Հոլանտայի խորհրդարանի ստորին պալատը` Tweede Kamer-ը Հինգշաբթի ձայներու մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուաւ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին երկու բանաձեւերուն: Այդ մասին կը յայտնէ NLTimes-ը:
Բանաձեւերէն առաջինը կը նշէ, որ Tweede Kamer-ը «կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», միւսը, որ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարը պէտք է Ապրիլին ներկայ գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման արարողութեան Հայաստանի մէջ: Կ՛ակնկալուի, որ այս որոշումը վատ անդրադառնայ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի յարաբերութիւններուն վրայ, կը հաղորդէ ANP- ն:
Երկու բանաձեւերն ալ ներկայացուած էին ChristenUnie կուսակցութեան պատգամաւոր Եոյել Ֆորտեւինտի կողմէ: Բոլոր 4 համախոհ ուժերը սատարած են այդ բանաձեւերուն, կը գրէ armradio.am-ը։