Հայաստանի ազգային պատկերասրահը մայիս 10-էն մինչեւ յունիս 10 կը ներկայացնէ ՀՀ ժողովրդական նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի «Ներհայեցում» խորագիրը կրող յետմահու առաջին ցուցահանդէսը: Այս ցուցահանդէսը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ առաւել ըդգրկուն եւ ամբողջական ներկայացնել գեղանկարիչի ստեղծագործական ողջ ուղին` ներառելով հեղինակային աշխատանքներ ստեղծագործական տարբեր` այսպէս կոչուած եգիպտական-սովետական-անկախութեան շրջափուլերէն: Ձեռնարկին ամբողջականութեան կը նպաստեն ՀԱՊ հաւաքածուի եւ ընտանիքի սեփականութիւն հանդիսացող գեղանկարչական, գծագրական եւ վերջին շրջանի քանդակային աշխատանքներու համատեղ ցուցադրութիւնը:
Եգիպտահայ գեղանկարիչը ուսանած է նախ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ, այնուհետեւ Գահիրէի Գեղարուեստի, Փարիզի Կրան Շոմիէր ակադեմիաներուն մէջ:
1962 թ. Արտերկրի մէջ արդէն յայտնի արուեստագէտը, հայրենադարձ ըլլալով սովետական Հայաստան, թարմ շունչ եւ գեղանկարչական նոր, իւրովի
մտածելակերպ ներմուծեց ոչ միայն հայ կերպարուեստ, այլ սովետական արուեստ ընդհանրապէս` դառնալով գեղանկարչական «խիստ» ոճի հիմնադիրներէն մէկը:
Աւելի ուշ 80-ամեայ վրձինի վարպետը սկսաւ ներկայանալ նաեւ քանդակներով:
Ստեղծագործական երկարատեւ տարիներուն ընթացքին նկարիչը արժանացած է բազմաթիւ կոչումներու եւ պարգեւներու, անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներով ներկայացած է ինչպէս նախկին ԽՍՀՄ երկիրներուն մէջ, այնպէս ալ եւրոպական` Ֆրանսա, Իտալիա, Գերմանիա, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի մէջ: