ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այսօր այցելած է շուրջ երեք շաբաթ առաջ Հայաստանի մէջ բացուած եւ սուրիական կրթական ծրագրով դասաւանդուող «Կիլիկեան» դպրոց: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն:
Մինչեւ ուսումնական գործընթացին ծանօթանալը` նախարարը խորհրդակցութիւն անցուցած է դպրոցի տնօրէնութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի մասնագէտներու, ուսուցիչներու եւ Կիլիկեան բարեսիրական միութեան ղեկավարներու մասնակցութեամբ:
Ներկաները նախարարին տեղեկացուցած են, որ ապահովուած են անհրաժեշտ բոլոր պայմանները, երեխաները դասերը կ’իրականացնեն վերանորոգուած դասասենեակներու մէջ, մարմնամարզութեան դասերը կ’իրականանան կահաւորուած մարզադահլիճի մէջ, իսկ Սոֆի Տեւոյեանի շնորհիւ` կ’իրականացուին պարի անվճար դասեր:
Ներկայիս նշեալ դպրոց կը յաճախէ 1-9-րդ դասարանի 265 աշակերտ, կը դասաւանդեն Սուրիայէն Հայաստան եկած ուսուցիչներ, արդէն իսկ բազմացուած եւ աշակերտներուն տրուած են համապատասխան դասագտրքերը:
Նախարար Յակոբեան հետաքրքրուած է դասաւանդման եւ ուսման որակով` կարեւոր համարելով առանց թերացումներու դասաընթացի կազմակերպումն ու աշակերտներու` ուսման նկատմամբ տրամադրուածութիւնը:
«Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր նրանց, ովքեր փորձեցին օգտակար լինել այս նախաձեռնութեանը: Մեր ուսուցչուհիներն այսօր հերոսական գործ են անում, նուիրեալ աշխատանք, որպէսզի ոչ մի աշակերտ խորթութիւն չզգայ»,– ըսած է ան:
«Բնականաբար մենք չէինք կարող անտեսել սիրիահայերի ցանկութիւնը` ունենալ սիրիական ծրագրով դպրոց: Այս դպրոցի բացումն առաջին հերթին ՀՀ նախագահի քաղաքական կամքի դրսեւորումն էր: Եւ երբ կարգաւորուի իրավիճակը Սիրիայում, մեր հայրենակիցները որոշեն գնալ հետ, երեխաները որեւէ դժուարութիւն եւ ուսումնական բացթողում չեն ունենայ շնորհիւ նրանց համար կազմակերպուած դպրոցի»,- աւելցուցած է նախարարը:
Այնուհետեւ Հրանոյշ Յակոբեան շրջած է դասարանները, զրուցած երեխաներու հետ, լսած անոնց տպաւորութիւնները հայաստանեան կեանքի, ժամանցի ու կենսակերպի վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ` ծանօթացած անոնց ընտանիքները յուզող տարաբնոյթ խնդիրներուն: