Երեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր նիստին ընթացքին քննարկեց օր մը առաջ գումարուած կառավարութեան նիստին ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանի մասնակցութեան հարցը:
Այս զարգացումներուն լոյսին տակ եւ նկատի ունենալով, որ Ճ. Պուչիքեան յանձնառու չէ եղած նիստին չմասնակցելու Կեդրոնական կոմիտէին տուած որոշումին, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց, որ Ճորճ Պուչիքեան այսուհետեւ մաս չի կազմեր Հայկական երեսփոխանական պլոքին:
Հետեւաբար Ճ. Պուչիքեանի կողմէ որդեգրուած որեւէ կեցուածք կամ արտայայտութիւն միայն ինքզինք կը ներկայացնէ: