ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ վերջին երկու զօրակոչներու ժամանակ նորակոչներու թիւի աճ կը նկատուի։ «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՀ պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեան:
«Այս տարի զօրակոչի թիւէն գոհ եմ, ընթացքը բաւական լաւ էր: Ե՛ւ անցեալ, ե՛ւ այս զօրակոչերուն բաւական թիւի աճ ունինք»,- նշեց Բալայեան:
Ան շեշտեց, թէ աննախադէպ իրաւակարգաւորումով 2019 թուականի զօրակոչի ժամանակ օրէնքով տարկէտում տուած են միջին մասնագիտական հաստատութիւններու ուսանողներուն: Բալայեան ընդգծեց, որ անոնք շատ ըլլալով հանդերձ, զօրակոչներու քանակի աճ կայ:
ՀՀ ԶՈՒ ժամկէտային զինծառայողներու 2019 թուականի ամառնային զօրակոչը մեկնարկած է 1 Յուլիսին: