ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ- ԼՈՆՏՈՆ
(*Հեռաւոր Արևելք»ի մէջ ներառնուած են հետևալ երկիրները՝Հնդկաստան, Պրմաստան, Մալեզիա, Ինտոնեզիա, Սինկափուր, Չինաստան։)
«Երեբունի» էլեկրոնային թերթի 5 Նոյեմբեր, 2022 թիւին մէջ հրատարակուեցաւ Յակոբ Միքայէլեանի «Հնդկաստանի Հայոց Մարդասիրական Ճեմարանը» յօդուածը, ուր հեղինակը անդրադաձած է նաև մեծահարուստ հնդկահայ վաճառականներու կտակներուն։
Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, տեղեկութիւններ սկսան շրջագայիլ, ըստ որոնց, Հնդկաստանի մէջ յայտնաբերուած էին մեծահարուստ հայ վաճառականներու տասնեակ միլիոն սթերլինկ գնահատուող կտկները, որոնք պահ դրուած էին անգլիական դրամատուներու մէջ։
1950-ական թուականներուն, «Պուլպուլեան» մականունով հնդկահայ վաճառականի մը «կտակ»-ին գիւտը մեծ աղմուկ բարձրացուց, յատկապէս Միջին Արևելքի մէջ։
Այդ կտակներուն ակնարկելով, Միքայէլեան կը գրէ.
«Այստեղ կրկին հարց կը ծագի՝ որո՞նք ժառանգեցին այդ վաճառականներուն հարստութիւնները, որոնք դիզուած էին անգլիական դրամատուներուն մէջ, թէ՞ աստղաբաշխական գումարներու հասած այդ գումարները անժառանգ մնալով կուլ գացին օտարներուն, ո՞վ գիտէ»։
Ուրիշ պարբերութեան մը մէջ ան դիտել կու տայ.
«Տարիներ առաջ, օտար փաստաբանական ընկերութիւն մը փորձեց ժառանգորդները գտնել հնդկահայ մեծահարուստի մը, որուն ունեցուածքը անգլիական դրամատան մը մէջ 200 տարի ետք, աստղաբաշխական գումարներու հասած էր, ժառանգորդներ սկսան մէջտեղ գալ, սակայն քանի մը շաբաթ ետք, փակուեցաւ հարցը, մէջտղեղէն չքացան հարցը հետապնդող անձն ու հաստատութիւնն ալ։ Ո՞վ գիտէ ինչ իւղոտ պատառ դրուեցաւ այդ ընկերութեան բերանը»։
1930-ական թուականներու կէսերուն, Կալկաթայի հայոց Նազարէթայ Ս. եկեղեցին կարևոր թիւով նամակներ ստացած ըլլալով տարբեր երկիրներու մէջ ապրող «նորայայտ կտակներու ժառանգորդներէն», դիմած էր Մեսրոպ Սեթին (Սեթյան), այդ կտակներու մասին տեղեկագիր մը պատրաստելու խնդրանքով։
Քիչ ետք կ’անդրադառնանք Մեսրոպ Սեթին և իր պատրաստած տեղեկագրին։
Վերադառնալով Միքայէլեանի յօդուածին, կրնանք զինք վստահեցնել, որ ոչ ոք «իւղոտ պատառ» դրած է «այդ ընկերութեան բերանը», քանի որ իր ակնարկած մտացածին «իրաւաբանական ընկերութիւնը» գոյութիւն ունէր միայն ինքնակոչ «փաստաբան»ին այցետոմսին վրայ։
Միքայէլեանի ակնարկութիւնը անշուշտ կը վերաբերի «Պուլպուլեան կտակին…։»
Ո՞վ էր այդ «ինքնակոչ իրաւաբանը»։
1950-ական թուականներուն Միջին Արևելքէն եկած և Հնդկաստանի Պոմպէյ քաղաքին մէջ բնակութիւն հաստատած, Սեդրակ Աբգարեան անունով արկածախնդիր մը՝ որ ինքն իրեն «իրաւաբանի կոչում» շնորհած էր, իր նենգամիտ ծրագրերը իրագործելու նպատակով։
Իր նախորդներու օրինակին հետևելով՝ Աբգարեան «Պուլպուլեան կտակի առասպելը» հերիւրելէ ետք, տարբեր երկիրներու մէջ պուլպուլեաններ յայտնաբերած էր և անոնց հաղորդած՝ բարի լուրը, ըստ որում՝ «իրենց ազգականը», մատրասաբնակ մեծահարուստ վաճառական մը, տարիներ առաջ ի նպաստ իրեց կտակ մը ձգած էր, որ ներկայիս տասնեակ միլիոն սթերլինկ կը գնահատուէր…։ «Աբգարեան Իրաւաբանական Ընկերութիւն»-ը միայն վերջերս տեղեկացած էր վերոյիշեալ կտակի մասին, Հնդկաստանի ժառանգական հարցերու պատասխնատու պետական գրասենեակի հաղորդագրութենէն…։ Աբգարեան պատրաստակամութիւն կը յայտնէր «իր ընկերութեան» միջոցաւ հարկ եղած իրաւաբանական աշխատանքները կատարել հաստատելու համար, որ իրենք են խնդրոյ առարկայ կտակին ժառանգորդները։ Բնական է, նման կարևոր աշխատանք մը գլուխ հանելու համար, անհրաժեշտ էր հնդիկ պետական պատասխանատու պաշտօնեաներուն կարևոր գումար մը «նուիրել». այլ խօսքով՝ կաշառել զիրենք…։
«Պուլպուլեան կտակի ժառանգորդներէն» երկուքը ճանչնալու առիթն ունեցայ 1960-ին, Հալէպի մէջ, ուր Հնդկաստանէն արձակուրդով գացած էի ծնողքս տեսնելու։ Այդ տարիներուն (1957-1964) կը պաշտօնավարէի Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրականին մէջ, որպէս հայագիտական նիւթերու ուսուցիչ ։
Եղբօրս ծանօթներէն երկու պուլպուլեաններ, ամուսին և կին՝ հանդիպում մը ունեցան հետս և խնդրեցին, որ օգնեմ իրենց «Պուլպուլեան նորայայտ կտակ»ով իրենց ժառանգուած դրամին գանձումը իրականացնելու աշխատանքին մէջ, որուն դիմաց պատրաստ էին մեծ գումար մը վճարել ինծի, երբ գործը հասնէր իր յաջող աւարտին։
Մեր հանդիպման ընթացքին պարզուեցաւ որ Հալէպի Պուլպուլեանները, որպէս կանխավճար արդէն որոշ գումար մը ղրկած էին «հնդկահայ փաստաբանին»…։
Փորձեցինք համոզել զիրենք որ նման կտակ մը գոյութիւն չունէր և խորհուրդ տուիք՝ որպէսզի «մտացածին» կտակի մը հաշւոյն իզուր դրամ չծախսէին…։
Հաւանաբար, Աբգարեան տարբեր երկիրներ ապրող ուրիշ «ժառանգորդներ»է ևս յաջողեցած էր «կանխավճարներ» գանձել…։
***
Ըստ մեր խոստումին, ստորև կու տանք կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններ Մեսրոպ Սեթի մասին։
Մեսրոպ Սեթեան կամ Սեթ ծնած է Նոր Ջուղա, 1871-ին։ Ուսումը ստացած է Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրականին մէջ։ Անուանի պատմաբան, հնագէտ, գրաբարագէտ, բազմաթիւ պատմա-բանասիրական աշխատութիւններու հեղինակ Մեսրոպ Սեթեանի գլուխ-գործոցը «Armenians in India” (Հայերը Հնդկաստանի մէջ) ծաւալուն գիրքն է, որ ամենէն արժէքաւոր ու վաւերական աղբիւրն է հնդկահայոց պատմութեան ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ։ Սեթեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հնդկահայ գաղութի պատմութեան, մշակութային բեկորներու հաւաքման և ուսումնասիրութեան աշխատանքին։ Ան անձամբ այցելած է Հնդկաստանի հայկական բոլոր համայնքները, ինչպէս նաև այն շրջանները, ուր անցեալին գոյութիւն ունեցած են հայ համայնքներ։ Սեթեան «Հայերը Հնդկաստանի մէջ» գրքին վրայ աւելի քան քառասուն տարի աշխատած է։ Ան բծախնդրօրէն ուսումնասիրած է հնդկահայ բոլոր եկեղեցիներու և հաստատութիւններու արխիւները, ինչպէս նաև հնդկահայերու վերաբերեալ հնդկական և անգլիական աղբիւրները։ Ան գրի առած և ուսումնասիրած է նաև Հնդկաստանի հայկական բոլոր գերեզմանաքարերու դամբանագրերը։
Որպէս անուանի պատմաբան և հնագէտ՝ Սեթեան անդամ ընտրուած է կարգ մը համբաւաւոր միջազգային ակադեմական ընկերութիւններու և հաստատութիւններու։
«Կտակներու» վերաբերեալ իր պատրաստած անգլերէն տեղեկագիրը Սեթեան աւարտած է հետևեալ եզրափակիչ պարբերութեամբ, որ յաւելեալ բացատրութեան չի կարօտիր.
« Շուրջ յիսուն տարի ուսումնասիրած եմ հնդկահայոց պատմութիւնը, հայկական գերեզմաններն ու յուշարձանները, հայկական եկեղեցիներու արխիւները, ինչպէս նաև հայերու վերաբերեալ հնդկական և անգլիական աղբիւրները, բայց ո‘չ միայն նման կտակներ չեմ յայտնաբերած, այլ նոյնիսկ անոնց մասին որևէ ակնար չեմ կարդացած…։»
Անգոյ կտակներու մասին այսքան…։
***
ՊԱՄԱԿԱՆ ՀԱԿԻՐՃ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԵՌԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Նախաբան
Պատմական վերիվայրումներու հետևանքով, Հայաստանէն արտագաղթած՝ երբեմն ալ բռագաղթով տեղատեղափոխուած են հարիւր հազարաւոր հայեր տարբեր ժամանակաշրջաններուն, տարբեր վայրեր։
4-րդ դարու աւարտէն սկսած, մեծ թիւով հայեր գաղթած են Բիւզանդական Կայսրութեան տարբեր շրջանները։ Հայ գաղթականութեան այդ հոսանքը առանց ընդմիջումի շարունակուած է մինչև 13-րդ դար։ Հայերը Բիւզանդական Կայսրութեան մէջ ստեղծած են ստուար բնակչութեամբ համայնքներ, որոնք կայսրութեան տաուած են քաղաքական, զինւորական, տնտեսական,
և այլ բնագաւառներու մէջ բազմաթիւ համբաւաւոր ներկայացուցիչներ ։ Յոյներէն յետոյ՝ Բիւզանդիոնի բնակչութեան մեծ մասը բաղկացած էր հայերէ։ Այդ ժամանակաշրջանին կայսրութեան մէջ հայկական ծագումով շուրջ երեսուն կայսրեր և հարիւրաւոր զօրահրամանատարներ եղած են։
Հայերը 11-րդ դարուն, Բիւզանդական Կայսրութեան արևելեան շրջանին մէջ հիմնեցին Կիլիկիոյ Հայկական Թաաւորութիւնը, որ իր գոյութիւնը պահեց մինչև 1375թ. ։
Հայ-իրանական կապերը սկսած են պարսկական պետականութեան կազմաւորման շրջանին, Ն.Ք. 6-րդ դարուն ։ Այդ շրջանին, Պարսկաստան ապրող հայերը գլխաւորաբար մաս կը կազմէին հայկական զօրամասերու, որոնք կը ծառայէին Աքեմենեան պետութեան բանակին: Աւելի ուշ՝ մեծ թիւով հայ վաճառականներ բռնագաղթով տարուած են Պարսկաստան։ Բռնագաղթեր տեղի ունեցած են նաև Յ.Ք. 3-րդ և 4-րդ դարերուն։ Հայ պատմիչներու վկայությամբ ՝այդ ժամանակաշրջանին բռնագաղթով Պարսկաստան տարուած են մի քանի հարիւր հազար հայեր։
7-րդ դարու սկիզբը, երբ արաբները գրաւեցին Պարսկաստանը, պարսիկներու հետ՝ պարսկահայերն ալ ընդունեցան մահմետականութիւնը, որուն իբրև հետևանք՝ անոնք կորսնցուցին իրենց ազգային դիմագիծը և ձուլուեցան պարսիկներու մէջ։
Բռնագաղթը շարունակուած է նաեւ Լենկ Թեմուրի արշաւանքներու ժամանակ, (1386-1399), երբ մեծ թիւով հայեր տարուած են Խորասան:
Հնդկաստանի և Հ. Արևելքի միւս երկիրներուն հետ հայ վաճառականներու առևտրական կապը տասնեակ դարերու պատմութիւն ունի։ Մինչև 16-դար, ուրիշ երկիրներու շարքին, հայ վաճառականները կանոնաւորաբար ճամբորդած են նաև Հ. Արևելելքի առևտրական կեդրոնները, բայց բնակութիւն չեն հաստատած։
1603-1612 տարիներուն Պարսկաստանի և Օսմանեան Կայսրութեան միջև տեղի ունեցած պատերազմի ընթացքին, Պարսկաստան վերահաստատեց իր գերիշխանութիւնը Կովկասի և Արևմտեան Պարսկաստանի վրայ, որոնք 1590-ին ստորագրուած Կոնսդանուպոլսոյ դաշնագրով, յանձնուած էին Թուրքիոյ ։
Պարսիկներու կողմէ Երևանի գրաւումէն յետոյ, 1604 թ.ի վերջաւորութեան,
թրքական բանակը անցաւ հակահարձակման։ Շահ Աբբաս զգալով հակառակորդի գերակշիռ ոյժը, որոշեց ժամանակաւոր նահանջել Հայաստանէն։ Ծանօթ ըլլալով Նախիջևանի՝ յատկապէս Ջուլֆա (Ջուղա) քաղաքի հայ բնակչութեան միջազգային առևտուրի, արհեստներու՝ յատկապէս ոսկերչութեան, գորգագործութեան և կերպասագործութեան մէջ արձանագրած յաջողութիւններուն, հարիւր հազարաւոր հայեր բռնագաղթով տեղափոխեց Պարսկաստան և բնակեցուց Իսպահանի մօտակայքը, ուր եկւորները կառուցեցին Նոր Ջուղա քաղաքը։
Ըստ Առաքել Դավրիժեցի պատմիչին, Շահ Աբբասի բռնագաղթէն առաջ, Սպահանի մէջ արդէն գոյութիւն ունէր հայ համայնք մը, որու մասին կը վկայեն 16-րդ դարու եւրոպացի ճանապարհորդները իրենց ուղեգրութիւններուն մէջ, ուր տեղեկութիւններ կան Սպահան հաստատուած հայ առեւտրականներու եւ արհեստաւորներու գործունէութեան մասին:
Իր առաջադրութիւնները իրագործելու նպատակով, Շահ Աբբաս հայերուն բազմաթիւ մենաշնորհներ և իրաւունքներ տուած է։ Նոր Ջուղան շուտով դարձած է միջազգային առևտուրի, արհեստներու, ինչպէս նաև հայ մշակոյթի կենդրոն։ 1617-ին, Շահը մետաքսի վաճառքի մենաշնորհը տուած է հայերուն, չեղեալ յայտարարելով անգլիացիներուն հետ կնքած առևտրական պայմանագիրը։
Նոր Ջուղայի հայ վաճառականներէն շատեր, որոնք արդէն առևտրական կապեր հաստած էին Հ. Արևելքի զանազան երկիրներուն հետ, 17-18-դարերուն սկսան հաստատուիլ Հնդկաստան, Պրմաստան, Ինտոնեզիա, Սինկափուր, Չինաստան և այլ երկիրեր, ուր կազմեցին համայնքներ, կառուցեցին եկեղեցիներ, դպրոցներ, հիմնեցին տպարան, հրատարակեցին հայերէն և օտար լեզուներով գիրքեր և թերթեր։
Եթէ հաշուի չառնենք Աւստրալիայի և Նոր Զելանտայի համեմատաբար նոր հայկական գաղութները, այսօր Հ. Արևելքի քաղաքներէն միայն Կալկաթայի մէջ գոյութիւն ունի փքրիկ հայ համայնք մը, ուր Նազարէթայ Ս. Եկեղեցին, բացի հասութաբեր կալուածներէ՝ ունի նաև կտակներէ ստացուած մեծ եկամուտ։ Անոնցմէ յիշենք միայն Sir Paul Chater-ի (Պօղոս Խաչիկ Աստուածտուրեան), կտակը, որ տարեկան 2-3 միլիոն տոլար եկամուտ կը բերէ եկեղեցիին, որ իր ունեցած հսկայ հարստութեամբ կը հոգայ «Պօղոս Խաչիկ Աստուածատուրեան» (Sir Paul Chater Home) Ծերանոցի, Հայոց Մարդասիրական Ճեմարանի, հայկական եկեղեցիներու, գերեզանոցներու և համայնքի բարելաւման հետ կապուած այլ ծրագրերու ծախսերը։
Տեղին է նշել որ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան և Հնդկաստանի միջև դիւանագիտական կապ հաստատուեցաւ, Կալկաթայի հայոց եկեղեցւոյ նուիրատուութեամբ, շուրջ չորս միլիոն սթերլինկ արժողութեամբ ՀՀ Դեսպանատունը կառուցուեցաւ Տեհլիի մէջ։
***
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ
Հայ-հնդկական կապերու մասին հնագոյն յիշատակութիւնը կը գտնուի Քսենեֆոնի (Ն. Ք․430-350) Կիւրոփետիա աշխատութեան մէջ, ըստ որում՝ հայերը յաճախ ճամբորդած ըլլալով Հնդկաստան՝ քաջատեղեակ եղած են ցամաքային ճամբաներուն, երկրի աշխարհագրութեան, ընկերային-մշակութային միջավայրին և տնտեսական կեանքին։
Ըստ Դ. դարու պատմիչ Զենոբ Գլակի, Ն. Ք. 2-րդ դարուն, երկու հնդիկ իշխաններու թագաւորին դէմ կազմակերպած ապստամբութիւնը ձախողած ըլլալով՝ իրենց ընտանիքներով և բանակներով երկրէն հեռացած են և եկած Հայաստան՝ ուր հայոց թագաւորի արտօնութեամբ և օգնութեամբ հաստատուած են Տարօն գաւառի մէջ։
Թէև հայ հնդկական կապերը հին են, բայց հայկական առաջին համայնքը կազմաւորուած է Հնդկաստան մէջ 16-րդ դարուն, Մողոլ Կայսր Աքպար Մեծի գահակալութեան շրջանին։ Այնուհետև հայ համայնքներ սկսած են կազմաւորուիլ Հնդկաստանի զանազան շրջաններուն մէջ, ինչպէս Սուրաթ, Պոմպէյ, Լահոր, Տեհլի, Լաքնա, Հայտարապատ, Մատրաս, Կալկաթա, Սայտապատ, Չինսուրա, Տաքքա ևայլն։
Ապքար Մեծ և միւս մոնղոլ կայսրերը, ինչպէս նաև հետագային անգլիական East India առևտրական հզօր ընկերութիւնը, մասնաւոր իրաւունքներ և մենաշնորհներ տուած են հայ վաճառականներուն և արհեստաւորներուն։
Ագրա
Ագրան մայրաքաղաքն էր Հնդկաստանի Մողոլ Կայսրութեան (չշփոթել Մոնկոլ Կայսրութեան հետ)։ 16-19-րդ դարերուն, շուրջ երկու հարիւր տարի Մողոլ Կայսրութիւնը իշխեց, բացի Հնդկաստանէն՝ նաև հարաւային Ասիոյ երկիրներու մեծ մասին վրայ։
17-18-րդ դարերուն Ագրա հաստատուած էին մեծ թիւով հայ վաճառականներ, որոնք կը զբաղուէին թանկարժէք քարերու, մետաքսի և համեմներու առևտուրով։
Ըստ պատմաբան Մեսրոպ Սեթի՝ Աքպար Մեծ Կայսրը Քաշմիրի մէջ Յակոբ անունով հայ վաճառականի մը հանդիպած էր և որդեգրած՝ անոր խոստումնալից պատանի որդին։ Այս եզակի որդեգրութիւնը տեղի ունեցած էր Աքպարի որդւոյն, Ճեհանկիրի ծնունդէն (1570թ.) տարիներ առաջ։ Կայսրը Ճեհանկիրի ծնունդը վերագրած էր հայերու Ագրա հաստատուելուն և իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար, 1562-ին, իր ծախսով հայկական եկեղեցի մը կառուցած էր մայրաքաղաքին մէջ։
Հետագային, Աքպար Մեծ Մարիամ անունով հայուհի մը ընտրեց որպէս իր թագուհիներէն մէկը և Ապտուլ Հայը նշանակեց՝ երկրի գլխաւոր դատախազը։ Աքպար, մեծ համակրանք ունէր հայերու հանդէպ և վստահութիւն՝ անոնց վրայ։ Այդ էր պատճառը, որ ան Ճուլիա անունով հայ բժշկուհի մը ընտրեց, որպէս իր ընտանիքին և հարեմին բժշկուհին։ Հետագային՝ Աքպարի կարգադրութեամբ Ժուլիան ամուսնացաւ ֆրանսացի իշխան Ժան Ֆիլիփ Պուրպոնի հետ։ Ճուլիան և Ֆիլիփը թաղուեցան Ագրայի հայոց եկեղեցիին մէջ։
18-րդ դարու վերջաւորութեան, երբ Ագրան իր առևտրական կարևորութիւնը կորսնցուց, հայերը տեղափոխուեցան Պոմպէյ, ուր արդէն 17-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ գոյութիւն ունէր հայկական առևտրական համայնք մը։
Ագրայի երբեմնի բարգաւաճ համայնքին որպէս վկայ՝ այսօր մնացած է միայն գերեզմանոցը, ուր թաղուած են աւելի քան հարիւր տասը հոգի, ներառեալ ութ հոգևորական, 1611-1927 տարիներուն։.
Կալկաթա
17-րդ դարու աւարտին Կալկաթան դարձած էր արդէն առևտրական կարևոր կեդրոն մը, ուր Հնդկաստանի տարբեր շրջաններէն հայ վաճառականներ սկսած էին հաստուիլ։ Կալկաթայի մէջ արդէն կար փոքրիկ համայնք մը, որ ունէր իր սեպհական գերզմանոցը, ուր 1707 թ.ին, կառուցուեցաւ Սուրբ Յովհաննէս փայտաշէն մատուռը։
1724-ին, հայ վաճառական Աղայ Նազարի (Նազարէթ) անխոնջ ջանքերով և նուրատուութեանբ, ինչպէս նաև համայնքի օժանդակութեամբ, փայտաշէն մատուռը վերակառուցուեցաւ որպէս քարաշէն եկեղեցի։ Տրուած ըլլալով որ Կալկաթայէն ոչ շատ հեռու՝ Չինսուրայի մէջ արդէն գոյութիւն ունէր Ս. Յովհաննէսը, նորակառոյց եկեղեցին վերանուանուեցաւ «Հայոց Նազարեթայ Սուրբ Եկեղեցի», բարերարին, Աղա Նազարի անունով։
1734ին, Մանուէլ Հազարմալեանի բարերարութեամբ կառուցուեցան եկեղեցւոյ աշտարակն ու զանգակատունը ։
Խաչիկ Առաքել 1790-ին նուիրեց Եկեղեցւոյ աշտարակին ժամացոյցը, կառուցեց երկյարկանի հովատունը և եկեղեցին պարսպապատեց։
1906 թ. ին, Յարութիւն Գրիգոր Աբգարի նուիրատուութեամբ հովատան վրայ յարկ մը ևս կառուցուեաւ։
Շնորհիւ Աբգար ընտանիքի, Sir Catchik Paul Chater-ի, Թադէոս Մեսրոպ Թադէոսի և այլոց իշխանական նուիրատուութեանց, Նազարէթայ Ս. Եկեղեցին այսօր աշխարհի ամենէն հարուս հայ եկեղեցիներէն մէկն է, եթէ ոչ՝ ամենահարուստը։
Բացի Նազարէթայ Ս. Եկեղեցիէն, Կալկաթայի մէջ կան նաև հետևեալ եկեղեցապատկան և ազգապատկան հաստատութիւնները։
Թանկրայի (Tangra) Սուրբ Երրորդութիւն մատուռը
1867-ին, Կալկաթայի եկեղեցւոյ վարչութիւնը քաղաքի Թանկրա կոչուած շրջանին մէջ ընդարձակ հողամաս մը գնեց, ուր արդէն գոյութիւն ունէր շէնք մը, որ որոշ փոփոխութիւններով վերածուեցաւ մատուռի և անուանուեցաւ Սուրբ Երրորդութիւն։ Մատուռը շրջապատող տարածութիւնը գործածուեցաւ որպէս գերեզանոց։
Փարք Սըրքըսի (Park Circus) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին
1906-ին, Lower Circular փողոցի վրայ եկեղեցւոյ վարչութիւնը հողասմաս մը գնեց, որուն վրայ կառուցուեցաւ գերեզմանատան յարակից վերոյիշեալ եկեղեցին։
Գերեզմանոցներ
Կալկաթահայերը թաղուած են հետևեալ գերեզմանոցներու մէջ։
Նազարէթայ Ս. Եկեղեցւոյ գերեզմանոցը
Կը գտնուի եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ, ուր տեղի չգոյութեան պատճառով, այլևս թաղում չի կատարուիր։
Քոլութոլլայի գերեզմանոցը
Գերեզմանոցին սեպհականատէրը Նազարէթայ Ս. եկեղեցին է։ Հոն ևս նոր թաղում չի կատարուիր։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից գերազմանոցը
Կը պատկանի Քրիստոնէական Թաղման Վարչութեան, որ գերեզմանոցի մէջ բաժին մը տրամադրած է հայ համայնքին։ Տեղի չգոյութեան պատճառով, այս գերեզմատան մէջ ևս նոր թաղում չի կատարուիր ։
Թոլիկանճի գերեզմանոցը
Այս գերեզմանոցին մէջ ևս Քրիստոնէական Թաղման Վարչութիւնը հայ համայնքին տրամադրած է բաժին մը։
Թանկրայի գերեզմանոցը
Սեպհականատէրը հայ եկեղեցին է և տակաւին կը գործածուի, որպէս գերեզմանոց։
Պօղոս Աստուածատուրեան Տուն
Մինչև 1955 թուականը, հայ եկեղեցւոյ թոշակառուները բնակարանով կ’ապահովուէին քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ։ 1955-ին, եկեղեցւոյ վարչութիւնը կառուցեց երեք յարկանի շէնք մը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից և զայն անուանեց՝ «Պօղոս Աստուածատուրեան Տուն» (Sir Paul Chater Home) նուիրուած մեծ բարերարի յիշատակին, որ հսկայ գումար մը կտակած է եկեղեցիին։ «Պ. Ա. Տուն»ը ունի արդիական բոլոր յարմարոթիւնները, որուն բնակիչները բացի ձրի սենեակէ, կը ստանան նաև սնունդ և ամսական թոշակ։
Հայոց Մարդասիրական Ճեմարան
Աստուածատուր Մուրատխանեան, Նոր Ջուղա ծնած հայ վաճառականը, 1797-ին 8000 հնդկական ռուբի կտակեց ի նպաստ դպրոց մը հաստատելու ծրագրին։ Հետագային, ուրիշ ջուղայեցի առևտրական մը Մնացական Վարդանեան, Հնդկաստանի Սայտապատ քաղաքի բնակիչ, 1816-ին «Հրաւիրակ» խորագրով կոչ մը հրատարակեց, քաջալերելով իր հայրենակիցները, որպէսզի հայկական դպրոց մը հիմնելու նպատակով իր սկսած հանգանակութեան մասնակցին։ Հանգանակութենէն գոյացաւ աւելի քան 50,000 րուբի, որ գումարուելով Մուրատխանեանի նուիրած 8000 ռուբիին վրայ, ստեղծեց պատկառելի հիմնադրամ մը, որով 2 Ապրիլ, 1821-ին հիմնուեցաւ Հ. Մ. Ճեմարանը։
Ճեմարանը, որ կը գտնուէր եկեղեցւոյ կից, Old China Bazar փողոցի վրայ, 1884-ին տեղափոխուեցաւ 56B, Free School Street փողոցը, որ կը գտնուի կեդրոնական Կալկաթայի մէջ։
1969-ին, քաղաքապետարանի որոշումով, ճեմարանի հասցէն վերանուանուեցաւ Mirza Ghalib Փողոց։
Հ. Մ. Ճեմարանը, որ 2021-ին նշեց իր 200-ամեակը, երկու դար ձրի ուսում տուած է հնդկաստանի տարբեր շրջաններէն, Պարսկաստանէն, Իրաքէն և Հ. Արևելքի տարբեր երկիրներէն եկած հայ ուսանողներուն։
1999-ին, Կալկաթայի Գերագոյն Դատարանի որոշումով Հ. Մ. Ճեմարանը դրուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի խնամակալութեան և վարչական լիազօրութեան ներքոյ։
Կարևոր է գիտնալ՝ թէ ինչո՞ւ առնուեցաւ այդ քայլը և ի՞նչ հիման վրայ հնդկական դատարանը տուաւ իր որոշումը, որ կրնայ հետագային նախընթաց մը համարուիլ իրաւական մարմիններու կողմէ նման հարցեր որոշելու համար։
Մեր կողմէ եղած կարգ մը հաստատումներ կրնան հաճելի չթուալ ոմանց, բայց ճշմարտութիւնը վարագուրելը մեր բառարանին մէջ երբէք տեղ չէ ունեցած և չի կրնար ունենալ։
1990-ական թուականներու երկրորդ կէսին, Հ. Մ. Ճեմարանի մէջ գրեթէ ուսանող չէր մնացած և դպրոցը փակուելու՝ նոյնիսկ վաճառուելու վտանգի սեմին կը գտնուէր։ Կարգ մը անպարկեշտ անհատներու կողմէ ստեղծուած այդ քաոսային վիճակին առաջքն առնելու առաջադրութեամբ, Լոնտոնի մէջ խումբ մը հնդկահայեր և ճեմարանի նախկին աշակերտներ կազմեցին «Հնդկաստանի Հայ Եկեղեցիներու և Դպրոցներու Պաշտպանութեան Մարմին»ը, որ մեզ՝ որպէս Ճեմարանի նախկին ուսուցիչ՝ ընտրեց ատենապետ, ճեմարանաւարտ Հերոս Աւետումը՝ փոխ-ատենապետ և կալկաթահայ իրաւաբան Ճինէթ Տէյվիտը (Ժանէթ Դաւթեան)՝ քարտուղար։
Նորակազմ մարմինը որոշեց դիմել Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին և խնդրել Նորին Սրբութենէն, որպէսզի լիազօրէ «Հնդկաստանի Հայ Եկեղեցիներու և Դպրոցներու Պաշտպանութեան Մարմին»ը դիմելու հնդական դատարան, Հ. Մ. Ճեմարանի խնամակալութիւնն ու վարչական լիազօրութիւնը Մայր Աթոռին փոխանցելու խնդրանքով, արգիլելու համար 175-ամեայ կրթական հաստատութեան գոյութեան սպառնացող վտանգը, միաժամանակ կանխելու՝ հետագայ զեղծարարութիւններն ու չարաշահումները։ Դիտել տրուեցաւ Նորին Սրբութեան, որ Մայր Աթոռի անունով դատարանին ուղղուած նամակին մէջ կարևոր է շետել այն պարագան, որ թէև ճեմարանը եկեղեցապատկան հաստատութիւն մը չէ, բայց ան իր գոյութիւնը մինչև այսօր կրցած է պահել Նազարէթայ Ս. Եկեղեցւոյ նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ։
Կրնայ ոմանց տարօրինակ և անհաւատալի թուալ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ժխտական դիրքորոշումը մեր առաջարկին։ Նորին Սրբութիւնը կտրուկ կերպով մերժեց միջամուխ ըլլալ Կալկաթայի Հ. Մ. Ճեմարանի «ներքին գործերուն»։
Օգտուելով Վեհափառի Լոնտոն այցելութենէն, «Հ. Հ. Ե.Դ.Պ. Մ.»ի անդամները յաջողեցան կարճ հանդիպում մը ունենալ անոր հետ, որուն ընթացքին, փորձեցին համոզել Ն. սրբութիւնը, որ 175ամեայ կրթական օճախին սպառնացող վտանգին առաջքն առնելու համար անհրաժեշտ էր հնդկական դատարանի որոշմամբ Հ. Մ. Ճեմարանի խնամակալութիւնը փոխանցել Մայր Աթոռին։
Դժբախտաբար Վեհափառը չփոխեց իր դիրքը։
Համոզուած ըլլալով, որ առանց Մայր Աթոռի աջակցութեան իրաւական ոչ մէկ քայլ կարելի էր առնել, որոշեցինք հրաժարիլ «Հ.Հ.Ե.Դ.Պ.Մ.»էն, որ իր գործունէութիւնը շարունակեց Հերոս Աւետումի ատենապետութեամբ։
1999-ի գարնան , վերջին փորձ մը ընելու վճռակամութեամբ Հերոս Աւետումը գնաց Էջիածին, Նորին Սրբութեան վախճանումէն քանի մը ամիս առաջ, իր հետ տանելով Գարեգին Ա. Ամենայն Հայց Կաթողիկոսի անունով պատրաստուած նամակին վերջին տարբերակը, ուղղուած հնդկական դատարանին։
Վեհափառը նամակն ուշի ուշով կարդալէ յետոյ՝ վերջապէս որոշեց ստորագրել զայն, որուն հիման վրայ, հնդկական դատարանի երեք աւագ դատաւորները, հինգ վայրկեան տևող խորհրդակցութենէ մը յետոյ, որոշեցին Հ. Մ. Ճ.ի խնամկալութիւնն ու վարչական լիազօրութիւնը փոխանցել Մայր Աթոռին։
Դաւթեան Օրիորդաց Վարժարան
Հ. Մ. Ճ.ի հիմնադրութենէն յետոյ, փորձեր եղան հայ աղջիկներու համար ևս ուսումնարան մը հիմնել Կալկաթայի մէջ։ Բացուեցան քանի մը դպրոցներ, որոնք կարճ կեանք ունեցան։ 1922թ.ին, Դաւիթ Ա. Դաւիթեան, իր անունով հիմնեց Դաւթեան Օրիորդաց Վարժարանը, որուն ուսանողիհիները, երբ 1949ին սկսան իրենց ուսումը ստանալ Ճեմարանի աշակերտներուն հետ համատեղ, Հ. Մ. Ճեմարանը դարձաւ երկսեռ կրթական հասատութիւն։
Դաւթեան Օրիորդաց վարժարանի ուսանողուհիները շարունակեցին բնակիլ իրենց դպրոցի շէնքին մէջ։
Ակումբներ
Կալկաթահայ համայնքն ունի երկու ակումբ, մարզական և ընկերային։
Չինսուրա
Չինսուրան կը գտնուի Կալկաթայէն շուրջ քառասուն ք.մ. հեռաւորութեան վրայ, ուր անցեալին գոյութիւն ունեցած է բարգաւաճ համայնք մը, բաղկացած գլխաւորաբար՝ հայ վաճառականներէ։
Չինսուրայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին, որ կառուցուած է 1695 թ.ին, նշանաւոր Մարգար առևտրական ընտանիքի անդամներէն Յովհաննէս Մարգարի բարերարութեամբ, կը նկատուի Պենկալ նահանգի երկրորդ անենէն հին քրիստոէական աղօթավայրը։
Եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ կան հարիւր՝ իսկ ներսը՝ քսան ութ գերեզմաններ, որոնցմէ երկուքը կը պատկանին Ղարաբաղի վերջին ինքնիշխան մելիքին, Մելիք Բեկլարի ընտանիքին։ Առաջինը՝ Դաւիթ Ֆրիտոն Մելիք Բեգլարն է, իսկ երկրորդը՝ անոր զաւակը՝ Յովսէփ Մելիք Բեկլարը, յայտնի մտաւորական, պատմաբան, հնագէտ և հրապարակագիր, որ 1892-1895 թուականներուն Կալկաթայի և Տաքքայի մէջ (ներկայիս՝ Պանկլատեշի մայրաքաղաքնը) հրատարակեց անգլերէն լեզուով «Ara» ամսաթերթը, նուիրուած հայ գրականութեան, Հայաստանի պատմութեան և հայկական հարցին։ Յովսէփ Մելիք Բեգլարը, որ պետութեան կողմէ նշանակուած էր Հնդկաստանի պատմական յուշարձաններու ընդհանուր տնօրէն, մտաւորական շրջանակներուն մէջ յարգուած անուն մըն էր։
Այս յօդուածի հեղինակը 1960ին, “Ara”-ի հազուագիւտ ամբողջական հաւաքածոն նուիրեց Մաշտոցի անուան Պետական Մատենադարանին։
Մատրաս
16-րդ դարու սկիզբը հայերը սկսան Հարաւային Հնդկաստանի հետ առևտուր ընել։ 17 և 18 դարերուն հայկական բարգաւաճ գաղութ մը կազմաւորուած էր արդէն Մատրասի մէջ, ուրկէ հայ վաճառականներ առևտուր կ’ընէին արտասահմանեան երկիրներու հետ։
1794-ին, «Նոր Ազդարար» առաջին հայերէն թերթը հրատարակուած է Մատրասի մէջ, Յարութիւն Քհն. Շմաւոնեանի խմբագրութեամբ։ ։
Մատրասի հայկական առաջին եկեղեցին, Սուրբ Աստուածածինը կառուցուած է 1712-ին։ 1746-ին, քաղաքը գրաւելու համար ֆրանսական բանակի կողմէ սկսուած կռիւներու ընթացքին, ուրիշ շէնքերու կարգին՝ քանդուած է նաև հայոց եկեղեցին։
Շրջան մը եկեղեցական արարողութիւնները տեղի ունեցած են հայոց գերեզմանատան մատուռին մէջ, մինչև որ 1772-ին կառուցուած է Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին Մատրասի կեդրոնական մասին մէջ, բարերարութեամբ հայ վաճառականներու, որոնք միաժամանակ մեծ գումարներ և կալուածներ կտակած են անոր։ Մատրասի հայ համայնքը շրջան մը հնդկահայ ամենէն ազդեցիկ, հարուստ և հայրենանուէր համայնքը կը համարուէր։
Դժբախտաբար, անհամաձայնութիւններու և վէճերու պատճառով, դատարանը 1916-ին Մատրասի եկեղեցապատկան կալուածներուն և կտակներուն խնամակալութիւնը յանձնած է King & Partridge իրաւաբանական ընկերութեան։
Ըստ Կարոյ Մարտինի “The Armenian Community in India, Its Churches & Affairs” գրքին, այդ կալուածներէն միայն երեք հատ մնացած էր1958-ին…։ Տեղեակ չենք թէ ներկայիս եկեղեցապատկան հարստութեան իրավիճակը ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ Մատրասի մէջ։
Հիմա որ հայկական համայնք գոյութիւն չունի Մատրասի մէջ, հայ վաճառականներու կտակած հսկայ հարստութեան մնացորդացն ալ շուտով կրնայ արժանանալ կորսուած բազմաթիւ այլ կալուածներու և հարստութեանց ճակատագրին, եթէ անյապաղ քայլեր չառնուին..։
Հնդկաստանի՝ յատկապէս Մատրասի և Պոմպէյի մէջ մեր ունեցած եկեղեցապատկան հարստութեանց մասին աւելի յստակ գաղափար մը ունենալու համար, կը թելադրենք կարդալ Կ. Մարտինի յիշեալ գիրքը, որուն պատճենահանուած օրինակը պատրաստ ենք տրամադրել հետաքրքրուողներուն։
Պոմպէյ
Պատմական տուեալներու համաձայն, հայերը սկսած են առևտուր ընել Արևմտեան Հնդկաստանի հետ 16-րդ դարու երկրորդ կէսերուն։ Այդ օրերուն, Սուրաթ քաղաքը ամենէն յայտնի առևտրական կեդրոնն էր, ուր բազմաթիւ անուանի հայ վաճառականներ բնակարաններ գնած էին, առևտրական ընկերութիւններ հաստատած և 1778-ին կառուցած՝ Ս. Աստուածածին մատուռը, որոնց բոլորն ալ ժամանակի ընթացքին քանդուած են։
Սուրաթահայ համայնքի նախագահ, Խոջայ Մինասը և քանի մը ուրիշ մեծահարուստ առևտրականներ, 1676-ին տեղափոխուեցան Պոմպէյ։ Շուտով ուրիշներ հետևեցան անոնց օրինակին։ 18-րդ դարու կէսերուն բազմաթիւ հայ ընտանիքներ հաստատուած էին Պոմպէյ, Արևմտեան Հնդկաստանի ամենէն կարևոր նաւահանգիստը, ուրկէ հայ վաճառականներ կարևոր ներքին և արտաքին առևտուր կ’ընէին ։
Պոմպէյի Ս. Պետրոս եկեղեցին կառուցուեցաւ 1796-1797-ին, մեծահարուստ վաճառական, Յակոբ Պետրոսի իշխանական նուիրատուութեամբ։ Երկար տարիներ հայ համայքին ծառայելէ ետք, խոնաւութեան հետևանքով վնասուած եկեղեցին՝ վերակառուցեցաւ 1956-ին։ Վարչութեան ծրագիրն էր եկեղցւոյ կից կառուցել նաև հովատուն մը և այլ շէնքեր։ 1962-ին, աւարտեցաւ եկեղեցւոյ կից վեց յարկանի «Արարատ» շէնքի շինութիւնը։ Վարչութեան նպատակն էր շէնքին մէկ մասը տրամադրել եկեղեցւոյ կարիքներուն, իսկ մնացեալը՝ վարձու տալ որպէս խանուդ և առևտրական գրասենեակ։
1963-ին, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. իր շքախումբով, որուն մենք ևս մաս կը կազմէինք որպէս Նորին Սրբութեան թարգմանը, այցելեց Պոմպէյ, միայն քսան հինգ հայ մնացած էր քաղաքին մէջ, ուր դժբաղտաբար ներկայիս հայ ոչ մէկ հայ կայ…։
Տաքքա
Տաքքան, որ նեկայիս Պանկլատեշի մայրաքաղաքն է, 1971-էն առաջ
Հնդկաստանի Արևմտեան Պենկալ նահանգի առևտրական կարևոր կեդրոններէն մէկն էր, ուր գլխաւորաբար հայ վաճառականներէ բաղկացած բարգաւաճ հայ համայնք մը գոյութիւն ունէր։
Հայերը Տաքքա սկսան հաստատուիլ 17-րդ դարու սկիզբը։ 18-րդ դարու
վերջաւորութեան Տաքքայի հայ համայնքը, որ զգալապէս աճած էր, որոշեց քաղաքի Armanitola շրջանին մէջ գտնուող հայոց գերեզմանատան մատուռը վերակառուցել որպէս եկեղեցի, որուն շինութիւնն աւարտեցաւ 1781-ին և կոչուեցաւ Սուրբ Յարութիւն։ Եկեղեցին կառուցուած է ընդարձակ հողամասի մը վրայ, զոր համայնքին նուիրած է յայտնի վաճառական Խաչիկ Մինասը, որուն հանգուցեալ կինը, Սոֆին թաղուած է եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցւոյ օծումը կատարած է Եփրեմ Եպիսկոպոսը, որ հետագային ընտրուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։
1837-ին, ուրիշ յայտնի վաճառական մը, Յովհաննէս Կարապետ Սարգիսի նուիրատուութեամբ կառուցուած է եկեղեցւոյ զանգակատունը, որ միաժամանակ կատարած է եկեղեցւոյ «Աշտարակ Ժամացոյց»ի դերը։
1907-ին, հովատուն մը կառուցուած է և 1910-ին՝ եկեղեցւոյ յատակը մարմարապատուած է և եկեղեցին օժտուեցած՝ ելեկտրական լոյսերով և հովահարներով, Կալկաթայի հռչակաւոր Grand Hotel-ի սեփականատէր, Յարութիւն Ստեփանեանի բարերարութեամբ, ի յիշատակ իր քահանայ մեծ հօրը, Տէր Հայրապետ Գրիգոր Պաշխումեանի, որ 15 տարի եղած է այդ եկեղեցւոյ հոգևոր հովիւը։
Սայտապատ
Խոճայ Պետրոս Յարութիւնի բարերարութեամբ 1758-ին կառուցուած է Սայտապատի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին, ի յիշատակ իր հանգուցեալ ծնողաց և եղբայրներուն։
Կալկաթայի հայոց եկեղեցւոյ վարչութեան որոշումով, 2005ին Սայտապատի եկեղեցին ենթարկուած է հիմնական վերանորոգման։
5 Դեկտեմբեր 2006-ին, Սայտապատի վերանորոգուած Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին օծուած է ձեռամբ Հեռաւոր Արևելքի Կաթողիկոսական Պատուիրակ, Գերաշնորհ Տէր Աղան Արքեպիսկոպոս Պալիոզեանի։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. ը, որ Կալկաթայի Նազարէթայ Ս. Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 300-ամեակին առիթով կը գտնուէր Հնդկաստան, 14 Նոյեմբեր 2008-ին, այցելեց նաև Սայտապատ։
ՊՐՄԱՍՏԱՆ
Ռանկուն
Դժբախտաբար, Համաշխարհային Բ. Պատերազմի ընթացքին, յիշեալ եկեղեցւոյ արխիւները կորսուած են։ Տարեց սերունդի անդամներուն հետ եղած հարցազրոյցներու՝ ինչպէս նաև Մանտալայի, Սիրիամի և Ռանկունի հայոց գերեզմանոցներուն գերեզմանաքարերու ուսումնասիրութեան շնորհւ, կարելի եղած է պատմական արժէքաւոր տեղեկութիւններ ձեռք բերել։ Հաւաքուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Պարսկաստանէն դէպի Հ. Արևելք գաղթած հայերուն մէկ մասը հաստատուած է Պրմաստան, կազմած՝ համայնք և խաղցած կարևոր դեր՝ յատկապէս Մանտալա, Սիրիամ և Ռանկուն քաղաքներու առևտուրի զարգացման մէջ։
Հայերը 18-րդ դարուն Մանտալայի մէջ կառուցած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, հողամասի մը վրայ, զոր հայ համայնքին նուիրած է Պրմաստանի թագաւորը։ Յիշեալ եկեղեցւոյ մէջ կանոնաւորաբար պատարագ և եկեղեցական արարողութիւններ կատարուած են մինչև 1920-ական թուականները, երբ հայեր տեղափոխուած են Ռանկուն։
Ռանկունի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին կառուցուած է 1862-ին, համայնքի նախաձեռնութեամբ։ Եկեղեցին հիմնական վերանորոգութեան ենթարկուած է
1908-1909 տարիներուն։
Համաշխարհային Բ. Պատերազմի ընթացքին, պրմահայութիւնը, բացի նիւթական մեծ վնասներէ, մարդկային զոհեր ալ տուած է, երբ ճաբոնական զօրքերը յարձակած են Պրմաստանի վրայ։ Համայքին պատկանող ընդարձակ սրահը, հովատունն ու եկեղեցին ամբողջովին փլատակի վերածուած են։ Պրմահայերը կարելի բոլոր միջոցներով փորձած են երկրէն հեռանալ։ Շատեր շաբաթներով անտառային ճամբաներէն քալելով, ուժասպառ կրցած են հասնիլ Կալկաթա։
Պատերազմի աւարտին, համայքային կեանքը Ռանկունի մէջ մասամբ վերակազմակերպուած է։ Ռանկունի և Կալկաթայի հայութեան առատաձեռն նուիրատուութեամբ, եկեղեցին վերանորոգուած է 1946-1947 տարիներուն։
«Ռանկունահայ Յառաջդիմական Ընկերութիւն»ը անգլերէն լեզուով «Յառաջ» խորագրով պարբերաթերթ մը հրատարակած է, Մ. Վարդանեանի խմբագրութեամբ։ Մեր տրամադրութեան տակ ունինք միայն 1939-ի Ս. Ծննդեան նուիրուած թիւը, ուրուն մէջ յօդուածներ կան նորոգ հանգուցեալ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Նշանեանի, հնդկահայ անուանի պատմաբան Մեսրոպ Սեթի, հռչակաւոր երգիչ Արմենակ Շահմուրատեանի և Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Սահակ Բ.ի մասին։
ԻՆՏՈՆԵԶԻԱ
Ճաքարթա
Հայ վաճառականներ 18-րդ դարու վերջաւորութեան սկսած են հաստատուիլ Ճավա (Ինտոնեզիա), որ ենթակայ էր Հոլանտական իշխանութեան։ Ինտոնեզիայի տարբեր քաղքներուն մէջ հայերը հիմնած են մեծ թիւով առևտրական ընկերութիւններ, որոնք ժամանակի ընթացքին մեծ համբաւ շահեցած են միջազգային առևտրական շրջանակներու մէջ։
Պաթավայի (Ճաքարթա) յայտնի առևտրականներէն Յակոբ Յարութիւնը, որ Մատրասի Շահամիրեան առևտրական ընկերութեան ներկայացուցիչն էր, 1831-ին կառուցած է փայտաշէն Սուրբ Հռիփսիմէ մատուռը։ 1844-ին մատուռը հրդեհի մը հետևանքով վնասուած է, բայց շուտով, Յ. Յարութիւնի բարերարութեամբ վերանորոգուած է և վերանուանուած՝ Ս. Յարութիւն։ Այս հաւատացեալ և առատաձեռն բարերարը վախճանած է նոյն տարուան Յունիս 19-ին։
Հանգուցեալի այրին, Մարի Յարութիւնը, 1854-ին փայտակերտ մատուռը վերակառուցած է որպէս քարաշէն եկեղեցի։ Մարի Յարութիւնի եկեղեցաշէն և բարեգործական արարքներուն մեծապէս օգնած է քոյրը, Թագուհի Մանուկը։ Երկու քոյրեր ժառանգած են իրենց ամուրի եղբօր,Գէորգ Մանուկի ամբողջ հարստութիւնը և անոր մէկ մասը նուիրած՝ նոր եկեղեցւոյ կառուցման, որ կը գտնուէր Ճաքարթայի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ։
1950-ականներու վերջաւորութեան, Ինտոնեզիոյ կառավարութիւնը որոշեց կեդրոնական Ճաքարթան (Medan Merdeka) վերակառուցել, մայրաքաղաքը գեղեցկացնելու նպատակով ։ Յիշեալ նախագծի համաձայն, այդ շրջանի շէնքերը, ներառեալ Ս. Յովհաննէս Եկեղեցին պիտի քանդուէին և պետութեան ծախսով, յարմար հողամասի մը վրայ, նոյն յարմարութիւններով նոր շէնքեր պիտի կառուցուէին։
1960-ին, պետութիւնը, յարգելով իր խոստումը, եկեղեցւոյ վարչութեան տրամադրեց հողամաս մը նորակառոյց «Ինտոնեզիա» հիւրանոցին կից։
Մեր ունեցած տեղեկութեան համաձայն, Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հողամասին վրայ կառուցուած է «Ինտոնեզիա Դրամատունը» (Bank of Indonesia)։
Ինչպէս մենք՝ վստահ ենք նաև ուրիշներ պիտի ուզեն գիտնալ թէ ի՞նչ ճակատագրի արժանացաւ պետութեան կողմէ տրամադրուած հողամասը, որ 1960-ին, 7,500,000 ռուբի կը գնահատուէր։
1954-ին, Ինտոնեզիահայութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Ճաքարթայէն տեղափոխուած է Սուրապայա։ Վարչութիւնը պատասխանատու էր եկեղեցական, կրթական, ընկերային հիմնադրամներու, կալուածներէն ստացուած եկամուտներու մատակարարման, ինչպէս նաև Ճաքարթայի Ս. Յովհաննէս և Սուրապայայի Ս. Գևորգ եկեղեցիներուն, Մանուկ և Յարութիւն դպրոցին, Հայկական Ընկերութեան, Ջուղայի Աստուածաբանական դպրոցի և Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ հետ առնչուած հարցերուն։ Վարչութիւնը լիազօրուած էր նաև հսկելու շուրջ 12 ջուղայահայ կրօնական, ազգային, ընկերային և կրթական հաստատութիւններուն կտակուած հարստութեան, որ կը բաղկանար գլխաւորաբար «Ճավա» դրամատան բաժնեթուղթերէ, որոնց մեծ մասը վաճառուած էր արդէն և հասոյթը ղրկուած՝ Ջուղա, Ամստերտամի ճամբով։
Մանուկ և Յարութիւն Դպրոց
Դպրոցը հիմնուած է 1855-ին Մարիամ Յարութիւնի և քրոջ՝ Թագուհի Մանուկի բարերարութեամբ։
Դպրոցի հիմնադիր երկու քոյրերը այն մխիթարութիւնն ու բաւարարութիւնը ունեցած են, որ իրեց եղբօր, Աղա Գևորգ Մանուկի Լոնտոնի մէջ համալսարան մը հիմնելու երազը գոնէ մասամբ իրականացած էր։
Մանուկ և Յարութիւն Դպրոցի կանոնագրութեան համաձայն, տնօրէնը պարտադիր հայ պէտք է ըլլար։ Առաջին տնօրէնը եղած է Խաչիկ Թովմասը, որ պաշտօնավարած է մինչև 1866 թուականը։
Երբ Հոլանտական կառավարութիւնը իր սեպհական դպրոցը հիմնած է, Մանուկ և Յարութիւն Դպրոցի աշակերտութեան թիւը զգալապէս նուազած ըլլալով՝ դպրոցը փակուեցած է 1878-ին։ Դպրոցի հոգաբարձութիւնը որոշած է հայ տղաքը դաստիարակել Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական Ճեմարանին մէջ, որուն հիմնադրութեան ի նպաստ Գևորգ Մանուկ (Ճաքարթայի դպրոցին բարերարուհիներուն եղբայրը) ժամանակին երեսուն հազար հնդկական ռուբի վճարած էր ։ 1923-ին, երբ Մանուկ և Յարութիւն դպրոցը տեղափոխուած է Սուրապայա, դպրոցի հիմնադրամէն աւելցած գումարը օգտագործուած է բարերարուհիներուն անունով, որպէս կրթաթոշակ Հ. Մ. Ճեմարանի ուսանողներուն։ Առաջին հերթին 12՝ ապա 24 աշակերտներ ուսում ստացած են Հ. Մ. Ճ.ի մէջ այդ կրթաթոշակով։ Նշենք որ այդ տարիներուն հարիւրաւոր հայ տղաք ուսում ստացած են Մանուկ և Յարութիւն դպրոցի հիմնադրամի օգնութեամբ։
Սուրապայա
20-րդ դարու սկիզբը մեծ թիւով հայեր Պարսկաստանէն արտագաղթած և հաստատուած են Ինտոնեզիայի տարբեր քաղաքները, ներառեալ՝ Սուրապայա, ուր եկեղեցի մը կառուցելու առաջին քայլը առնուած է համայնական ընդհանուր ժողովի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցած է 1911-ին։ Դժբախտաբար, կամքէ անկախ պատճառներով, որոնց գլխաւորը Համաշխարհային Ա. Պատերազմն էր, ծրագիրը կարելի եղած է իրագործել միայն 1927-ին, երբ Ճաքարթահայոց կեդրոնական վարչութեան օժանդակութեամբ գնուած է հողամաս մը , որուն վրայ, երկու ամսուան ընթացքին կառուցուած է Ս. Գևորգ եկեղեցին, որ բացի սուրապայահայ հաւատացեալներու կրօնական կարիքները հոգալէ, եղած է նաև համայնքին ազգային, ընկերային, կրթական և մշակութային կեդրոնը։
Դժբախտաբար, Համաշխարհային Բ. Պատերազմի ընթացքին, երբ Ճաբոնական զօրքերը գրաւած են Ինտոնեզիան, հայերը նիւթական և մարդկային մեծ կորուստներ կրած են։ Հայութեան թիւը զգալապէս նուազած ըլլալով և տիրող տնտեսական աննպաստ պայմաններուն պատճառով, Ինտոնեզիայի հայ համայնքը չէ կրցած շարունակել իր հայանպաստ աշխատանքները։
1942-ին, ճաբոնական զօրքերու կողմէ կատարուած մարդահամարին համաձայն, 550 հայեր կ’ապրէի Իտոնեզիայի մէջ, որոնց մեծամասնութիւնը՝ 230 հոգի, կ’ապրէր Սուրապայա։
Բացի եկեղեցիէն, սուրապայահայութիւնն ունէր մարզական, թատերական, բարեսիրական և այլ կազմակերպութիւններ։
ՓԸՆԱՆԿ (PENANG)
Հայ վաճառականներ, յատկապէս հարաւային Հնդկաստանէն, գործ կ’ընէին Մալաքքայի, Փընանկի և Սինկափուր հետ, որոնք առևտուրի կարևոր նաւահանգիստներ էին։
Մալաքքայի պարագային, հայ վաճառականները թէև իրենց նպաստը բերած են քաղաքի առևտրական կեանքի բարգաւաճման, բայց չեն կազմաւորուած որպէս hամայնք։
1786-ին, East India անգլիական առևտրական ընկերութիւնը Փընանկ կղզին գնած է Քետահի Սուլթանէն։ Ինչպէս Մալլաքան, Փընանկն ալ դարձած է առևտուրի բարգաւաճ նաւահանգիստ, որուն աշխուժացման մէջ, հայերն ալ ունեցած են իրենց կարևոր բաժինը։
1824-ին, երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կառուցուեցաւ Խաչատուր Գալուստի բարերարութեամբ, Փընանկի փոքր՝ բայց հարուստ համայնքը կը բաղկանար միայն քսան հինգ հոգիներէ։ Եկեղեցին շրջապատող տարածքին մէջ կառուցուած է նաև հովատունը։
1830-ականներուն, Փընանկի հայ վաճառականներուն մէկ մասը սկսած է տեղափոխուիլ Սինկափուր, ուրիշներ՝ վերադաձած են Հնդկաստան։ Ըստ 1871-ի մարդահամարին, Փընանկի մէջ միայն 16 հայեր կ’ապրէին, որոնց 15-ը կը պատկանէր մեծահարուստ վաճառական Անթընի (Անտոնեան) ընտանիքին։
Իրանա-Հնդկաստանի Թեմի առաջնորդ, Տ. Սահակ Արք. 1906-ին այցելած է Փընակ և խորհրդակցական ժողով մը ունեցած՝ համայնքի անդամներուն հետ։ Ժողովը որոշած է քանդել եկեղեցին։ Տրուած ըլլալով որ եկեղեցւոյ խնամակալութեան ժողովներու ատենգրութիւնը կորսուած է, առնուած որոշման պատճառները յայտնի չեն։
1937-ին եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ գտնուող գերեզմանները տեղափոխուած են քաղաքի «Արևմտեան Գերեմանոց»ը, իսկ քանդուած եկեղեցւոյ հողամասը և եկեղեցապատկան միւս կալուածները աճուրդով վաճառուած են 33,000 տոլարի, որ փոխանցուած է Սինկափուրի Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ Եկեղեցւոյ խնամակալութեան ենթակայ՝ Խաչատուր Գալուստան հիմնադրամին, որով խնամակալութիւնը եկեղեցապատկան հողամասին վրայ կառուցած է տուներ և խանութներ, որոնք իրենց հերթին՝ քանուած են 1880-ական թուականներուն։
Փընանկի հայ վաճառականները եղած են ազգասէր և առատաձեռն։ Անոնք օժանդակած են Հնդկաստանի և Նոր Ջուղայի դպրոցներուն, ինչպէս նաև ազգային հաստատութիւններուն։ Փըննանկի հայութիւնը 1895-ին հիմնած է բարեսիրական ընկերութիւն մը, Համիտեան կոտորածերէն տուժած իրենց հայրենակիցներուն օգնելու նպատակով։
1917-ին, երբ Եգիպտոսի Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան Մեծ Եղեռնէն փրկուած որբերուն ի նպաստ իր կազմակերպած հանգանակութեան ընթացքին այցելած է նաև Փընանկ, հայ համայնքը մեծ նուիրատուութիւններով մասնակցած է դրամահաւաքին։
ՍԻՆԿԱՓՈՒՐ (SINGAPORE)
1835-ին, Սինկափուրի մէջ կառուցուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, որ 1836-ին օծուած է Տէր Յովհաննէս Խաչիկեան Աւագ Քահանայի ձեռամբ ։
Եկեղեցին կը գտնուի քաղաքի կեդրոնը, «Հայկական Փողոց»ին վրայ։ Եկեղեցւոյ շրջակայքը գտնուող տուներէն շատերը 19-րդ դարուն պատկանած են հայ վաճառականներու։
Բարերարուհի Տիկին Շահնազարի առատաձեռն նուիրատուութեամբ, 1905-ին հովատուն մը կառուցուած է եկեղեցւոյ կից, նոյն փողոցին վրայ։
Համաշխարհային Բ. Պատերազմի ընթացքին, Սինկափուրի հայ համայնքը ևս նիւթական և մարդկային մեծ կորուստներ ունեցած է։ Շարք մը հանրածանօթ վաճառականներ քաղաքը լքելով՝ ուրիշ երկիրներու մէջ աշխատանքի նոր ասպարէզ փնտռած են։ Պատերազմի աւարտին, համայնքին մնացորդացը, ի գին մեծ զոհողութիւններու վերանորոգած է եկեղեցին, բայց հաւատացեալներու սկաւութեան և նիւթական միջոցներու չգոյութեան պատճառով, հոգևոր հովիւ մը պահելը անկարելի եղած է։
Ի գիտութիւն նշենք, որ Սիկափուրի հռչակաւոր Ռաֆըլզ հիւրանոցը կը պատկանէր Սարգիս ընտանիքին և քաղաքի փողոցներէն չորսը՝ ունէին հայկական անուններ։
ՉԻՆԱՍՏԱՆ
Խարպին
Համաշխարհային Ա. Պատերազմէն յետոյ, բազմաթիւ հայ գաղթականներ մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելով, կրցած էին հասատուիլ Խարպին,Մանչուրիոյ մայրաքաղաքը, որ կարևոր առևտրական կեդրոն մը էր։
Պատերազմէն շուրջ հինգ տարի անց, խարպինահայութիւնը, որ հազիւ ի վիճակի էր իր ապրուստը հոգալու, որոշեց կառուցել եկեղեցին մը։ Եկեղեցւոյ կառուցման նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ կարևոր ներդրում ունեցած է համայնքին կողմէ սիրուած ու յարգուած Տոքթ. Ստեփանոս Մուխցեանը, որ պետական ծառայութեան մէջ անուանի բժիշկ մըն էր ։
Նոյն շրջանին հանրածանօթ վրացահայ հարուստ վաճառական մը, Կարապետ Ասպետեանը հաստատուած էր Խարպին։ Ազնուական ու առատաձեռն այս վաճառականը սկսած է կառուցել Խարպինի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, որուն մէջ հայ համայնքն ալ ունեցած է իր մասնակցութիւնը։
Նոյն տարին խարպինահայութիւնը կառուցած է նաև ընդարձակ սրահ մը, եկեղեցւոյ հովատունը և հոգետուն մը, աղքատներուն և ճամբորդներուն օգնելու նպատակով։ Եկեղեցին կառուցուած է քաղաքի կեդրոնը, շրջապատուած ընդարձակ և գեղեցիկ պարտէզով մը։
Կառուցման առաջին օրէն մինչև 1932 թուականը, Տէր Եեղիշէ Քհն. Ռոստամեանցը եղած է եկեղեցւոյ հոգևոր հովիւը։ 1932-1937 տարիներուն հայ համայնքը մնացած է առանձ հոգևորականի։ Երուսաղեմի Հայոց Պատրիարք, Թորգոմ Արք. Գուշակեան ընդառաջելով խարպինահայութեան խնդրանքին, Տէր Ասողիկ Վրդ. Ղազարեանը նշանակած է Հեռաւոր Արևելքի հոգևոր հովիւ և զայն ուղարկած՝ Խարպին։
Ասողիկ Վրդ. առաջին հերթին ամուր հիմքերու վայ դրած է եկեղեցւոյ տնտեսական վիճակը, եկեղեցապատկան կալուածներուն եկամուտը հասցնելով իր գագաթնակէտին։ Ան սկսած է գիշերային դասըթացքներ հայ մանուկներուն և պատանիներու համար, անձամբ ստանձնելով մայրենի լեզուի, հայ եկեղեցւոյ և ժողովուրդի պատմութեան դասաւանդումը։
Բ. Աշխարհամարտին, երբ ճաբոնական բանակը գրաւած է Խարպինը, Ասողիկ Վրդ. չորս տարի մնաց է ճաբոնական ճամբարի մը մէջ, որպէս պատերազմական գերի։ Պատերազմի աւարտին ան վերադարձած է Երուսաղեմ։
Այս անբիծ ու նուիրեալ հոգևորականը առաջին անգամ տեսնելու բախտը ունեցանք, երբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքի ուսանող էինք (1948-1955)։ Լաւ կը յիշենք, երբ Ասողիկ Վրդ. այցելեց Անթիլիաս, Սարտարապատի հերոս Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսը վեհարանի աստիճաններուն վրայ ողջունեց զինք և ըսաւ.
«Ահա հայ եկեղեցւոյ կենդանի նահատակը»։
Արդարեւ, Ասողիկ Սրբազան հոգևորական բառին իսկական իմաստը մարմնաւորող եկեղեցական մըն էր. մարդ՝«յորում ոչ գոյ նենգութիւն»։
Մինչև 1957 թուականը, Հնդկաստանի հայ գաղութը մաս կը կազմէր «Իրանա-հնդկաստանի Թեմ»ին։ Երբ Պարսկաստանի Թեմը ևս խլուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն՝ Հնդկահայութիւնը մերժեց ենթարկուիլ Անթիլիասին, որուն հետևանքով լուծուեցաւ վերոյիշեալ Թեմը և 16 Դեկտեմբեր 1957-ին, կազմուեցաւ Մայր Աթոռին ենթակայ «Հեռաւոր Արեւելքի Թեմ»ը։
Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը գնահատելով Ասողիկ Վրդ.ի կատարած բացառիկ աշխատանքը, զայն Եպիսկոպոս ձեռնադրեց և նշանակեց նորակազմ Հերաւոր Արևելքի Թեմի Առաջնորդ և Կաթողիկոսական Պատուիրակ։
Մենք անձամբ Ասողիկ Եպիսկոպոս Ղազարեանի մտերմութիւնը վայելելու բախտին արժանացանք, երբ Նորին Սրբազնութիւնը, իր պաշտօնին բերումով բնակութիւն հաստատեց Կալկաթա, ուր, ինչպէս նշեցինք, այդ տարիներուն (1957-1964) կը պաշտօնավարէինք Հայոց Մարդսիրական Ճեմարանին մէջ։
Զանգուածային արտագաղթի պատճառով, Խարպինահայութեան թիւը մեծապէս նուազեցած էր, երբ 1959-ին, Չինաստանի համայնավար կառավարութեան որոշումով, Խարպինի հայոց եկեղեցին վերածուեցաւ կերպասի արտադրութեան գործարանի։
1966-ին, երբ արդէն գոյութիւն չունէր հայ համայնք, դարձեալ պետութեան որոշումով, ուրիշ եկեղեցիներու կարգին՝ քանդուած է նաև Խարպինի Ս. Գրիգոր Լուաւորիչը և ոչնչնչացուած են անոր սրբանկարները, զգեստներն ու եկեղեցական այլ իրերը։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Պատմական իրադարձութիւններու, արշաւանքներու, պատերազներու և բռնագաղթերու պատճառով, հայեր ստիպուած են դարեր շարունակ արտագաղթել Հայաստանէն և աշխարհի տարբեր երկիներուն մէջ հիմնել համայնքներ, կառուցել եկեղեցիներ, գերեզմանոցներ, առևտրական ընկերութիւններ, հիմնել կրթական օճախներ, հաստատել մշակութային, մարզական և ընկերային կազմակերպութիւններ։
Հայկական այդ համայնքներէն շատերը այսօր գոյութիւն չունին։ Գոյութիւն չունի նաև այդ համայնքներուն ունեցած ազգապատկան շարժուն և անշարժ հարստութեան մեծ մասը։
Բնական է, դարերու ընթացքին մեր կորսնցուցած հարստութիւնն ամբողջութեամբ չենք կրնար ետ բերել, բայց կրնանք գոնէ մնացածին՝ յատկապէս եկեղեցապատկան կալուածներուն և անոնցմէ գոյացած հասոյթին տէր կանգնիլ, ապօրինի կերպով սեփականացուած հարստութիւնը օրինաւոր միջոցներով իրաւատիրոջ վերադարձնելու առաջադրութեամբ կազմակերպուած լուրջ աշխատանք կատարել, քանի ուշ չէ…։
Այս կապակցութեամբ նշենք որ 2013-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաղիկոսի նախաձեռնութեամբ և ազգային մեծ բարերար, հանգուցեալ Հայկ Տիտիզեանի գլխաւորութեամբ, քանի մը ազգանուէր հայեր յանձն առին Սինկափուրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ Տաքքայի Ս. Յարութիւն՝ Միէնմարի Եանկոն քաղաքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցիներուն խնամք տանելու պատասխանատուութիւնը։
Առնուած քայլը գնահատելի ըլլալով հանդերձ, չի կրնար Հ. Արևելքի մեր եկեղեցապատկան անշարժ և շարժուն պատկառելի հարստութիւնը կորուստէ փրկել և զայն օգտագործել հայ ժողովուրդի բազմաթիւ առաջնահերթ ծրագիրներու իրականացման օգտին։
Նկատի ունենալով որ, յաչս միջազգային օրէնքի, վերոյիշեալ եկեղեցապատկան հարստութեանց իրաւատէրը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն է, խոնարհաբար Ն. Սրբութիւն Տ. Տ.Գարեգին Բ. Հայրապետի ուշադրութեան կը յանձնենք հետևեալ առաջարկները։
1.
Պատրաստել ամբողջական ցանկը Հ. Արևելքի բոլոր եկեղեցիներուն և եկեղեցապատկան շարժուն (կտակ, դրամ, բաժնեթուղթ ևայլն) և անշարժ (եկեղեցի, գերեզմանոց, հողամաս, շէնք ևայլն) հարստութեանց։
2.
Հաստատել, խնդրոյ առարկայ երկիրներու իրաւական մարմիններու կողմէ տրուած հաստատագրերով, որ ցուցակագրուած հարստութեանց իաւատէրը Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին է, յանձնս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, ի Ս. Էջմիածին, այնպէս ինչպէս Կաթոլիկ Եկեղեցիներուն և եկեղեցապատկան հարստութեանց իրաւատէրը Սրբազան Պապն է, ի Վատիկան։ Նոյնը կը վերաբերի նաև Յոյն ուղղափառ և միւս եկեղեցիներուն։
3.
Վերոյիշեալ առաջդրութիւններն իրագործելու համար, կազմել մարմին մը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ։ Թելադրելի է որ յիշեալ մարմինին մաս կազմեն նաև, բացի հոգորականներէ, միջազգային օրենսգէտներ, գործարար անձեր, ՀՀ Արտգործ Նախարարութեան ներկայացուցիչը և խնդրոյ առարկայ երկիրներու ՀՀ դեսպանները։
4.
Վերոյիշեալ եկեղեցապատկան հարստութեանց հաստատագրերն ապահովելէ ետք, Մայր Աթոռի յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ վաճառել գործածութենէ դադրած եկեղեցիները, գերեզմանոցներն ու եկեղեցապատկան կալուածները։
Միայն այդ ձևով կարելի կ’ըլլայ կորուստէ փրկել երբեմնի բարգաւաճ համայնքներու հարստութեանց մնացորդածը։ Վաճառքէն գոյացած գումարով ստեղծել հիմնադրամ մը և անոր եկամուտով իրականացնել հայրենանուէր ու ազգաշէն կարևոր ծրագրեր, յաւերժացնելով միաժամանակ լուսահոգի բարերարներուն յիշատակը։
5.
Հ. Արևելքի կարգ մը քաղաքներուն մէջ, ուր թէև հայկական համայնքներ գոյութիւն չունին, եկեղեցին ունի կարևոր թիւով հասութաբեր կալուածներ, որոնց խնամակալութիւնը անհրաժեշտ է անյապաղ փոխացել Մայր Աթոռին։ Մատրասն ու Պոմպէյը անոնց լաւագոյն օրինակներն են։
6.
Կալկաթայի մէջ տակաւին կայ փոքրիկ հայ համայնք մը, որ ունի եկեղեցապատկան հսկայ շարժուն և անշարժ հարստութիւն, որուն խնամակալութիւնը յանձնուած է Նազարէթայ Ս. Եկեղեցւոյ վարչութեան։ Ակնյայտ է, որ Կալկաթայի համայնքն ալ՝ ուշ կամ կանուխ պիտի արժանանայ միւսներու ճակատագրին։ Արդ, թելադրելի է որ Մայր Աթոռն ու Կալկաթայի եկեղեցւոյ վարչութիւնը համատեղ քննարկեն այդ հարցը և հարկ եղած քայլերն այժմէն առնեն, հետագայ բարդութիւնները կանխելու առաջադրութեամբ։
Այս գրութեան միակ նպատակն է, Հ. Արևելքի հայ համայնքներու եկեղեցապատկան շարժուն և անշարժ հարստութեանց գոնէ մէկ մասը կորուստէ փրկելու հարցը յանձնել Մայր Աթոռի՝ ինչպէս նաև ի գիտութիւն՝ հայ ժողովուրդի ուշադրութեան։
Լոնտոն, Մայիս 2023