Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ Արցախի հիւսիսային ուղղութեամբ ազերի վոհմակներուն այսօր՝ ուրբաթ առաւօտեան յարձակումը յետ մղուած է: Թշնամին ունի մեծ կորուստներ:
«Առտու կանուխ, թշնամին մօտ մէկ ժամ ռմբակոծելէ ետք, լայնածաւալ յարձակում սկսաւ Արցախի հիւսիսային սահմանագիծերուն ուղղութեամբ: Թշնամին մէկ քանի անգամ յարձակումի ալիքներով փորձեց գրաւել մեր դիրքերը, սակայն հայ ռազմիկներու քաջութեան եւ հմտութեան շնորհիւ յետ մղուեցաւ, կրելով զգալի կորուստներ».ըսաւ Յովհաննիսեան: