ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Նոյեմբերի 2-ին ընդունած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան ընդհանրական տեղապահ Արիս արքեպիսկոպոս Շիրվանեանը: Այս մասին՝ ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ կը տեղեկացնէ նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:
Նախարարը եւս մէկ անգամ յիշատակելով հանգուցեալ Թորգոմ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի գործունէութիւնը` նշած է, որ մինչեւ այսօր պատրիարքարանին հետ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործակցութիւնը չունէր անհրաժեշտ աշխուժութիւնը, ինչ որ ունէր իր առարկայական պատճառները, սակայն յառաջիկային կը սկսին առաւել համակարգուած ու նպատակային համագործակցիլ, որ միտուած պիտի ըլլայ Երուսաղէմի հայ համայնքի` Սուրբ Աթոռի շուրջը համախմբման եւ Հայրենիքի հետ կապի ամրապնդման:
Սրբազան հայրը նշած է, որ այս հանդիպումը առաջինն էր իր` պատրիարքութեան ընդհանրական տեղապահ ընտրուելէն ի վեր. «Ինծի համար ծառայութիւնը մշտապէս նուիրական գործ եղած է եւ ես պատրաստ եմ առաւելագոյնը ընել ծառայութեան մէջ»: Հանդիպման ընթացքին մտքեր փոխանակած են Երուսաղէմի հայ համայնքի եւ հայկական եկեղեցիի գործունէութեան վերաբերեալ, համաձայնութիւն ձեռք բերուած է ապագային` Թորգոմ արքեպիսկոպոսի մահուան առիթով յայտարարուած սգոյ 40 օրերուն, ինչպէս նաեւ պատրիարքի ընտրութիւններէն ետք առաւել առարկայական դարձնել ծրագիրները: