Երէկ` ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Համշէնը անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկներում» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ քարոզչական մարմինին:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան ըսաւ, թէ վերջին տարիներուն համշէնահայութեան հիմնախնդիրները դարձած են առօրեայ խնդիրներու քննարկման անբաժան մէկ մասնիկը: Ապա նշեց, որ Համշէնի մասին տեղեկութիւններու բացայայտման առնչութեամբ իր մեծ դերը ունեցած է բանասէր Լուսինէ Սահակեան, որ պատրաստած է «Համշէնը անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկներում» ժապաւէնը, որուն մէջ ներկայացուած է 18-րդ դարու Օսմանեան կայսրութեան մէջ ներկայ վիճակը բռնի իսլամացած համշէնահայութեան սերունդներուն, որոնք այսօր գլխաւորաբար կ՛ապրին Ռիզէ, Էրզրում եւ Արդուին նահանգներուն մէջ:
Վաւերագրական ժապաւէնը 2012-ին Հոլիվուտի «Արփա» միջազգային փառատօնին մրցանակի արժանացած է եւ մասնակցած նաեւ «Ոսկիէ ծիրան», «Նուռ» եւ այլ փառատօններու:
Խօսք առաւ ժապաւէնի հեղինակ Լուսինէ Սահակեան: Ան ըսաւ, որ իր երազանքը իրականանալով գտնուած է Համշէն եւ ծանօթացած իրավիճակին: Երեք տարիներու աշխատանքին շնորհիւ ուսումնասիրած է տարածքը, գիւղ-գիւղ, լեռներն ու քաղաքները շրջած եւ յաջողած է հաւաքել բազմաթիւ փաստեր ու վաւերագրական տեղեկութիւններ: Ան ըսաւ, թէ աշխատած է անաչառօրէն ներկայացնել համշէնցին իր իսկ միջավայրին մէջ: Ժապաւէնի ցուցադրութենէն եւ գիրքերու հրատարակութենէն ետք ան ենթարկուած է հակայարձակումի թրքական կողմէն` աղաւաղելու պատմական իրականութիւնները: Լուսինէ Սահակեան ըսաւ, թէ Արդուինի, էրզրումի եւ Ռիզէի տարածքներու համշէնցիներու կերպարները անձամբ կ՛արտայատուին: Բռնի իսլամացածներու որոշ տոկոս մը մոռցած է Համշէնի բարբառը, բայց շնորհիւ իր պնդումներուն կրցած է տեղանուններու եւ այլ բառերու պրպտումներէն յայտնաբերել իրականութիւնը:
Ան նշեց, որ ժապաւէնը կը սկսի ձայնային կանչերով` խրխնջոցներով, որոնք կը գործածուին հաղորդակցելու համար տարածութեան մէջ: Ժապաւէնին մէջ անդրադարձ կայ Համշէնի իգական յատուկ տարազին, փուշիին, անոնց մշակոյթին, բարբառային արտայայտութիւններուն, կենցաղին: Ան հաստատեց, որ այցելութենէն ամէնէն շատ տպաւորուած է Եղնովիտ Խաչեքարի վանքէն մնացած քանի մը քարերով եւ քարակոյտերով:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած ժապաւէնը կը խօսի Ռիզէ եւ Արդուին նահանգներուն մէջ համշէնցիներու պարերուն, երաժշտութեան, բարբառին, բանահիւսութեան, հաւատալիքներուն, համշէնցիներու առօրեայ կենցաղին ու մանաւանդ խոհանոցին:
Աւարտին Երեւանի պետական համալսարանի պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան: Ան ըսաւ, թէ պատուիրակութիւնը շնորհիւ այցելութեան յաջողեցաւ հանդիպիլ աւելի քան 200 երիտասարդներու հետ եւ խօսիլ կրթական ծրագիրի մասին: Վերջին 4 տարիներու աշխատանքին շնորհիւ լիբանանահայ 4 ուսանողներ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կը հետեւին հայրենագիտական ճիւղին: Ան նշեց, որ պատուիրակութիւնը յաջողած է այցելել մօտ 11 դպրոցներ, որոնց պիտի մատակարարուի մասնագիտական գրականութիւն: Ան կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն եւ մասնագէտներուն օգտուելու առիթէն` մասնակցելով սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացքներուն:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաներուն տրամադրուեցաւ ցուցադրուած ժապաւէնը: