տէրը ու դրացիդ քու անձիդ պէս» . Մաթէոս Աւետարանիչ՝ համար 22: 37-40
***
Ըստ 19-րդ դարու անգլիացի տնտեսագէտ John Stewart Mill-ի՝, քայքայուած տնտեսութիւն մը, կրնայ վերականգնիլ դրամագլուխի կազմաւորումով: Ան՝ «Principles of Political Economy» իր հատորին մէջ, կը գրէ հետեւեալը.
“An enemy lays waste a country by fire and sword and destroys or carries nearby all the movable wealth existing in it. Earthquakes devastate in a short time cities, villages and living traces: all the inhabitants are ruined, and yet, in a few years after, everything is much as it was before … The possibility of a rapid repair of their disasters mainly depends on whether the country has been depopulated. If its effective population have not been extirpated at the time, and are not starved afterwards; then, with the same skill and knowledge which they had before, with their land and its permanent improvements undestroyed… they have nearly all the requisites for their former amount of production… they will in a short time have raised as great a produce, and acquired collectively as great wealth and as great a capital as before.”
Մեկնարկը՝ (take off) դրամագլուխի կազմաւորման, պէտք է յատկանշուի խթանիչ ուժով մը կամ ուժերով, որոնք կը միտին զարգացնելու ներկայ տնտեսութիւնը, հիմք ունենալով Հայաստանի բնական ու հանքային հարստութիւնները շահագործելու կարելիութիւնները… Հայաստանի ու արտերկրի մարդուժը զօրահաւաքի ենթարկելու միջոցները, տնտեսական կարգ մը ոլորտներու մէջ զարգացնելով շղթայական տեսքով ընդլայնում. նորարարութիւն՝ տնտեսութեան զանազան մարզերու մէջ, ապաւինիլով զարգացած, որակաւոր մարդուժի կարողականութեան բարիքներուն: Ապահովել նաեւ օտարերկրեայ ներդրումներ, սեփական կամ՝ պետական:
Օրինակ մը. հասկնալի պատճառներով Հայաստան չի կրնար զարգացնել նաւաշինութեան մարզը, սակայն իր կարելիութիւնները ուսումնասիրելով եւ սերտուած քայլերով կրնայ մշակել ու զարգացնել որոշակի արհեստագիտութիւն, այլ խօսքով՝ ճշգրիտ ճարտարարուեստ ( precision instruments) կամ իր կարելիութիւններուն վրայ յենած արդիւնաբերութիւն: Եթէ Հայաստանի տնտեսութիւնը ի վիճակի պիտի չըլլայ արտադրելու շոգեկառք, հաւանաբար կարելի պիտի ըլլայ արտադրել տարբեր տարիքներու գոհացում տուող տեսակաւոր խաղալիքներ ու խաղեր: Եթէ Հայաստանի տնտեսութիւնը պայմաններ չունի զարգացնելու հիւսուածեղէնի ճարտարարուսետը, հաւանաբար կարելիութիւն ունենայ զօրացնելու գորգի արտադրութեան ճարտարարուեստը:
Շարունակենք օրինակները՝ արական ու իգական նորաձեւութեան մարզը, զբօսաշրջութեան զանազան մարզերը, գեղեցիկ արուեստներու եւ գեղարուեստի բնագաւառները… ռազմագիտական արհեստագիտութիւնը:
Անհրաժեշտ է հաշուի առնել նաեւ համացանցային կամ բջիջային արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ ամենօրեայ նորարարութիւններն ու անոնց հովիտները: Աչքաթող չընենք խորհրդային ժամանակաշրջանէն «ժառանգած» զինաշինութեան ահաւէտ ճարտարարուեստը: Եթէ չունինք հրասայլ արտադրելու արդիւնաբերութիւն, կարելի է զարգացնել ռազմական ճարտարարուեստի այլ արտադրանքներ: Շարքը կարելի է երկարել ճարտարարուեստի այն ոլորտներուն որոնք աշխատանք պիտի հայթայթեն գործազրկութենէ բողոքող արտագաղթողներուն:
Չի բաւեր ապաւինիլ միայն սպասարկութիւններու վրայ յենած տնտեսութեան: Այս մէկը վստահաբար բաւարար պիտի չըլլայ աշխատանք եւ կեցութեան պայմաններ ապահովելու ժողովուրդին:
Եւ ի վերջոյ, դրամագլուխի կազմաւորումը մեծապէս կախեալ է խնայողութեան, խնայասիրութեան ու ներդրումային սկզբունքներու կիրառութեան եղանակէն, միաժամանակ հրաժարելով՝ ոչ հեռանկարային սպառողական քաղաքականութեան ընտրանքէն:
ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
• Հայաստանի Բնակչութեան Թիւին Անկումը. Ճգնաժամի Ակունքները Եւ Դրանց Յաղթահարման Ուղիները, Գոլոլեան Հիմնադրամ:
• «Ազատ Խօսք» կայք՝ Տիկին Երան Գույումճեան – 12 Փետրուար 2014:
• W.W. Rostow – The Stages of Economic Development Growth, Cambridge University Press, 1960
• F.D. Roosvelt – The Welfare State -The New Deal
• Deng Xiaping – The End of the Cultural Revolution In China:
• Republic of Turkey, State Planning Organization Development Plan – 1st 5 years 1963-1967, Central Bank of The Republic of Turkey, Dec. 1963, Ankara:
• Public International Development Financing – Research Project – Columbia University School of Law Public Int’l Development Financing in Turkey. New York 1962
• Խաչատուր Մալումեան ( Է. Ակնունի), «Մեղրագետ»- Ռ. Զարդարեանի հրատարակութիւն, Արծիւ Ժողովրդական Գրաւաճառանոցի, էջ 330, 1911, Կ. Պոլիս:
• Ստեփան Գէորգեան «Հայրենիքի Ձայն » – 19 Մայիս 1993, Երեւան:
• Ժ. Միրզաբեկեան – «Մտորումներ Արտագաղթի եւ Ազգահաւաքութեան Մասին» , «Ազդակ» 17 Մարտ 1989:
• Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան – « Ընկերային Նոր Պայմանագրութեան Մը Կարիքը«, «Զարթօնք» Նոր Տարուան բացառիկ՝ 1994:
• Հայաստանի Դրամատնային Համակարգը, Զեկոյց Հայաստանի Բանկերի Միութեան , 30 Մարտ 2012, Պէյրութ:
• Armenia – Roadmap To Growth – Foreign Affairs – Jan.-Feb. 2014, World Profile Group:
• Մկրտիչ .Յ. Պուլտուքեան – Զրոյց – «Տնտեսութեան զօրութիւնը Սահմաններից Չի Կախուած» – «Ազգ» եռօրեայ – 18 Դեկտեմբեր 1991, Երեւան:
• « Սփիւռք» ԽԳ տարի, թիւ 96, Յունուար 2011, Պէյրութ: