ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը Հայաստանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Մեր ինքնութեան եւ պետականութեան պահպանումը, երկրի անվտանգութեան ապահովումը պահանջում են ազգային ուժերի եւ գործիչների համախմբում ու միասնական պայքար` ուղղուած գործող իշխանութեանը հեռացնելուն` կանխելու համար ընտրութիւնների անուան տակ նրանց հնարաւոր վերարտադրութիւնը:
«ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 24րդ Գերագոյն ժողովի կողմից տրուած լիազօրութիւնների շրջանակում, տարբեր քաղաքական ուժերի եւ գործիչների հետ ունեցած քննարկումների արդիւնքում անհրաժեշտ է համարել առաջիկայ խորհրդարանական հնարաւոր ընտրութիւններին մասնակցել միասնական ճակատով:
«Հիմք ընդունելով ներկայ քաղաքական իրավիճակին տրուած գնահատականները, ճգնաժամը յաղթահարելու եւ երկիրը զարգացման հուն տեղափոխելու փորձը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ապագայի տեսլականի ընդհանրութիւնները` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը որոշել է.
«ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան հետ հանդէս գալ դաշինքով:
«Դաշինքը պատրաստակամ է ստանձնել ամբողջական պատասխանատուութիւն` համազգային միասնականութեամբ եւ համատեղ ջանքերով ձեւաւորել նոր որակի իշխանութիւն, լուծել երկրի առջեւ ծառացած լրջագոյն մարտահրաւէրները, կասեցնել պետականութեան փլուզումը, կերտել Հայաստանի երաշխաւորուած ապագան»:
Իր կարգին, «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը 6 Մայիսին յայտարարեց, որ՝ նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած օրհասական վիճակը, մեկնելով գաղափարակից եւ համախոհ քաղաքական ուժերուն հետ միասնաբար հանդէս գալու անհրաժեշտութենէն` որոշեց ընտրութիւններուն մասնակցիլ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետ նախընտրական դաշինքով, զոր պիտի գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը քաղաքական այս համագործակցութեան մեկնարկը կատարելու համար հրաւիրեցին «Միացի՛ր, մասնակցիր պատմութեան կերտմանը» խորագիրով յաղթանակի օրը` 9 Մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 4ին: