ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ երեկոյեան այցելեցին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Այցելութեան պահուն պատահեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումը:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այն պահուն, երբ Հարիրի յայտնեց, թէ ինք յանձնառու է Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն միասնականութեան, երկրին գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի բոլոր անդամներուն ու Ռաֆիք Հարիրիի սիրահարներուն թելադրած է հսկել երկրին ապահովութեան ու խաղաղութեան` 7 օգոստոսի վճիռին յայտարարութեան վերաբերեալ, պատահեցաւ պայթումը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք կը վախնա՞յ Լիբանանի ապահովական կացութեան վրայ, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ես կը վախնամ Լիբանանի վրայ»: