Լիբանանի մէջ գործող հիւանդանոցներու սենտիքաները յայտարարեցին, որ իրենց ելեկտրածին շարժակները որեւէ ատեն կրնան մարիլ` մազութի չգոյութեան պատճառով:
Սենտիքաները հաստատեցին, որ այս մասին իրենք օրեր առաջ զգուշացուցած էին բոլորը` աւելցնելով, որ հիւանդանոցներուն վաճառուող մազութը կաթիլներով կը տրուի, մինչդեռ սեւ շուկային մէջ մազութը կայ եւ հսկայական գումարներով կը վաճառուի:
Հիւանդանոցներու սենտիքաները ընդգծեցին, որ այս իրականութիւնը վտանգ կը սպառնայ հիւանդներու կեանքին, յատկապէս նկատի ունենալով երկիրը հարուածող «Քորոնա» համաճարակի նոր ալիքը:
Անոնք հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին կոչ ուղղեցին անմիջապէս միջամտելու` շեշտելով, որ կարելի չէ հիւանդանոցները մազութէ զրկել: Ո՞վ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ հիւանդներուն մահուան պարագային, հարց տուին անոնք` աւելցնելով, որ աշխարհի վրայ չկայ պետութիւն մը, որ այս ամօթալի իրավիճակին կը մատնուի, եւ պատասխանատուները չեն փութար հարցերը լուծելու:
Հիւանդանոցներու սենտիքաները կոչ ուղղեցին Զահրանիի եւ Թրիփոլիի զտարանները վերաբանալու եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հիւանդանոցներուն մազութ տրամադրելու` առանց արձակուրդի օրերը պատճառաբանելու:
Նշենք, որ սեփական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն յայտնեց, որ ոեւէ հիւանդի մահուան պատասխանատու է լիբանանեան պետութիւնը:
Միւս կողմէ, առողջապահական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին Լիբանան առողջապահական հսկայ տագնապի մը դիմաց պիտի գտնուի:
Անդրադառնալով «Քորոնա» համաճարակին` Արաժի յայտնեց, որ վարակուածներուն համեմատութիւնը աւելի քան 6 առ հարիւրի հասած է` աւելցնելով, որ հիւանդանոցներուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածները խնամելու բաժանմունքները փակուած են, լիբանանեան դրամանիշը արժեզրկուած է, ինչպէս նաեւ դեղորայքի լուրջ տագնապ գոյութիւն ունի:
Արաժի կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւն մը, որ կարենայ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ գործակցաբար փրկել երկիրը: