Կիպրոսի մէջ մեկնարկած Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի (ՀԽՀԿ) գործադիր կոմիտէի նիստին ծիրէն ներս` Գործադիր մարմինի անդամները հանդիպեցան հայ առաքելական եկեղեցւոյ Կիպրոսի թեմի առաջնորդ Վարուժան Արքեպիսկոպոս Հերկելեանին, ապա ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ:
Նիստին մասնակիցները այցելեցին նաեւ Նարեկ վարժարան, ուր ՀԽՀԿ նախագահ Իշխան Զաքարեան արձանագրութիւն կատարեց պատուաւոր այցելուներու գիրքին մէջ:
Օրուան աւարտին պատուիրակութիւնը այցելեց Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նիկոսիայի ակումբը: Հ.Բ.Ը.Մ.-ը` մեծ ընդունելութիւն մը կազմակերպեց Մելքոնեան հաստատութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 5-ին Կիպրոսի Հանրապետութեան Լառնաքա քաղաքին մէջ իր աշխատանքները սկսաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի գործադիր կոմիտէին նիստը: Նիստին կը մասնակցէին գործադիր կոմիտէի անդամները, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը:
Նիստի ընթացքին որոշում կայացաւ 2014 թ. ձմրանը Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպել Համահայկական ձմեռային առաջին խաղերը: Խաղերու ծրագրին մէջ ընդգրկուած են դահուկ, լեռնադահուկ, սնոուբորտ եւ հոքէյ մարզաձեւերը: Բացի մրցութային ծրագրէն, նախատեսուած են նաեւ ցուցադրական ելոյթներ: