« Անշուշտ չենք կրնար անցեալը փոխել եւ կատարուածները չկատարուած համարել…
սակայն նուազագոյնը՝ կրնանք ցեղասպանութեան մեղքին յաջորդած եւ անոր շարու-
նակութիւնը եղող ժխտումի եւ ուրացումի քաղաքականութեան վերջ մը դնել …:
Պետութեան պատկան կառոյցներէն կը պահանջեմ, որ ազատագրուին ամօթի զգացումէն … անոնցմէ կը պահանջեմ, որ մեզ բոլորս, իմա՝ այս երկրին քաղաքացիները ազատագրեն հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող պետութեան մը քաղաքացիները ըլլալու խիպ ու ամօթէն…
Համոզուած եմ, որ պետութիւնները քայլ առնելու մղողները՝ ժողովուրդներն են: ժողովուրդներն ու իրենց խիղճը՝ երաշխիք են ո’չ միայն անցեալին հետ առերեսուելու, այլ այս հողերուն վրայ անգամ մըն ալ նման ամօթներ չապրելու… »: Ֆէթհիյէ Չէթին Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, իր հայրենիքէն արմատախիլ եղած կեդրոնազուրկ, աշխարհացրիւ տարագիր հայը թէեւ իր խորքերուն մէջ ինչ որ չափով դեռ կը տառապի իր հաւաքական հոգեխոցի ( Mass Trauma ) ցաւէն, բայց ցեղասպան թուրքն ալ boomerang-ի անգիր օրէնքով՝ նոյնքան եւ աւելի կը տառապի տակաւ սաստկացող իր անբուժելի հալածախտէն ( Persecution Complex ):
Մանավանդ վերջին 10-ամեակին, Թուրքիոյ թէ’ քաղաքական թէ’ քաղաքացիական ծանծաղուտին մէջ եռեւեփող հոգեբանական բարդոյթները եւ անոնց հետեւանքով ի յայտ եկած տագնապները, այսօր աւելի քան երբէք կուգան հաստատելու, որ ջուրն ալ կը բռնկի , որ իրօք «պումերանկ»ը յետադարձ պտոյտով կը հարուածէ նոյն ինքն՝ զայն նետողը եւ քօղազերծելով երկրին քաղաքական գաղա-փարախօսութեան ոճրածին էութիւնը, ճեղքեր կը բանայ անձեռնմխելի համարուող հպարգէլքներու « թապուներ» պատուարին մէջ ու կը խոցէ թրքութեան մտացածին արժանապատուութեան Աքիլլեսեան կրունկը:
Տարագիր հայ ժողովուրդի հաւաքական հոգեխոցի եւ թուրքերու հալածախտի հոգեբանական ոլորտներու մէջ տեղի ուեցող երկկողմանի պատերազմը, մանաւանդ թուրքիոյ պարագային, պարբե րաբար նոր երեւոյթներով կը սպառնայ երկրին քաղաքացիական բռնաբարուած գիտակցութեան կայունութեան, կը խախտէ մտային մթագնումի արդիւնքով ձեռք բերուած արհեստական հաւասարակշռութիւնը եւ ասպարէզ կը դառնայ աննախընթաց էութեամբ տեղի ունեցող պայքարներու:
Թուրքիոյ մէջ, Պումերանկի տրամաբանութեամբ տակաւ ձեւաւորուած իրատես մտաւորական-ներու փաղանգին տարած բազմաբնոյթ աշխատանքներուն շնորհիւ, մերթ արագընթաց, մերթ յամրաքայլ կշռոյթով կը փշրուին կոշկոռ կապած մտակաղապարներ ու հպարգէլքներ, որոնց կարեւորագոյնը նկատուած հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան « թապու »ին վերացումը՝ ըստ երկրին յառաջապահ մտաւորականութեան համոզումներուն, պէտք է դիտել եւ ընդունիլ որպէս անշրջանցելի, անփոխարինելի եւ հրամայական պահանջք երկրին իրական ժողովրդավարացման ճանապարհին, այս պատճառով մտաւորականութեան այս դասակարգը անտեղիտալի պայքար կը տանի հայատեացութեամբ առաջնորդուող պետական պաշտօնական գաղափարախօսութեան դէմ, պարզապէս մեկնելով այն գիտակցութենէն, որ քաղաքական հպարգէլքներ ունեցող պետութիւնը երբէք ժողովրդավար չի կրնար ըլլալ, հետեւաբար բոլորովին ալ պատահական չէ, որ հայ ժողովուր դի ցեղասպանութեան հարցի արծարծումը՝ կամայ թէ ակամայ դառնար հայատեացութեան վրայ հիմնուած պետական պաշտօնական գաղափարախօսութեան դէմ պայքարելու առանցքային գործօն, զուգահեռաբար եւ’ մեկնակէտ իր պատմական յիշողութեան վերականգնումին, քօղազերծելու դար մը ամբողջ իր գիտակցութենէն հեռու մնացած սեփական պատմութեան արատաւոր ծալքերը, պատ-մութիւն մը՝, որ 1928-ին, Մուսթաֆա Քեմալի սադայէլական հնարքով՝ օսմաներէնը լատինատար թրքերէնով փոխարինուելէն ետք դարդրած էր ընթեռնելի դառնալէ … դարձած էր անթեղուած անցեալ եւ յիշողութեան շիրմաքար, մինչ լատինատար պատմագրութեամբ Թուրքիան կը դառնար անցեալ չունեցող բացարձակ սկիզբ, ուր « թրքութեամբ » հպարատանալու « Երանի՜ անոր , որ թուրք է … » Քեմալական բարոյական պարտադրանքը, իր խորքերուն մէջ կը թաքցնէր ցեղասպան թուրքին հալածախտի անբուժելի հոգեբանութիւնը:
Եւ այսօր, լոկ 100 տարուան պատմութիւն մը ունենալու իրողութիւնը՝ խորապէս կը վիրաւորէ, կը գայթակղեցնէ ու կ’ըմբոստացնէ ոչ միայն թուրք իրապաշտ եւ ողջախոհ մտաւորականութիւնը, այլեւ անոր ազդեցութեան ոլորտին մէջ գտնուող հասարակական գիտակցութիւնը, կը խզուի 100 տարիներու պարտադիր լրութիւնը, ցաւագին խարխափումներու մէջ տակաւ կը վերականգնուի բռնաբարուած յիշողութիւնը, կը բացայայտուի իրերայաջորդ վարչակարգերու ոճրածին գաղափարախօսութեան հենքը, այս բոլորին արդիւնքով Քեմալական հանրապետութեան առասպելը տակաւ կը կորսնցնէ « հերոսապատում »ի, « գերհզօրութեան», «անպարտելիութեան» եւ « գերադասութեան » իր հմայքն ու արժեքային հեղինակութիւնը…
Եւ ո’չ միայն այդքան, պատերազմական ոճիրներով ձեռք բերուած կասկածելի յաղթանակներու թղթածրարները քննողներն ու տուժածներու յամառ հետապնդումները՝ այսօր հարցականի տակ դնելով թրքութեամբ հպարատանալու բարոյական «տոկմա»ն, հոգեբարոյական լուրջ տագնապներ եւ պառակտում կը ստեղծեն Քեմալական հալածախտը ժառանգած երկրին քաղաքական-քաղաքացիական խճանկարային ոլորտներուն մէջ, ուր տեղի կ’ունենան տարականոն տեղաշարժեր:
– Պատմամշակութային ոլորտի մէջ, թուրք մասնագէտները չյայտարարուած բայց տարողունակ զգայախաբութեան հետեւանքով լուրջ տագնապ կ’ապրին:
– Թուրք պատմաբաններու միջեւ գոյացած պառակտումը եւս կը վկայէ, որ պետական պաշտօնա- կան պատմութիւնը պաշտպանող պատմաբաններու սուտի եւ կեղծիքի վրայ հիմնուած թեզերու բացայայտումով, կասկածի տակ կը դրուի երկրին անթեղուած անցեալը եւ զայն վերատեսութեան ենթարկելու պահանջքը կը դառնայ պետական համապատասխան կառոյցներուն ուղղուած լուրջ մարտահրաւէր, այս ուղղութեամբ թուրք պատմագէտ Փրոֆ. Թանէր Աքչամի եւ իր նմաններուն կատարած գիտական ծանրակշիռ ուսումնասիրութիւնները կ’արժանանան մտաւորական առողջ շրջանակներու ուշադրութեան եւ հիմք ու ատաղձ կը դառնան ակադեմական չափանիշներով կատարուող գիտական հետազօտութիւններու եւ վերլուծութիւններու, որոնցմէ օրինակի կարգով կ’առանձնացնենք Թ.Աքչամի եզրակացութիւններէն հետեւեալը՝
« Այսօր աւելի քան երբէք յստակ է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մայր կառոյցը հիմնուած է քրիստոնէական մշակոյթի վերացման եւ երկրին ոչ-մուսլուման հատուածի ինչքերու բռնազաֆթումին եւ իւրացման վրայ…
Պաշտօնական թուրքիոյ հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ բռնած ժխտողական քաղաքակա-նութեան դիրքը՝ մեծապէս կ’առընչուի հատւցման խնդիրին, որովհետեւ ճանաչումի պարագային Թուրքիան հարկադրաբար պիտի կանգնի հայերու վնասները հատուցելու անխուսափելի խնդիրին առջեւ …
Փոխհատուցումը կարելի չէ սահմանափակել լոկ ինչքերու վերադարձը ձեւաբանող օրինագիծերով, պարզապէս որովհետեւ ան աւելին է քան անոր նիւթական սահմանումը , միւս կողմէն անհնար է նաեւ հայերու նիւթական կորուստներու անչափելի տարողութեան հաշուեկշիռը պատկերացնել, սակայն ինչ ալ ըլլան հատուցումին չափն ու ձեւերը, անոնք կը մնան խորհրդանշա- կան եւ երբէք չեն համապատասխաներ կորուստի իրական չափերուն…
Այս բոլորին ընդմէջէն կը յստականայ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը « թապու » ի վերածե-լու բուն պատճառը, այլապէս պէտք է ընդունիլ, հանրապետական թուրքիան կերտած հերոսներու շարքին տեսնել մարդասպաններու , աւազակներու եւ թալանիչներու գործօն ներկայութիւնը … հանգամանք մը՝ որ աւերիչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ հանրապետութեան հեղինակութեան եւ ազգային ինքնութեան մասին թուրքերու ունեցած անխախտ համոզումներուն վրայ…»:
Գիտական անաչառութեամբ եւ մտաւորական պարկեշտութեամբ առաջնորդուող նման եզրա-յանգումներ ինքնըստինքեան ձախողութեան կը մատնեն պարբերաբար շրջանառութեան մէջ դրուող հայ-թուրք յաշտութեան յանձնախումբերու կազմութեան եւ պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողովի մը յառաջացման առաջադրանքները, այս ուղղութեամբ, 2005-ին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի պատմաբաններու յանձնաժողովի մը կազմութեան նախաձեռնութիւնը, քաղաքական ձախող մարտավարութիւն մը ըլլալու կողքին, նաեւ կը բացայայտէ Թուրքիոյ պետական քաղաքականութ- եան հոգեբանութեան ախտաւոր կենսակերպը…
– 2008-ին, համացանցի վրայ Ահէմտ Ինսէլի, Պասքըն Օրանի, ճէնկիզ Աքթարի եւ Ալի Պայրամօղլուի նախաձեռնութեամբ « Հայերէն ներողութիւն կը խնդրենք » կոչով տեղի ունեցած ստորագրահա- ւաքի արշաւը եւս պումերանկի օրինակով սուր տագնապ ստեղծեց Թուրքիոյ քաղաքական-քաղաքացիական գիտակցութեան մէջ, պառակտեց երկրին մտաւորականութիւնը եւ անգամ մը եւս հայերուն հանդէպ բորբոքեց թուրք ազգայնական-ծայրայեղական շրջանակներու ատելութիւնը, որոնց համար խնդրոյ առարկայ կոչը՝ թուրք ժողովուրդի միասնականութեան ուղուած հարուած մըն էր, միանգամայն հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առաջնորդող քայլ մը, որ նոյնաբնոյթ մարտավարութեամբ մը պէտք էր հակակշռել, հակադարձութիւնը սկիզբ առաւ հանգստեան կոչուած 60 թուրք դիւանագէտներու ներողութեան արշաւը պարսաւող այլ կայքէջի մը ստեղծումով, սպայակոյտի հրամանատարութիւնը եւս չուշացաւ « ներողութեան կոչ»ը բնութագրելու իբրեւ երկրին շահերուն վնասող արարք, մինչ միւս կողմէն, հայ զանգուածին մէջ եւս « կոչ» ին ստեղծած հոգեբանական տուայտանքը՝ հակադիր անդրադարձեր արձանագրեց:
Թուրքիոյ քաղաքացիական-հասարակական ոլորտներուն մէջ ի յայտ եկած ինքնութեան տագնապը եւս, հակառակ նորահաս սերունդներու հոգեբանութեան մէջ հայերու հանդէպ հետեւողականօրէն ներմուծուող մաղձին, թոյնին եւ ատելութեան իր նոր երեւոյթներով կը սպառնայ երկրին բռնապետական մոլուցքով առաջնորդուող քաղաքականութեան, այստեղ մեծ դեր կը խաղան ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատող կարեւոր հրատարակութիւններ, մամուլին մէջ լոյս տեսնող ողջախոհ մտաւորականներու հրապարակումներ, վաւերագրական ժապաւէններ, մշակութային ձեռնարկներ եւ այլաբնոյթ նախաձեռնութիւններու օրէցօր աճող քանակն ու որակը: Այս պարունակի մէջ հրապարակ ելած ցեղասպանութեան ընթացքին բռնի կրօնափոխ դարձած հայերու հարցախնդիրը ինքնին՝ երկրի ողջ տարածքին ինքնութեան տագնապ յառաջացնող առաջնագոյն գործօնը կը համարուի, որուն տարողունակ դրսեւորումը ի յայտ եկաւ Հրանդ Տինքի յուղարկաւորու-թեան եւ անոր յաջորդած դատավարւթիւններու ընթացքին ցուցաբերուած ժողովրդային լայն զանգուածներու մասնակցութեամբ, այստեղ մեծ է դերը իրաւագէտ Ֆէթհիյէ Չէթինի, որ իր « Մեծ Մայրիկս » ( 2004 ) եւ « Թոռներ » ( 2009 ) հատորներով կը հանդիսանայ Թուրքիոյ տարածքին ինքնութեան կայծը բռնկեցնող կարեւորագոյն հեղինակութիւններէն, ըստ որուն՝ թուրքին ինքնութեան տագնապն ու հալածախտը պիտի շարունակեն խորանալ ու բարդանալ այնքան ատեն, որ ան կը շարունակէ ուրանալ իր գործած մեղքը, կամ լաւագոյն պարագային կը շարունակէ խաղալ իր կրաւորական հանդիսատեսի դերը, որուն մտայնութեան մէջ, գործուած մեղքը դադրելով յանցանք նկատուելէ ազգային աւանդոյթ-սովորոյթ դարձած է, մինչդեռ հակառակը պէտք է պատահի, որովհետեւ « իրական դատաւորը ժողովուրդներն ու անոնց խիղճն է … »:
Յետ հայոց ցեղասպանութեան, Եւրոպայի կպած առաջին ֆաշական պետութիւնը հանդիսացած Թուրքիոյ քաղաքական-պետական ոլորտներուն մէջ բոյն դրած հալածախտի հոգեբանական տագնապը առաւել եւս սրելով, հաշուեյարդարի ենթարկեց երկրին տարածքին վրայ գտնուող այլ փոքրամասնութիւններ , ինչպէս յոյներն ու ասորիները, զուգահեռաբար հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը հետեւողական կշռոյթով, ժամանակի ընթացքին բացարձակ անտեսումէն անցաւ ժխտումի ապա խեղաթիւրումի փուլերէն՝
40-50 ականներուն, Թուրքիոյ սպայակոյտի զօրավարներէն Էսատ Ուրազըի առաջնորդութեամբ սկսած խեղաթիւրման քարոզարշաւը ընդլայնեցաւ 70-ականներուն թուրք դիւանագէտներուն դէմ շղթայազերծուած արարքներէն ետք, եւ թափ ստացաւ Իհսան Սաքարիայի, Քամուրան Կիւրիւնի, Եուսուֆ Հալաճօղլուի եւ այլոց կատարած արխիւներու ապակողմնորոշիչ հատուածներու հրապա-րակումներով, պարզապէս շփոթ ստեղծելու միջազգային հանրային կարծիքին մօտ:
1993-ին, ժխտողական քաղաքականութեամբ առաջնորդուող թուրք դիւանագիտութիւնը յաջողեցաւ ՄԱԿ-ի տեղեկագիրներուն մէջ մուտք գործած, 1944-ին Լեմքինի սահմանումով « ցեղասպանութեան եզր»ը հանել տալ:
1980-2010 որդեգրուած քաղաքականութիւնը կը խուսափի փաստերու քննարկումէն, փոխարէնը թէ’ տեղական թէ’ միջազգային հարթակներու վրայ կը ծաւալէ խեղաթիւրումի կազմակերպուած քարոզարշաւ, այս առանցքին մէջ կաշառելով միջազգային լոպպիիստական կառոյցներ, օտար պատմաբաններ, միջազգային լրատուական ցանցերու մէջ հեղինակութիւն վայելող վարձկան լրագրողներ եւ արեւմուտքի համալսարաններուն մէջ ժխտումի քաղաքականութիւնը հունաւորելու կոչուած գիտաշխատողներ, դասախօսներ եւ ամպիոններու ղեկավարներ, այս մասին ըստ ցեղաս-պանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախագահ՝ Կրեկորի Սթենթոնի « Ժխտումը ցեղաս-պանութեան վերջին փուլն է, որ տուժող կողմին հոգեբանօրէն եւ մշակութային առումով ոչնչացնե- լու, այդ խումբի անդամներուն նոյնիսկ իրենց հարազատներուն մասին ունեցած յիշողութենէն զրկելու շարունակական փորձ է, եւ ահա Թուրքիոյ կառավարութիւնը այս է, որ կ’ընէ աշխարհասփիւռ բոլոր հայերուն նկատմամբ…»:
Ամէն տարի Ապրիլ 24-ի նախօրէին Թուրքիոյ պետական ոլորտի բաղկացուցիչ քաղաքական եւ դիւանագիտական կառոյցները հոգեբանական լուրջ տագնապ կ’ապրին եւ զօրաշարժի կ’ենթարկեն իրենց ենթակայ կազմակերպութիւնները, խափանելու ցեղասպանութեան ճանաչման նպաստող որեւէ փորձ, մանաւանդ երբ ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի ներկայացուցիչներու պալատի օրակարգերուն մէջ տեղ գտած ըլլայ ցեղասպանութեան բանաձեւի քննարկման հաւանականութիւն մը, այդ կազմակերպութիւններու ամենէն ազդեցիկը կը համարուի 1956-ին ԱՄՆ-ի մէջ կեանքի կոչուած
« Թրքական Միութիւններու Դաշինք» ը, որուն կառոյցը կը համակարգէ ԱՄՆ-ի մէջ գործող աւելի քան 40 թրքական եւ Ազրպէյճանական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, զօրավիգ ունենալով 1991-ին Նիւ Եորքի մէջ ստեղծուած Turkish Forum համացանցային կայքէջը:
Հայաստան- Թուրքիա « Արձանագրութիններու » նախաձեռնութիւնը եւս, իր երեւութապէս մեղկ ու ձեւական տրամադրութիւններու ստեղծումով, խորքին մէջ գայթակղեցուց եւ լուրջ անհանգստու- թիւն պատճառեց երկրին ազգայնական, ցեղապաշտ եւ այլամերժ հատուածներուն, որոք պարբերա- բար իրենց կազմակերպած գրգռիչ ցոյցերով չեն վարանիր իրենց հայատեացութեամբ վառող զգացումները յայտնել:
Պէտք է ըսել, որ իր ունեցած հալածախտին պատճառով, Թուրքիա այսօր աւելի քան երբէք ապաբարոյական միջոցներով իր բոլոր ուժերը լարած է ոչ այնքան ճանաչումի պահանջքը շրջանցելու, այլ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհ դարձած, իր բնօրրանէն արմատախիլ եղած, բայց իր իրաւունքներու ձեռք բերման հետամուտ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի 100-ամեակը խափանելու:
Այս բոլորին առընթեր, հակադիր բեւեռի վրայ հայ ժողովուրդին ժառանգական հոգեխոցը կը շարունակէ կոտտալ, այնքան ատեն որ Եւրոպայի սահմանամերձ առաջին ֆաշական պետութիւնը՝ Թուրքիան, միջագային իրաւական օրէնքներու լոյսին տակ, հայ ժողովուրդի ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք դեռ պատասխանատուութեան չէ կանչուած, դատապարտելի իրականութիւն մը, որ չի սանձեր նոր ցեղասպանութիւններ գործելու անոր յաւերժական մոլուցքը եւ դեռ աւելին՝ յիշողութ- եան բռնաբարումն ու անպատժելիութեան ցասումը 1.500.000 անշիրիմ նահատակներու սուգը կը դարձնեն անվերջ: Փաստօրէն թուրքը խոչընդոտելով պատմական ճշմարտութեան փոխանցութիւնը դեռ կը շարունակէ գործել իր ցեղասպանական ոճիրը , անցեալին բնաջնջումով միաժամանակ կը գրոհէ նաեւ ներկային ու ապագային վրայ, մէկը ոչնչացնելով միւսին գոյութինը հարցականի տակ կը դնէ:
Իրենց բնօրրանէն ամատախիլ եղած զանգուածներուն համար ռազմական նշանակութիւն ունեցող հողին կորուստը ինքնին՝հաւաքական տագնապին հիմնական պատճառը հանդիսացած է, երկրային հենարան չունենալու սարսափը եւ հաւաքական յիշողութիւնը թիրախ դարձուցած սպառնալիքները խոցելով հոգին, մեծ դեր խաղցած են տարագիր հայուն հոգեբանական կենսակեր- պի ձեւաւորման մէջ:
Հաւաքական հոգեխոցը ծանրօրէն կրած ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդած առաջին սերունդի հայ կիներու կեանքը եղած է աւելի անտանելի ու դաժան քան մահը ինքնին, բռնաբարուած ու բռնի կրօնափոխ դարձած հայ կանանց եւ աղջիկներու հոգեխոցը աւելի սուր է եւ աւելի ցաւագին քան հրաշքով փրկուած վերապրողներու հոգեկան ծանր ապրումները, առաջինները երբէք չեն ուզած իրենց ողբերգութեան մասին արատայայտուիլ, լրիկ-մնջիկ կրած են թէ’ իրենց հարազատներուն կորուստի ցաւը թէ’ կրծած են իրենց սպաննուած արժանապատուութեան ամօթը եւ փակուած իրենց սգաւոր ներաշխարհին մէջ, անկախ այն հանգամանքէն, որ թուրքի մը կամ քիւրտի մը կինը ըլլալով անոր զաւակներուն ծնունդ տուած են, այս մասին կրկնութեան գնով օրինակ կը ծառայեն Ֆէթհիյէ Չէթինի « Մեծ Մայրիկս » եւ « Թոռներ » գիրքերը, ինչպէս նաեւ Կիւլչիչէք Կիւնէշ Թեքինի « Սեւ Պատանք »ը, Քեմալ Եալչընի « Վերապրողները », Յակոբ Խաչիկեանի եւ Ժան Իվ Սուսիի համահեղինակութեամբ « Ամառ Առանց Այգաբացի » վէպերը եւ Սուզան Խարտալեանի բեմադրութեամբ « Մեծ Մօրս Դաջուածքները » ժապաւէնը:
Միւս կողմէն, հայկական ճարտարապետական կոթողներուն, եկեղեցիներուն եւ վանքերուն աւերն ու աւարը, մանաւանդ հոգեւոր կառոյցներու եւ գերեզմաններու պղծումը եւս, խոր ակօսներ բացած են զանոնք կորսնցուցած զանգուածին հոգեբանական աշխարհին մէջ:
Եղեռնի արհաւիրքը ապրած բայց կերպով մը ողջ մնացած երեխաներու հոգեբանական տագնապներով նշանաւորուող կեանքը եւս դարձած է երկարաձիգ լրութիւններու ուղի:
Յետ ցեղասպանութեան, թրքութեամբ հպարտանալու եւ անխոցելի ազգ ըլլալու բարոյական տոկման՝ երկրին ազգային, էթնիկ եւ կրօնական խայտաբղէտ պարունակի հոգեբանութեան մէջ նոր խոցեր ստեղծելով, առաջին հերթին իր թիրախը դարձուց տեղւոյն հայ զանգուածը: Գաւառներու մէջ բռնի կրօնափոխ դարձած հայերու քաղաքացիական կարգավիճակը աւելի քան ողբերգական ըլլալով , պարզապէս շարունակուող ցեղասպանութեան այլ տարբերակ մըն էր, որուն կենդանի զոհերուն հոգեբանական կառոյցը՝ համապատասխան բնագաւառի գիտական ուսումնասիրութիւն-ներու աննախընթաց նիւթ կը համարուի, իսկ ապօրինի տուրքերու որպիսին էր ունեւորութեան տուրքը, չպատճառաբանուած բռնութիւններու, hալածանքի, խտրութեան, թշնամական վերաբեր-մունքի եւ ընդհանրապէս հոգեւոր, մշակութային, կրթական եւ հասարակական բնագաւառներու մէջ եղած ճնշումները, իրենց ստեղծած սարսափի մթնոլորտով հաւաքական հոգեխոցը աւելի կը խորացնէին:
Մինչ տարագիր հայութեան աշխարհասփիւռ բեկորներու հոգեվիճակը, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած հայ գաղութներու բաբախուն կեանքին շնորհիւ, համեմատաբար աւելի բարեյոյս պատկեր մը կը ներկայացնէր, սակայն զերծ չէր հոգին գալարող ցաւերուն յաճախանքէն:
Այսօր, ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, հայ-թուրք հակամարտութեան առանցքին մէջ տեղի ունեցող պարբերական տեղաշարժերը իրենց դրական թէ բացասական անդրադարձերը կ’ունենան հայ անհատի հոգեբանական ոլորտին մէջ, այս իմաստով վիրաւորական եւ գայթակղեցուցիչ են Թուրքիոյ մղած քարոզչական պատերազմի բաւիղներուն մէջ, հետեւողական կշռոյթով հրապարակուող՝ ցեղասպանութիւնը ժխտող եւ ճանաչումի ու պահանջատիրութեան իրաւունքները ոտնահարող ոչ միայն պետական պաշտօնական թեզերը, այլեւ այդ սայլին լծուած օտար պատմագէտներու եւ քաղաքագէտներու ունեցած բացասական մտակեցուածքները…: Հոգեբանական տագնապներ կը ստեղծեն նաե’ւ ողջախոհ թուրքին՝ իմա՝ « միւս թուրքին » առկայութեան հանդէպ որոշ կեցուածք որդեգրելու տուայտանքը, միջազգային հանրային կարծիքին որձեւէգ քաղաքակա-նութիւնը, համահայկական չափանիշներով որոշումներ ընդունելու եւ համապատասխան կեցուածք որդեգրելու անկարողութիւնը, Հայաստանէն ահաւոր չափերու հասած արտագաղթը եւ Միջին Արեւելքի աւանդական գաղութներուն քայքայումը …:
Արդ՝
Մեկնելով 100-ամեակի մը ընթացքին մեր ունեցած փորձ ու փորձառութեան արժեւորումէն, պէտք է ըսել, որ
-Համահայկական չափանիշներով չենք կրցած համապատասխան հակազդեցութիւն ցուցաբերել եւ Թուրքիոյ ու անոր ջաղացքին ջուր լեցնող վարձկան գործիչներու կեղծ ու ստայօդ թեզերը բացայայտող՝ համարժէք փաստարկներով պատմութեան նենգափոխութիւնը հակակշռել, այս իմաստով ցաւալի իրականութիւն է, որ ցեղասպանութեան թեման միջազգային չափանիշներով գիտական ուսումնասիրութեան առարկայ դարձնելու համար, ցարդ չենք կրցած լաւագոյնս օգտագործել առկայ բազմաթիւ հնարաւորութիւններ, մինչ Թուրքիոյ զուգահեռ, Ազրպէյճանական կողմը եւս, այլ ճակատի վրայ իր դիւանագիտական շրջանակներուն տարած անխոնջ աշխատանքով անտեղիտալիօրէն կը նկրտի միջազգային իրաւագիտական տարողութեամբ « Խոջալու »ի մտացածին դէպքին իբրեւ « ցեղասպանութիւն » գնահատական ապահովել:
– Եւ ո’չ միայն այդքան, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան իրենց դիւանագիտական աշխարհատարած ներ-կայացուցչութիւններու, միջազգային լրատուամիջոցներու եւ արեւմուտքի համալսարաններուն մէջ գործող կաշառուած պատմագէտներու, գիտաշխատողներու եւ լրագրողներու միջոցաւ կը տարածեն այնպիսի նիւթեր, ըստ որոնց իբրեւ թէ հայերը թուրքերուն դէմ ցեղասպանութիւն գործած են … հետեւողական ուժականութեամբ կատարուող այս աշխատանքները կը միտին ապակողմնորոշել միջազգային հանրային կարծիքը, միաժամանակ աղաւաղել ու մրոտել հայուն կերպարը, անոր հանդէպ թուրքին ատելութեան զգացումները միշտ բորբ պահել, եւ մանաւանդ այսպիսով ձգտիլ հակակշռելու երկրին մէջ տակաւ ձեւաւորուող յառաջապահ մտաւորականութեան ունեցած ազդե-ցութիւնը երկրին քաղաքացիական ոլորտներուն մէջ, եւ ահա ճիշդ այս պատճառով զարմանալի չթուի եթէ 1915-ի Ապրիլ 24-ին, Թուրքիոյ նախագահը Էրտողան հանդէս գայ հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու յայտարարութեամբ, պարզապէս վերջ դնելու երկրի յառաջապահ մտաւորականութեան իր եւ մասնաւորաբար պետական քաղաքականութեան դէմ տարած պայքարին, այս քայլով նաեւ իբրեւ արդարամիտ եւ իր բոլոր մեղքերուն թողութիւն ստացած, ապաշխարհեալ ղեկավար, ճամբայ հարթել Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ պետութեան տարածաշրջանի գերիշխող ուժը դառնալու նպատակի իրականացման:
– Այս պատճառով իսկ, մանաւանդ մեկնելով այն իրականութենէն, որ ժխտումը այլեւս սնանկա- ցած քաղաքականութեան գործօն է, ամէն գնով պարտինք կանխել, արգելակելեւ արգիլել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով՝ հայ ժողովուրդը հոգեբանական պարտութեան մատնելու Թուրքիոյ հաւանական մարտավարութիւնը… թոյլ չտանք, որ նման դաւադիր պահու մը հայոց ցեղասպանու-թեան 100-ամեակը դառնայ հայ ժողովուրդը պառակտող, կոտորակող դարադարձ, որովհետեւ անկարելի է « ճանաչում » ով հարցը փակուած նկատել, այլ ընդհակառակը՝ բռնցքուած կամքով
Պահանջատիրութիւնը դարձնենք 100-ամեակի մէկ ու միակ կարգախօս, այս ուղղութեամբ Հայաստանի պետութեան ցուցաբերելիք կեցուածքը եւս կարելի է համարել ճակատագրական:
– Պումերանկի տրամաբանութեամբ, բոլոր հարթակներու եւ բոլոր բնագաւառներու մէջ կարեւորութիւն ընծայենք հայ-թուրք անհատական հանգամանքով հասանելի համախոհութեան եւ համագործակցութեան գործօնին, պարզապէս որովհետեւ թուրք յառաջապահ մտաւորականութեան իր պատմական յիշողութիւնը վերականգնելու գործընթացը կը սկսի հայոց ցեղասպանութեան բացայայտումով, իսկ այս առանցքին մէջ տարուող բազմաբնոյթ աշխատանքները մեծապէս կը նպաստեն Թուրքիոյ ժողովրդային-հասարակական խաւերու լուսաբանումին եւ ճիշդ կողմնորոշման:
Եւ վերջապէս ամէն գնով ջանալ , որ հարցը ստանայ իրաւական տարազում … թոյլ չտալ, որ փոխհատուցումը սահմանուի լոկ ինչքերու վերադարձը ձեւաբանող օրինագիծերով, այլ « Հայ Դատ » ի արդարացիութիւնն ու անժամանցելիութիւնը ամրագրել իբրեւ համամարդկային հիմնախնդիր…:
ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Հալէպ