ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 200
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան այս ծանր օրերուն, երբ Արցախի պաշտպանութեան բանակը գրեթէ միայնակ մահուկենաց պայքար կը մղէ թուրք-ազերի վոհմակներու դէմ: Քաղաքակիրթ աշխարհը կը դիտէ: Արեւմուտքը, Արեւելքը, Հիւսիս-Հարաւ բառեր չեն գտներ արտայայտելու իրենց վրդովմունքը, զայրոյթը, դատապարտումը եւ սակայն… բազում աղմուկ վասն ոչինչի…: Ոմանք կը հարցնեն. Ու՞ր է Ռուսիան…: Հիւսիսէն օգնութիւն կը սպասեն շատ-շատեր:
Հիւսիւսէն օգնութիւն սպասող ընթերցողներուն կը փափաքիմ յիշեցնել շուրջ (մօտաւորապէս) հարիւր տարի առաջ, համարեա այս օրերուն Մոսկուայի եւ Կարսի համաձայնագիրը նախորդող օրերուն, Հայաստանի հաշւոյն ռուս-թրքական սիրաբանութիւնը:
Պետութիւնները մնայուն շահեր կը հետապնդեն, ոչ՝ բարեկամներ:
Սեւրը յաջորդող ժամանակաշրջանին, Կարսի եւ Մոսկուայի դաշնագիրերով նուիրագործուեցաւ Հայաստանի անդամահատումը: Խորհրդային Հայաստանի պաշտօնակատարները ստիպողութեան տակ գլուխ ծռեցին Մոսկուայի ճնշումներուն:
Ընթերցողին կը փափաքիմ կարգ մը մանրամասնութիւններ ներկայացնել նախքան Կարսի եւ Մոսկուայի դաշնագիրերը քեմալական Թուրքիոյ եւ Համայնավար Ռուսիա պաշտօնակատարներուն միջեւ կայացած բանակցութիւններէն:
Խորհրդային Ռուսիոյ եւ քեմալական Թուրքիոյ միջեւ առաջին խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ յուլիս-օգոստոս 1920-ին: Խորհրդաժողովին հիմնական նպատակն էր կարգաւորել երկու պետութիւններուն փոխյարաբերութիւնները:
Խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ բանակցութիւնները կը վարէին արտաքին գործոց ժողկոմ Գ. Չիչերինը եւ անոր տեղակալ Լեւոն Կարախանը: Թուրքիոյ կողմէ՝ Պեքիր Սամին: Համաձայնագիրին նախագիծը, ինչպէս նաեւ կողմերը հետաքրքրող այլ հարցեր քննարկելու եւ եզրակացնելու նպատակով կազմուեցան քաղաքական եւ ռազմական յանձնախումբեր:
Ռազմական յանձնաժողովի առաջին իսկ նիստին թրքական կողմը անմիջական կարիքներու համար զէնք, զինամթերք եւ նաւթ պահանջեց Մոսկուայէն: Այս պահանջը հետեւեալ ձեւով եզրակացուեցաւ. Ռուսիա ստանձնեց հինգ միլիոն ռուպլի արժողութեամբ նիւթական աջակցութիւն մը, անհրաժեշտ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք հայթայթելու յանձնառութիւն մը:
Խորհրդաժողովի ընթացքին լուրջ տարակարծութիւններ յառաջացան Անդրկովկասի երեք պետութիւններուն տարածքային սահմանագիծերուն շուրջ: Խորհրդային Ռուսիա, հայ- թրքական լարուածութիւնը մեղմացնելու մտադրութեամբ առաջարկեց փոխադարձ վերաբնակեցում կատարել, պահպանելով մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը գոյութիւն ունեցող ազգաբաշխական բնակեցումը, կերպով մը ստեղծելով ազգագրական տարածք: Փաստօրէն սահմանագիծերը ճշդելու փոխարէն, վիճելի տարածութիւնները վերաբնակեցնել մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը գոյութիւն ունեցող ազգաբնակչութիւններով:
Լեւոն Շանթի գլխաւորած Հայաստանի հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որ միեւնոյն ժամանակամիջոցին Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ կը վարէր ռուսական կառավարութեան հետ, սկզբունքային համաձայնութիւն տուաւ ռուսական նախաձեռնութեան: Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը ոչ միայն անտեսեց այս սկզբունքը, այլեւ մերժեց վիճելի տարածութիւններու հարցը հայկական պատուիրակութեան հետ դէմ յանդիման քննարկելու Լեւոն Կարախանի առաջարկը: Թրքական պատուիրակութիւնը պնդեց յարգել Պրեսթ Լութովսքիի համաձայնագիրին գծուած սահմանները եւ պահանջեց ճանչնալ Թուրքիոյ Ազգային ուխտը: Այստեղ չաւարտեցաւ թրքական ընչաքաղցութիւնը: Պեքիր Սամին Հայաստանի հանրապետութեան որոշ տարածութիւններ գրաւելու արտօնութիւն խնդրեց Մոսկուայէն: Խօսքը կը վերաբերէր Սարիղամիշի եւ Շահթախթիի շրջաններուն, Նախիջեւանի վրայով Խորհրդային Ռուսիոյ հետ անմիջական հաղորդակցութիւն ստեղծելու նպատակով: Չիչերին՝ մերժեց: Պեքիր Սամի ուղղակի հանդիպում մը ունեցաւ Վլատիմիր Իլիչ Լենինի հետ: Վերջինս, 14 օգոստոս 1920-ին անձամբ ընդունեց թրքական պատուիրակութիւնը: Սարիղամիշը եւ Շահթախթիի շրջանները գրաւելու Թուրքիոյ պահանջը Կովկասեան ճակատի ՌՀԿ անդամ Գ. Օրջոնիկիձէի հետ հեռագիրով քննարկելէ ետք, Չիչերին Պեքիր Սամիին յայտնուեցաւ, թէ խորհրդային կառավարութիւնը դէմ չէ այդ քայլերուն, այն պայմանով որ թուրքերը չյառաջանան այլ տարածութիւններ …:
Կողմերը մշակեցին փոխյարաբերութիւնները սերտացնելու հիմնակայն դրոյթները: Անոնք մերժեցին ուժի պարտադրութեան տակ համաձայնագիրերը (խօսքը կը վերաբերէր Սեւրին) ինչպէս նաեւ չեղեալ համարեցին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ նախապէս կնքուած բոլոր համաձայնագիրերը: Ռուս-թրքական առաջին խորհրդաժողովը աւարտեցաւ 24 օգոստոս 1920-ին:
Հայաստանի պարագային առանձնակի նշանակութիւն ունէին վերոյիշեալ դրոյթներուն 3-րդ եւ 4-րդ յօդուածները: Առաջինին պարագային, Ռուսիա եւ Թուրքիա ամենակարճ ժամանակամիջոցին յանձնառու պիտի ըլլային բանալու Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ապրանքներու եւ քաղաքացիներու փոխադրութեան բոլոր ճանապարհները: Այդ ճանապարհները կ’անցնէին Հայաստանէն: Երկրորդ յօդուածը կը նշէր, թէ Ռուսիա յանձնառութիւն կը ստանձնէր միջնորդելու Թուրքիոյ սահմանակից այն պետութիւններուն միջեւ, որոնք իրենց «իշխանութեան տակ կը պահէին» Թուրքիոյ Ազգային ուխտին մէջ մուտք գործած տարածութիւններ…:
Ճանչնալով Թուրքիոյ «Ազգային ուխտ»ը, խորհրդային իշխանութիւններ կը նուիրագործէին Պաթումի, Կարսի, Արտահանի վրայ թրքական գերիշխանութիւնը: Եւ որովհետեւ, Թուրքիոյ պահանջած խնդրոյ առարկայ տարակարծութիւններ կ’իյնային Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ, որոշուեցաւ յետաձգել Թուրքիոյ հարաւարերեւլեան սահմանները ճշդելու հարցը, որուն պատճառով ալ յետաձգուեցաւ մշակուած համաձայնագիրին ստորագրութիւնը:
Համաձայնագիրին այս նախագիծը հետագային դարձաւ Մոսկուայի (1921) համաձայնագիրին հիմքը:
Ռուս- թրքական երկրորդ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ 26 փետրուարէն 16 մարտի միջեւ ինկած ժամանակամիջոցին: Ռուսական կողմը դարձեալ կը գլխաւորէր Գ. Չիչերինը: Թրքականը՝ Եուսուֆ Քեմալ Պէյը: Ռուսական իշխանութիւնները Մոսկուա հրաւիրած էին նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնները: Թրքական կողմը հրաժարեցաւ միացեալ հանդիպումներու գաղափարէն: Իրականութեան մէջ քեմալական Թուրքիա կը ձգտէր անջատ համաձայնութիւններ կնքել Անդրկովկասի հանրապետութիւններուն հետ:
Երկու կողմերուն համաձայնութեամբ որոշուեցաւ բանակցութիւններուն հիմքը ընդունիլ առաջին խորհրդաժողովին մշակուած համաձայնագիրին նախագիծը: Սկզբունքով կարգ մը յօդուածներ փոփոխութեան պէտք է ենթարկուէին, որուն համար կազմուեցան քաղաքական, իրաւական եւ խմբագրական յանձնաժողովներ: Բնականաբար ամենակարեւոր եւ ամենալուրջ դժուարութիւնը Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասի պետութիւններուն միջեւ սահմանագիծերուն ճշդումն էր: Թրքական պատուիրակութիւնը յամառօրէն կը յաւակնէր Պաթումի, Կարսի մարզերը, Սուրմալուի եւ Սարիղամիշի գաւառները: Իսկ Նախիջեւանը իւրացնելու համար կը վկայակոչէր Նախիջեւանի բնակչութեան ցանկութիւնը…: Բանակցութիւնները չաւարտած քեմալական բանակը գրաւեց Պաթումը եւ Նախիջեւանը, կատարուած իրողութեան առջեւ դնելով Կարմիր Ռուսաստանը ( Նախիջեւանի մէջ իշխանութիւնը գրաւելու նպատակով ապստամբութեան փորձեր կազմակերպեցին իսկ Վրաստանի մենշեւիկ կառավարութեան հաւանութեամբ Պաթում խուժեցին):
Տարածքային հարցերը քննարկուեցան խորհրդաժողովի անպաշտօն նիստերուն, Սթալինի ներկայութեամբ: Երբ սկսան տարածքային հարցերուն պաշտօնական քննարկումները, Գ. Չիչերին յայտարարեց, թէ Համայնավար Ռուսաստանը պատրաստ է ճանչնալու Թուրքիոյ Ազգային ուխտին սահմանները, սակայն Պաթումի պարագային կը պահանջէ կատարել կարգ մը փոփոխութիւններ: Երկար վիճաբանութիւններէ ետք Պաթումը մնաց Վրաստանին, այն պայմանով որ Թուրքիան ազատօրէն եւ առանց տուրք վճարելու տարանցիկ առեւտուրի իրաւունք կը ստանար: Գ. Չիչերին յայտնեց, թէ ռուսական կառավարութիւնը չ’առարկեր սահմանը Արփաչայէն արեւմուտք եւ Արաքսէն հարաւ ընդլայնելու Թուրքիոյ պահանջին: Այս կը նշանակէր, թէ Թուրքիոյ պիտի իւրացնէր Կարսի շրջանը ամբողջութեամբ, Սուրմալու գաւառը, որ երբեք չէր եղած Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ:
Թրքական պատուիրակութիւնը չբաւարարուեցաւ այսքանով եւ պահանջեց որ Նախիջեւանը չմնայ Հայաստանին, այլ դրուի Ազրպէյճանի հովանաւորութեան տակ: Վերջինս պիտի խոստանար երրորդ երկրի մը չզիջիլ ապագային… այսինքն՝ Հայաստանին: Թրքական պատուիրակութիւնը պահանջեց աւելին՝ Նախիջեւանին միացնել Շարուր- Դարալագիազը եւ Երեւանի գաւառին մէկ մասը՝ մինչեւ Արարատ կայարանը: Այս առաջարկին հիմնապատճառը պարզ էր, չյաջողելով գրաւել Նախիջեւանը՝ Թուրքիան կը ձգտէր ընդհանուր սահման ունենալ անոր հետ: Երկար վէճերէ ետք, որոշուեցաւ այդ շրջանին սահմանը ճշդելու լիազօրել Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու խառն յանձնաժողովը:
Տարածքային հարցերու քննարկումները աւարտելէ ետք Գ. Չիչերին յայտարարեց՝ քանի որ թուրք-անդրկովկասեան սահմանը ենթակայ է հաստատման, ապա այն պայմանագիրներուն մէջ, որոնք Թուրքիան պիտի կնքէ Անդրկովկասի հանրապետութիւններուն հետ, հետագային Թուրքիոյ կողմէ այդ պետութիւններուն գերիշխանութեան որեւէ խախտում, Ռուսիա պիտի դիտէ իր դէմ ուղղուած միտում: Սոյն յայտարարութիւնը մասնաւորապէս կը միտէր Հայաստանը Թուրքիոյ ոտնձգութիւններէն պաշտպանելու, որովհետեւ Թուրքիա տակաւին կառչած կը մնայ Ալեքսանդրապոլի համաձայնագիրին: Սակայն Հայաստանի սահմանները արդէն իսկ խախտած էին:
Ռուս-թրքական բանակցութիւնները աւարտեցան 16 Մարտին: Նոյն օրն ալ ստորագրուեցաւ ռուս-թրքական «Բարեկամութեան եւ եղբայրութեան համաձայնագիր», ծանօթ՝ Մոսկուայի համաձայնագիր: Սոյն համաձայնագիրին զուգահեռ, խորհրդային Ռուսաստանը Թուրքիոյ անհատոյց տրամադրեց տասը միլիոն ռուպլի արժողութեամբ զէնք եւ զինամթերք:
Եթէ 10 օգոստոս 1920-ին անկախ Հայաստանի անունով Աւետիս Ահարոնեանը կը ստորագրէր Սեւրի Դաշնագիրը, 16 մարտ 1921-ին Հայաստանի լիազօր ներկայացուցիչը կը բացակայէր Մոսկուայի մէջ: Կ’արժէ նշել, որ Վրաստանը եւ Ազրպէյճանը նոյնպէս չունէին իրենց ներկայացուցիչները: Ռուսիոյ Խորհրդային Հանրապետութիւնն էր, որ կը տնօրինէր Կովկասի ազգերուն ճակատագիրը:
Մոսկուայի դաշնագիրը խորքին մէջ միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն դիտելով խախտում մըն է, որովհետեւ երկու պետութիւններ բանակցութիւններուն մաս չկազմող երկրի մը հաշւոյն որոշումներ կ’առնէին: Միջազգային իրաւունքի խախտումներով ստորագրուած Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրերը, անօրինական ըլլալու կողքին նաեւ չեն ճանչցուած Հայաստանէն:
Նկատի ունենալով, որ Կովկասի երեք հանրապետութիւնները բացակայ էին Մոսկուայի «հաշտութեան» խորհրդաժողովէն եւ չէին ստորագրած 16 մարտի դաշնագիրը, Մոսկուայի եւ Անգարայի իշխանութիւնները փափաքեցան աւելի ամուր հիմքերու վրայ դնել անոր որոշումները: Այս նպատակով 26 սեպտեմբերէն 13 հոկտեմբերի միջեւ Կարսի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները: Այս համաձայնագիրին կարգ մը յօդուածները կը տարբերէին Մոսկուայի դաշնագիրէն:
Կարսի դաշնագիրին 5-րդ յօդուածը փոփոխութեան ենթարկեց Մոսկուայի դաշնագիրին 3-րդ յօդուածը՝ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կառավարութիւնները կը համաձայնէին, որ «Նախիջեւանի շրջանը՝ ներկայ դաշնագիրին մէջ նշանակուած իր սահմաններով դառնայ Ինքնավար հողամաս մը՝ Ազրպէյճանի խնամակալութեան տակ»:
Վրաստան կը վերստանար Պաթումը: Ատրպէյճան իր խնամակալութեան տակ կ’առնէր Նախիջեւանը:
Ռուսեւթուրք դաշնագիրով Մուսթաֆա Քեմալ կը ստանար Սուրմալուն, Կարսը, Արտահանը, իսկ Ազրպէյճանին բաժին կը հասնէր Շարուրը, Նախիջեւանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը: Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրերով սահմանուեցան Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ սահմանները:
Կարսի դաշնագիրով չեղեալ նկատուեցան Ալեքսանտրապոլի եւ Սեւրի դաշնագիրները:
Կարսի մէջ պաշտօնապէս կը նուիրագործուէր Հայաստանի մասնահատումը: Այլ ելք չունէին Խորհդային Հայաստանի ներկայացուցիչները…:
Մօտիկ անցեալէն, ռուս-թրքական սիրաբանութենէն վերցուած ուսանելի էջ մը՝ Ռուսիոյ կամ այլոց օժանդակութիւնը սպասող մեր ազգի զաւակներուն:
Այսօր ռուս-թուրք շահերը դարձեալ կը համընկնին քիչ մը ամեն տեղ… վաղը կրնան խաչաձեւել:
Բաւ է վստահինք այլոց: Մեր ուժը կը կայանայ մեր հաւաքական աշխատանքին եւ միասնականութեան մէջ: