Աւստրիոյ մէջ Սերժ Սարգսեան յունիս 12-ին այցելած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւն` Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի, միաբանութեան գրադարան եւ թանգարան:
Նախագահը այցելած է նաեւ Սբ. Հռիփսիմէ Հայ Առաքելական եկեղեցի, յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` ծաղիկներ խոնարհած եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող յուշահամալիրին:
Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքէն: