Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ ՀՄԸՄ-ը, 100 տարիներ գոյատեւեց շնորհիւ իր առաքելութեան, որդեգրած սկզբունքներուն եւ հետապնդած նպատակներուն, որովհետեւ անոնք կը խօսին հայ երիտասարդութեան սիրտին եւ մեր յաջորդական սերունդներուն ֆիզիքական ու մտային դաստիարակութիւն կու տան՝ մարզական եւ սկաուտական շարքերուն ընդմէջէն:
1918-ին, մինչ Հայաստանի մէջ անկախութիւն կը կերտուէր, միւս կողմէ, Պոլսոյ մէջ, նոյն տարուան 16 Նոյեմբերին, պատմական գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը հիմը կը դրուի ՀՄԸՄին: Ա՛յն կազմակերպութեան, որ հաւատալով, թէ առողջ սերունդներն են ազգի մը յաւերժացման գրաւականը, մէկ դրօշի տակ համախմբեց մարզասէր եւ սկաուտական շարժումին հաւատացող երիտասարդութիւնը: Այս հաւատքով, 1910-ական թուականներուն, Պոլսոյ մէջ սկսան մարզական ակումբներ հիմնելու ակնյայտ մարզիկ-մարզիչ Շաւարշ Քրիսեան եւ իր գաղափարակից ընկերները՝ Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր Յակոբեան եւ ուրիշներ: Քրիսեանի «Մարմնամարզ» թերթին հրատարակութիւնը մեծապէս նպաստեց նուիրեալներ համախմբելու իր շուրջը: 1915-ին, Շաւարշ Քրիսեան նահատակուեցաւ, սակայն իր ընկերները շարունակեցին մարզական եւ սկաուտական միութիւն մը հիմնելու իր գաղափարը: Այսպէս, ծնունդ առաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ ՀՄԸՄը, որուն հիմնադիր ժողովը գումարուեցաւ 16 Նոյեմբեր 1918-ին՝ Պոլսոյ մէջ, մասնակցութեամբ սկաուտապետ Գրիգոր Յակոբեանի, Տիգրան Խոյեանի, Գարլօ Շահինեանի, Հայկ Ճիզմէճեանի, Լեւոն Յակոբեանի, Ժիրայր Խորասանճեանի եւ Վահրամ Փափազեանի:
ՀՄԸՄ-ը որդեգրեց «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» կարգախօսը, որ մտայղացումն էր Պետրոս Ատրունիի:
Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ՀՄԸՄ-ի բազմաթիւ մասնաճիւղեր հիմնուեցան Պոլսոյ եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ՝ հասնելով մինչեւ Կիլիկիա, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի բեկորներուն եւ յատկապէս անոր որբացած սերունդին մօտ: Երիտասարդութիւնը ներգրաւուեցաւ մարզական եւ սկաուտական խումբերու մէջ՝ «Առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ» հաստատ համոզումով:
1919-ին, Պոլսոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ-ի Ա. Ողիմպիականը: Հոկտեմբեր 1919-ին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ կը հրապարակուի «Հայ Սկաուտ» թերթը:
ՀՄԸՄ-ի համբաւը կը հասնի անկախ Հայաստան, որուն օրուան կրթական նախարար Նիկոլ Աղբալեան կը հրաւիրէ ՀՄԸՄ-ը մարզական եւ սկսուտական դաստիարակութեան սկսելու հայրենիքի մէջ: Յուլիս 1920-ին, Վահան Չերազ, Տիգրան Խոյեան եւ Օննիկ Եազմաճեան եռանդամ պատուիրակութիւնը կը մեկնի հայրենիք: Նոյն տարին (1920), Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ կը հիմնուի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ մը, այնուհետեւ՝ 1921-ին, Պուլկարիոյ եւ Արեւելեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, իսկ 1922-ին՝ Ռումանիոյ մէջ, եւ այսպէս մեծ թափ կ՛առնէ ՀՄԸՄը:
Դժբախտաբար, սակայն, կազմակերպչական աշխոյժ գործունէութիւնը երկար կեանք չ՛ունենար Հայաստանի մէջ. արդարեւ, 29 Նոյեմբեր 1921-ին, Հայաստանի խորհրդայնացումով, ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը վերջ կը գտնէ Հայաստանի մէջ: Աւելի ուշ, Վահան Չերազ հայրենանուէր իր այս գործունէութեան համար կը գնդակահարուի Թիֆլիսի Չեկայի բանտին մէջ:
Պոլսոյ մէջ եւս նոյն ճակատագիրին կ՛ենթարկուի ՀՄԸՄ-ը: Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ներքին յեղաշրջման եւ Քեմալական շարժման յաղթանակով, հայ ժողովուրդը կը հեռանայ երկրէն եւ 16 Սեպտեմբեր 1922-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս լուծարուած կը յայտարարէ ՀՄԸՄ-ը:
Գաղթական հայութեան հետ գաղթական դարձաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ը, սակայն չկորսուեցաւ: Իւրաքանչիւր կազմաւորուած հայկական գաղութի մէջ անիկա վերածաղկեցաւ եւ իր առաջնահերթ պարտականութիւնը դարձուց ապագայ իր ղեկավարները պատրաստել: Համախմբեց հայ պատանին եւ անոր տուաւ ազգային դիմագիծ, հայրենիքի սէր, պահանջատիրութեան ոգի, պատուախնդիր հայու նկարագիր, պատկանելիութիւն եւ մասնաւորաբար՝ արժանապատուութեան գիտակցութիւն: Գաղթական հայութիւնը, յատկապէս Կիլիկիայէն, հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ուր լաւապէս կազմակերպուելով՝ սփիւռքեան ակնյայտ կեդրոններու վերածուեցաւ:
1924-ին, Միջին Արեւելքի ՀՄԸՄ-ի առաջին մասնաճիւղը հիմնուեցաւ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Մասնաճիւղը իր սկաուտական եւ մարզական թեւերը ստեղծելէ եւ լաւապէս կազմաւորելէ ետք, 1925-ին, մղիչ ուժ հանդիսացաւ, որ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ մը հիմնուի նաեւ Հալէպի մէջ, Սուրիա: Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ մեծ եռանդ եւ խանդավառութիւն ստեղծած այս մասնաճիւղերը իբրեւ բարի օրինակ ծառայեցին ոչ միայն զոյգ երկիրներու բազմաթիւ քաղաքներուն, այլեւ հարեւան երկիրներուն, ինչպէս՝ Իրաքի, Յորդանանի, Երուսաղէմի եւ այլ բազմաթիւ երկիրներու:
Մարզական եռօրեայ հանդիսութիւններուն ստեղծած խանդավառութիւնը դարձաւ վարակիչ. այս զոյգ երկիրներուն սահմաններէն դուրս ելլելով՝ նոր մասնաճիւղեր հիմնուեցան Յորդանանի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ մինչեւ իսկ Պարսկաստանի մէջ: Այս երկիրներուն մարզական խումբերը, մասնակցելով նշեալ փառատօներուն՝ յաւելեալ փայլք տուին անոնց յաջողութեան:
1929-ին, Պէյրութի մէջ կը գումարուի ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի Պատգամաւորական Ա. ժողովը, իսկ երկրորդը՝ 1931-ին: Այս երկու ժողովները նոր թափ եւ մղում կու տան ՀՄԸՄ-ի միջինարեւելեան գործունէութեան: Այնուհետեւ, հաստատ քայլերով յառաջացող ՀՄԸՄ-ը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան՝ կարեւոր իր ներդրումը կը բերէ նաեւ սփիւռքահայութեան ազգային գոյատեւման ջանքերուն՝ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկայի, Աւստրալիոյ եւ այլուր:
Մեծ ոգեւորութեամբ սկիզբ առած եւ հետզհետէ բազմաթիւ հայահոծ երկիրներու մէջ իր հորիզոնները ընդարձակած ՀՄԸՄ-ի աշխոյժ գործունէութիւնը, դժբախտաբար, իր մեծագոյն հարուածը ստացաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն, որ ոչ միայն ջլատեց Արեւմտեան Եւրոպայի մասնաճիւղերը, այլեւ դէպի համայնավարացած Հայաստան կազմակերպուած ներգաղթով ցնցեց նաեւ Միջին Արեւելքի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը: Ստեղծուած քաղաքական եւ տնտեսական ահաւոր պայմանները տկարացուցին եւ շուքի տակ առին ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մասնաճիւղերը: Իսկ Արեւելեան Եւրոպայի եւ յատկապէս Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ մէջ գործող մասնաճիւղերը, տեղւոյն համայնավար վարիչներու կողմէ հալածանքի ենթարկուեցան, աքսորուեցան հայ ազգային յայտնի դէմքեր, որոնց շարքին նաեւ՝ ՀՄԸՄ-ականներ, եւ այսպիսով փակուեցան Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ մասնաճիւղերը:
Պէտք է ընդգծել, թէ փոթորկալի ներգաղթի ծանօթ շարժումին իբրեւ հետեւանք տկարացած Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը, կրցան յաղթահարել ստեղծուած դժուարութիւնները եւ արագ կազմակերպումով գտնել անցեալի իրենց աշխոյժ գործունէութիւնը: Լիբանանի եւ Սուրիոյ մասնաճիւղերու վերաշխուժացման մեծապէս նպաստեցին ՀՄԸՄական եւ տեղական մարզական, յատկապէս՝ ֆութպոլի մրցումները: ՀՄԸՄ-ի կարգ մը խումբեր նոյնիսկ տիրացան իրենց երկիրներու ախոյեանութեանց:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի արհաւիրքը թօթափած Միջին Արեւելքի մասնաճիւղերը, Ֆութպոլի կողքին, պետական մակարդակի մեծ յաջողութիւններ արձանագրեցին պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի եւ հեծելարշաւի մարզաճիւղերուն մէջ:
Միջին Արեւելքի մէջ ՀՄԸՄ-ին ստեղծած խանդավառութիւնը ոգեւորեց շատ հայկական գաղութներ, սակայն իրողութիւնը նոյնը չեղաւ Պարսկաստանի պարագային, ուր 1950-ին կառավարութիւնը լուծարեց բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնց կարգին կար նաեւ ՀՄԸՄ-ը: Սակայն, աւելի ուշ, Պարսկաստանի մէջ կարելի եղաւ հիմնել անկախ հայկական միութիւն մը՝ Հայ Մշակութային «Արարատ» կազմակերպութիւն (ՀՄԱԿ) անունով, որ մինչեւ օրս մօտէն կը գործակցի ՀՄԸՄի հետ:
1958-ին, Գանատայի նորակազմ հայկական գաղութը հիմը կը դնէ իր առաջին ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին Մոնթրէալի մէջ: Լուրջ աշխատանք կը տարուի նաեւ վերակազմակերպելու Ֆրանսայի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը:
Իսկ արաբական աշխարհին մէջ 60-ական թուականներու ծանօթ իրադարձութիւններուն իբրեւ հետեւանք, Միջին Արեւելքէն մեծ թիւով հայեր կը գաղթեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ Աւստրալիա, ուր ՀՄԸՄ-ի նոր մասնաճիւղեր հիմնեցին: 1965-ին, գաղթական այս հայերուն շնորհիւ կը հիմնուի Աւստրալիոյ առաջին ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը՝ Սիտնիի մէջ, իսկ 1968-ին, Լոս Անճելըսի մէջ կը հիմնուի ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջին մասնաճիւղը:
Հետզհետէ բազմացող ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերով եւ յատկապէս նկատի ունենալով Աւստրալիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ նոր մասնաճիւղերու հիմնումը՝ անհրաժեշտ կը նկատուի ՀՄԸՄ-ը համագաղութային կազմակերպութեան մը վերածելը: Մինչ այդ, ՀՄԸՄի ղեկավարի պաշտօնը կը կատարէր Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութիւնը: Այս իմաստով, Պատգամաւորական Ա. Ընդհ. ժողովը գումարուեցաւ 1974-ին, Պէյրութ, Լիբանան, որուն ՀՄԸՄ-ի 27 մասնաճիւղերէն մասնակցեցան 23 լիազօր պատգամաւորներ, առաւել՝ Թեհրանի «Արարատ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: ՀՄԸՄ-ի բարձրագոյն այս ժողովը հիմը դրաւ ՀՄԸՄ-ի Համագաղութային կառոյցին, վաւերացուց ՀՄԸՄի Ընդհ. Ծրագիր-Կանոնագիրը եւ ընտրեց իր առաջին Կեդրոնական վարչութիւնը:
ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու համագործակցութիւնը զարգացնելու կարեւորութենէն մեկնած, Կեդրոնական վարչութիւնը կազմակերպեց ՀՄԸՄ-ի Ա. Համագաղութային բանակումը՝ Օգոստոս 1978-ին, Քլամարի մէջ, Յունաստան, որուն ՀՄԸՄ-ի 12 շրջաններէն մասնակցեցան 226 արի-արենուշներ: Առաջին այս նախաձեռնութիւնը մեծ եռանդ եւ ոգեւորութիւն ստեղծեց բանակողներուն մէջ, իսկ անոնց միջոցաւ նաեւ՝ շրջաններուն մէջ՝ իբրեւ արդիւնք Բ. Համագաղութային բանակումը կազմակերպուեցաւ Օգոստոս 1980-ին, Ֆրանսա: Այնուհետեւ, այդ բանակումները կը կազմակերպուին չորս տարին անգամ մը: ՀՄԸՄ-ի 5-րդ Համագաղութային բանակումը իրականացաւ Հայաստանի մէջ, իսկ 2002-էն ի վեր՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, որ ՀՄԸՄին նուիրուած է Հայաստանի պետութեան կողմէ:
Սկաուտական ղեկավարութեան մօտ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց նաեւ առաջին անգամ իրականացուող ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Արարատեան կարգի տուչութիւնը: Նոյնքան ոգեւորիչ եւ աշխոյժ եղան ՀՄԸՄի մարզական աշխատանքները: Արդարեւ, Շրջանային մակարդակով կազմակերպուող Լիբանանի ԼԵՎԱՄ-ի (1969-էն սկսեալ) եւ Մայիսեան փառատօները (1978-էն), Արեւմտեան Ամերիկայի ՔԱՀԱՄ-ի (1984-էն) եւ Նաւասարդեան մարզախաղերը (1974-էն) մեծապէս նպաստեցին հայ աշակերտութիւնը ՀՄԸՄ-ին կապելու եւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը կենսունակ պահելու կարեւոր գործին:
ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքը առաւել աշխուժացաւ 1981-ին՝ Գանատայի պասքեթպոլի, վոլիպոլի եւ ֆութպոլի Համագաղութային մրցաշարքերով, որոնք առաւել համախմբեցին ՀՄԸՄ-ի մարզասէր երիտասարդութիւնը մարզական մաքուր շրջապատի մը մէջ: ՀՄԸՄ-ի մարզական խումբերուն մօտ ոգեւորութիւնը բազում շեշտուեցաւ 2009-ին եւ այնուհետեւ չորս տարին անգամ մը Հայաստանի մէջ կազմակերպուող Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերուն շնորհիւ:
Այս բոլորին առընթեր, հայրենիքի ծարաւը կը տանջէր սփիւռքահայութիւնը: ՀՄԸՄ-ի երազանքն էր գործել ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ, բանակիլ Արարատի լանջերուն եւ մրցակցիլ հայրենի մարզադաշտերուն վրայ: 1990-ին այդ երազն ալ իրականացաւ, երբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ՀՄԸՄը վերադարձուց իր հարազատ օճախը՝ նորանկախ հայրենիք:
ՀՄԸՄ-ի Սփիւռքի բոլոր մասնաճիւղերու աշխատանքներուն գլխաւոր առանցքը հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղերուն օգտակար հանդիսանալու հրամայականը, եւ անոնք յաջողեցա՛ն: Արդարեւ, 1995-ին, ՀՄԸՄ-ի Զ. Ընդհ. ժողովին որոշումով, հայրենի ՀՄԸՄ-ը կոչուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն (ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ):
1996-ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը Ֆրանսայի «Հայ Արիներ»էն ետք ստանձնեց համաշխարհային սկաուտութեան մօտ Հայ սկաուտութեան ներկայացուցչութեան ջահը, իսկ 17 Ապրիլ 1997-ին, անիկա պաշտօնապէս մաս կազմեց Համաշխարհային Սկաուտական շարժումին:
Պէտք է ընդգծել, որ հայրենի հողին վրայ կազմակերպուող սկաուտական բանակումներն ու մարզական մրցաշարքերը մեծապէս ոգեւորեցին եւ հայրենի հողին կապեցին ՀՄԸՄական երիտասարդութիւնը: Այս ձեւով, անոնք ծանօթացան իրենց երազած Հայաստանին, անոր յիշարժան վայրերուն, պատմական կոթողներուն եւ հայոց պատմութեան փառահեղ անցեալին՝ ամրացնելով Հայրենիք-Սփիւռք անքակտելի կապը:
Ներկայիս, ՀՄԸՄ-ը ունի 24 շրջաններ, 108 մասնաճիւղեր ու միաւորներ:
ՀՄԸՄ-ը 100 տարիէ ի վեր կը գոյատեւէ, որովհետեւ յստակ առաքելութեամբ ծնունդ առաւ եւ առանց ընկրկումի հետապնդեց իր նպատակները, ի սէր հայ երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութեան: Գործեց եւ պիտի շարունակէ գործել «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» իմաստալից իր նշանաբանով, «Առողջ միտք՝ Առողջ մարմնի մէջ», «Մի՛շտ պատրաստ» եւ «Մեր լաւագոյնը» կարգախօսերով, որոնց ազդեցութիւնը մեծապէս զգալի է մեր սերունդներու կեանքի ճշմարիտ ուղղութեան վրայ՝ հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ: