Ապրիլ 22-ին, ժ.19:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Գ.Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կը կայանայ մեծանուն գրող, դրամատուրգ, հրապարակախօս Պերճ Զէյթունցեանի մեծարման երեկոն, որուն կը մասնակցին պաշտօնատար անձիք, մշակութային գործիչներ, մտաւորականներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան:
Մեծարման երեկոյին կը ներկայացուի Պերճ Զէյթունցեանի անցած ուղին, կ’ընթերցուին հատուածներ անոր ստեղծագործութիւններէն, կը ցուցադրուին դրուագներ գրողի գործերու բեմականացումներէն, գրականութեան մեծերու կարծիքները Պերճ Զէյթունցեանի մասին: