Վենեզուելայի նախագահ Հիւկօ Չաւէզի մահը անոր գաղափարակիցներուն եւ Երրորդ Աշխարհի ժողովուրդներուն համար պիտի մնայ ծանր կորուստ մը: Մահուան գոյժը ցնցած է Երրորդ Աշխարհի ազատատենչ ժողովուրդները, հակառակ որ անոնք լռելեայն կը նախապատրաստուէին անխուսափելիին: Անոր շիջումը պահանջատէր ժողովուրդներուն մօտ կը խորհրդանշէ Միջին Արեւելքէն Լատին Ամերիկա երկարող հակա-իմբերիալիստական ճակատին ուղղուած հարուած:
Արդարամիտ ու մարդասէր գործիչ մըն էր Հիւկօ Չաւէզ: Արաբական դատին եւ անիրաւուած ժողովուրդներուն պաշտպանը: Միջազգային բեմին վրայ ծանօթ էր Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հանդէպ իր յախուռն կեցուածքներով: Ոմանց տեսանկիւնէն մեկնելով, Հիւկօ Չաւէզ շատ աւելի կառչած էր արաբական աշխարհի իրաւունքներուն, քան՝ շատ մը արաբներ…: Ամիսներ առաջ, պաղեստինցիները Բեթղեհեմէի մէջ պատարագ մատուցեցին ՝ աղօթելով անոր առողջութեան:
Ժողովուրդը կը սիրէր Չաւէզը, որովհետեւ ժողովուրդին ծոցէն ծնած եւ ժողովուրդին ծառայող ղեկավար մըն էր ան: Գետնի վրայ ինք կը վերցնէր անոնց իրաւունքներուն պաշտպանութեան դրօշը: Շրջապատէն սիրուած էր ան: Կ’ապրէր համեստ ու օրինակելի կեանք: Չաւէզ չքաւորներու պաշտպան եւ իրաւազուրկին բարեկամ նախագահն էր: Նախագահի պաշտօնին հասնելէ առաջ,ան խոստացաւ ձրի բնակարաններ կառուցել անպատսպարներուն : Ընտրուելէ ետք անմիջապէս իրագործեց իր խոստումը: Խոստացաւ վերականգնել Վենեզուելան խորհրդանշող միջին խաւը եւ յաջողեցաւ : Յամառ եւ անզիջող պայքար մղեց Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութիւնը վայելող վերնախաւին ու սակաւապետութեան դէմ: Շահեցաւ ժողովուրդին վստահութիւնը եւ պետութեան հակակշիռին տակ վերցուց երկրին հիմնական դրամագլուխը հանդիսացող նաւթի ճարտարարուեստը: Նաւթի եկամուտները ամերիկեան դրամատուներ հոսելու փոխարէն սկսան փոխանցուիլ երկրին ազգային դրամատուները, ժողովուրդին: Չաւէզ վերականգնեց երկրին արիւնաքամ տնտեսութիւնը, ստեղծեց աշխատանքային դիրքեր, նուազեցուց գործազուրկներու անթիւ բանակը: Հիւկօ Չաւէզ եկաւ յայտարարելու, թէ Երրորդ Աշխարհի պետութիւնները կրնան պայքարիլ ամերիկեան գաղութատիրութեան դէմ եւ յաղթել: Երրորդ Աշխարհը Չաւէզի մէջ տեսաւ իր իրաւունքներուն պաշտպանը: Իզուր չէր, վենեզուելացիները Չաւէզը կը կոչէին նոր ժամանակներու Ռոպին Հուտը:
Հիւկօ Չաւէզ զարթնեցուց լատին ամերիկայի ժողովուրդները: Անոնց մէջ վերակենդանացուց ազգային արժանապատուութեան ոգին եւ ներշնչեց ամերիկեան հարստահարումներուն դիմադարձելու խիզախութիւն:
Հիւկօ Չաւէզ պաղեստինցի ժողովուրդին բարեկամն էր: Կարել՞ի է մոռնալ, իսրայէլեան բանակին Կազա ներխուժած օրերուն (2009), Իսրայէլի դեսպանը Վենեզուելայէն արտաքսելու Չաւէզի խիզախ քայլը: Արաբական աշխարհի մէջ միայն Մորիթանիան յանդգնեցաւ հետեւիլ անոր օրինակին, որովհետեւ մնացեալներուն մեծամասնութիւնը գաղտնի յարաբերութիւններ կը պահպանէ Իսրայէլի հետ ….: Չաւէզ յանդուգնօրէն յայտարարեց .« Միացեալ Նահանգներու ոճրագործ բազուկն է Իսրայէլը»:
Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ յայտարարած յուլիսեան պատերազմի օրերուն (2006), Չաւէզ այցելեց Թեհրան: Իրանի մայրաքաղաքին մէջ ան յայտարարեց, թէ Վենեզուելա անբաժան մասնիկն է Կազա- Պէյրութ- Դամասկոս- Թեհրան առանցքին:
Հիւկօ Չաւէզ այն հազուագիւտ ղեկավարներէն էր , որ անտեսելով Իրաքի դէմ հաստատուած միջազգային շրջափակումը, այցելեց Պաղտատ (2000) եւ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի հետ:
Հիւկօ Չաւէզի համար արաբական աշխարհը եւ Միջին Արեւելքը կը ներկայանար հակա- իմբերիալիստական պայքարի կարեւոր ճակատներէն մէկը: Ան սերտ կապեր կը պահպանէր հակա-ամերիկեան կեցուածքներով ծանօթ Սուրիոյ եւ Իրանի ղեկավարներուն հետ:
Միջինարեւելեան պետութիւններու հետ Վենեզուելայի սերտ գործակցութիւնը լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառէ Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն: Անոնց յատկապէս կը մտահոգէ Իրան-Վենեզուելա ուժանիւթի, տնտեսական եւ ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը:
Հիւկօ Չաւէզ այն հազուագիւտ ղեկավարներէն էր, որոնք լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէին արաբական աշխարհի ժողովուրդներուն մօտ: Չաւէզի կարծիքով, այսպէս կոչուած արաբական գարունը, արաբական աշխարհի հարստութիւնները իւրացնելու միջոց պիտի ծառայէ տնտեսապէս քայքայուող արեւմտեան պետութիւններուն:
Հիւկօ Չաւէզի մօտէն ծանօթ բարեկամներ, կը վկայեն թէ անսպառ եռանդով, աշխատասէր անձնաւորութիւն մըն էր ան: Մնայուն ճամբորդութիւններ կը կատարէր երկրին տարբեր շրջանները: Անձամբ կը վերահսկէր պետական ծրագիրներու գործադրութեան: Իւրաքանչիւր Կիրակի, հեռատեսիլի լուսարձակներուն առջեւ նստած, ուղղակի հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէր ժողովուրդին հետ (յաճախ մինչեւ տասն երկու ժամ). Անձամբ կը լսէր քաղաքացիներուն բողոքները եւ տեղւոյն վրայ լուծումներ կ’արձակէր: Առաւօտեան կանուխ ժամերուն, հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէր իր նախարարներուն հետ եւ կը հետապնդէր անոնց կատարելիք աշխատանքը: Օրական հազիւ, թէ չորս ժամ քնանար: Չաւէզ կ’անտեսէր բժիշկներու թելադրութիւնները… իր առողջական վիճակը:
Մահէն ամիս մը առաջ, Չաւէզ համակիրներէն խնդրեց, որ իր բացակայութեան զօրակցին երկրի արտաքին գործոց նախարար Նիքոլաս Մատուրոյին: Վերջինս հաւանաբար յաղթական դուրս ելլայ յառաջիկայի նախագահական ընտրութիւններէն: Բայց ամենամեծ հարցականը անշուշտ պիտի ըլլայ Չաւէզի «Պոլիվարեան Յեղափոխութեան» ճակատագիրը: Աղքատ ընտանիքի մը զաւակը՝ Չաւէզ, իր հինգ եղբայրներուն հետ ճաշակած է չքաւորութեան բոլոր դառնութիւնները: Մանկութեան օրերէն երազած է դառնալ «պէյսպոլ»ի արհեստավարժ մարզիկ: Այդ ցանկութիւնը իրականացնելու նպատակով կը միանայ զինուորական ծառայութեան: Պատանի տարիքէն կը հակի Գուպայի յեղափոխութեան: Չաւէզ կ’անդամակցի ձախակողմեան կազմակերպութիւններու: Տակաւին 23 տարեկանին, շրջապատին մէջ արդէն ծանօթ էր, Վենեզուելայի գործող իշխանութիւններուն դէմ իր կեցուածքներով: Համաշխարհային նաւթի արտադրութեան մէջ Վենեզուելա կը գրաւէր հինգերորդ դիրքը: Սակայն թշուառութիւն կը տիրէր ամենուրէք: Նաւթային եկամուտները կը դիզուէին ամերիկեան դրամատուներու մէջ: 1980-ականներուն սկիզբը Վենեզուելա բախեց սնանկութեան դուռը: Ձախակողմեան հոսանքները պոռթկացին եւ իշխանութիւնը աստիճանաբար անոնց ձեռքը: Իր պատանեկութեան օրերէն, Չաւէզ բարեկամներուն կը յայտնէր, թէ Սիմոն Պոլիվարը եղած է իր ուղեցոյցը: Երբեք չէր վառաներ յայտարարելու, թէ Ֆիտէլ Գասթրօն « Հօր» մը ազդեցութիւնը ունեցած է իր վրայ:
1998-ին ան ընտրուեցաւ երկրի նախագահ եւ առաջին քայլը եղաւ նոր սահմանադրութիւն մը մշակել, որ հաստատուեցաւ հանրաքուէով: Նոր սահմանադրութիւնը սեփական կալուած ունենալու իրաւասութիւն շնորհեց ժողովուրդին, երաշխաւորեց քաղաքացիներուն մարդկային իրաւունքները, իրաւապահ կառոյցներուն շնորհեց ազատ գործունէութեան իրաւունք: 2006-ին Չաւէզ վերընտրուեցաւ նախագահի պաշտօնին: Այս առիթով ան յայտարարեց, թէ կը կառուցէր 21-րդ դարու ընկերվարութիւն:
Հիւկօ Չաւէզ իր երազին ճամբուն վրայ ակամայ հեռացաւ կեանքէն, սակայն անոր յետեւորդները ուխտած են շարունակելու գաղութատիրութեան դէմ պայքարը: :
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ