ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ շրջանառութեան դրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ օրէնքներու երկու նախագիծեր, որոնք քննարկման պիտի դրուին մինչեւ խորհրդարանի գարնանային արձակուրդը:
ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան կը յայտնէ, թէ 15 Փետրուարին կը նախատեսուէր խորհրդարանի պատգամաւորական հարց-պատասխանի ժամ, երբ դարձեալ քննութեան առարկայ պիտի դառնային Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող նախագիծերը:
«Քննարկումը նախատեսուած էր, սակայն յետաձգուեցաւ: Կը կարծենք, որ մինչ խորհրդարանի գարնանային արձակուրդը, շուրջ երկու շաբաթէն, այդ նախագիծերը կը դրուին քննարկման: Ինչ կը վերաբերի շրջանառուող այն լուրերուն, ըստ որոնց՝ Հոլանտայի խորհրդարանը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող նախագիծերը, ապա կը կարծեմ, որ որոշ լրատուամիջոցներ շտապողականութիւն ցուցաբերած են: Նման որոշում առայժմ թուղթի վրայ չկայ», ըսաւ Մասիս Աբրահամեան՝ աւելցնելով, որ խորհրդարանի պատգամաւորներուն մօտ ընդհանուր առմամբ կայ դրական տրամադրուածութիւն՝ ներկայացուած նախագիծերուն հանդէպ, եւ փորձագէտներն ու օրէնսդիրները կասկած չունին, որ նախագիծերը պիտի հաստատուին: