ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ
Քանի մը օր կ՛ընէ, որ արդէն Երեւան եմ` Զաքեան 4-ի վրայ: Սեպտեմբերի սկիզբն է, ու մեղմանուշ աշուն մը կը թափառի ամէնուրեք, դեղին ու չնաշխարհիկ գոյներով տերեւներ կը թափթփին ծառերէն` գեղեցիկ երանգ մը տալով հոն տիրող կեանքին:
Արդէն բաւական ծանօթացած եմ գլխաւոր պողոտաներուն` Ամիրեան, Աբովեան եւ Հանրապետութեան հրապարակ:
Ինչքա՜ն հաճելի է անցնիլ այս փողոցներով ու տեսնել հոն տիրող եռուն կեանքը: Հայեր, ոչ հայեր, զբօսաշրջիկներ` աշխարհի ամէն կողմէն եկած:
Իրապէս արեւաշող քաղաք մըն է Երեւանը` վարդագոյն գեղեցկուհին: Ինչպէ՞ս չհպարտանալ հայ ըլլալուդ, ինչպէ՞ս չտեղաւորուիլ անոր գիրկը: Տաքուկ զգացում մը կը կապէ մեզ անոր սիրտ հովացնող ջրառատ ցայտաղբիւրներուն հիւրընկալ մեղմ ու հմայիչ գեղեցկութեան:
Օրը կը սկսիմ հետեւեալ բառերով.
Քեզ բարի լոյս, օրդ բարի,
Իմ Երեւան, սիրտն ես հայի:
Խանդավառուած ու հպարտ կը թափառիմ ամբողջ օրը Կարապի լիճին մօտ` երազելով հոն ապաւինող կարապները ճերմակ եւ անոնց հրամցուցած պերճանքը այս անկիւնադարձին:
Քիչ մը վեր ճամբաս շարունակելով` կը հասնիմ Օփերայի շրջանը, ուր զիս կը դիմաւորեն Ալեքսանդր Սպենդիարեանի եւ Յովհաննէս Թումանեանի արձանները` մեծղի ու պատկառելի: Հոն են անոնք ու իրենց ներկայութեամբ հայու կեանքը կ՛իմաստաւորեն, հայուն երթը կը մեծարեն:
Երեկոյեան, քիչ մը ուշ ժամերու, կը հասնիմ Հիւսիսային պողոտայ, որ իր առանձնայատուկ եւ հպարտ դիրքով կը պարզէ ծաղկած լայն թիկունքները եւ հարուստ կուրծքերը փարթամ:
Գունեղ կեանք մը կը բացուի դէմս ու կը կլանէ հոգիս:
Կը քալեմ հմայուած` հսկայ շքեղ կառոյցներուն կողքով, որոնք պահ մը հաւատք ու վստահութիւն կը ներշնչեն ինծի: Յանկարծ կ՛ուրախանամ, որ եւրոպական երկրի մը գլխաւոր հրապարակներէն չի զանազանուիր մեր հայրենիքի այս պողոտան` իր արդիականութեամբ ու ճոխութեամբ:
Կը շարունակեմ ճանապարհս` բոլորովին հմայուած, երբ արտասովոր տխուր ձայն մը կը կճէ ականջներս:
Օտարութի՜ւն այսքան տարո՜վ,
Կու լա՜մ կարօտով, կարօտո՜վ:
Կը դառնամ աջ ու ձախ եւ ձայնին ուղղութիւնը կը փնտռեմ:
Հոն` Հիւսիսայինի վրայ, քիչ մը հեռուն, կը նկատեմ յիսունի սահմաններուն հասած, անխնամ արտաքինով, միջահասակ, ալեխառն մազերով կին մը: Անոր ձայնը կը թեւածէ անցորդներուն գլխուն վերեւ:
Երկիր մ՛ունինք մենք Հայաստան,
Ինչո՞ւ ապրինք օտարութեան:
Անոր ձայնը հեկեկանքի մը դառնութիւնը կը զգենու: Արդեօք ի՞նչը զինք մղած է, որ այս ուշ ժամուն իր սիրտը պարպէ ուրախ երթեւեկող անցորդներուն առջեւ: Արդեօք որո՞ւ կորսուած բախտն էր, որ կու լար:
Անոր տխուր ձայնը կը ցնցէ էութիւնս:
Վստահ, որ անոր զաւակները յուսահատ` հեռացած են այս լուսաշող երկրէն, եւ ինք` անոնց կարօտով ու անոնց բացակայութեան փուշով հալածուած: Արդեօք ի՞նչ դժուարութիւններու առջեւ անոնք նախընտրած են հեռանալ հայրենիքէն: Հայրենիքէն կը հեռանան, բայց անոնց ոտքն է, որ առաջ կ՛երթայ, իսկ սիրտը, հոգին կը մնան հոն` պապենական հողերուն վրայ, եւ հարազատներու կարօտը կ՛այրէ թէ՛ հեռացողը, եւ թէ՛ մնացողը:
Արդեօք այս կինը այս իրիկուան ուշ ժամուն պէտք չէ՞ որ ըլլար իր տան մէջ, նոյնիսկ` իր անկողինին հանգիստը վայելէր անհոգ: Ինչո՞ւ անոր սիրտը կը փղձկի այս ուշ ժամուն` այս խանդավառ պողոտան յուզելով:
– Այո՛, անոր երգը բողոք մըն է, բողոք մը` սիրտ ցաւցնող:
Հիւսիսայինի գեղեցկութիւնը յանկարծ չի պարուրեր հոգիս, եթէ ժողովուրդիս զաւակները դեռ օտար ոստաններու մէջ կը փնտռեն իրենց բալասանը:
Կ՛ընդվզիմ լուռ` հիասթափուած:
Հայրենիքս իր ժողովուրդով հարուստ է, իր թիւով ու քանակով: Արդեօք ժամանակը պիտի գա՞յ, որ Հայաստան տուն կանչէ իր պանդուխտ` ակամայ հեռացած զաւակները` հզօր պետականութեամբ, բարգաւաճ տնտեսութեամբ ու բարօր պայմաններով եւ իր գուրգուրոտ գիրկը բանայ բոլորին առաջ եւ տայ իր լաւագոյնը` չկորսնցնելու համար զանոնք:
Այո՛, հայուն տունը Հայաստանն է ու Երեւանը: Այլեւս թող ոչ մէկ պանդուխտ ու վտարանդի թող չմնայ, եւ մայրեր չցաւին ու չլան իրենց զաւակներու բացակայութեան:
Մեզի պէտք է հզօր Հայաստան ու զօրաւոր հայրենիք: