ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 6ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններ եւ 11րդ բանակումը կազմակերպելու նպատակով ստեղծուած միջգերատեսչական յանձնաժողովի երկրորդ նիստը: Նիստին կը մասնակցէին նախարար Մխիթար Հայրապետեան, նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, «Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, ներկայացուցիչներ արտաքին գործոց, կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան, մարզանքի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւններէն, ոստիկանութենէն, Երեւանի քաղաքապետարանէն եւ ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութենէն:
Ողջունելով նիստի մասնակիցները՝ Հայրապետեան նշեց, որ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները եւ 11րդ բանակումը պէտք է կայանան յաւուր պատշաճի եւ բարձր մակարդակով: «Անգնահատելի եւ անուրանալի է ՀՄԸՄի դերը հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք կապերի ամրապնդման եւ սկաուտական շարժման զարգացման գործում», նշեց ան:
Դաւիթ Յակոբեան իր կարգին նշեց, որ հանդիպումներ կատարուած են Հայաստանի նախագահին, վարչապետին, պաշտպանութեան եւ սփիւռքի նախարարներուն հետ, եւ կազմակերպութեան 100ամեակի բոլորը ծրագիրները վերահաստատուած են ու կազմակերպման ընթացքի մէջ են:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան հանգամանօրէն ներկայացուց 100ամեակի ծրագիրը, իսկ քննարկման միջոցով՝ բոլոր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները ճշդեցին իրենց ընելիքներն ու միջոցառումներու վերջնական ժամանակացոյցը:
Օշին Փիրումեան ընդգծեց, որ Յուլիս 19-29ին Հայաստան պիտի գտնուին 22 երկիրներէ մօտաւորապէս 1200 սկաուտներ, իսկ բանակումը տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ Բիւրականի կեդրոնական բանակավայրը:
Նաեւ, ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած նամականիշի հրապարակման մասին զեկուցեց փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարութեան աշխատակազմի վարչութեան պետ Ծովինար Գալստեան: