ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Գարնանային զուարթ արեւը, շաբաթներէ ի վեր քէնոտած էր եւ պահուըտած գորշ ամպերու ետին, զրկելով քաղաքին բնակչութիւնը իր կենսատու լոյսէն եւ ջերմութենէն:Կարծես այս պատիժը չբաւէր,զայն ամբողջացնելու համար, երեք օր շարունակ հեղեղանման անձրեւներ ողողած էին մայրաքաղաքը եւ մերձակայ շրջանները: Վերջապէս այդ երեկոյ, արեւը հաշտութեան դաշինք կնքեց ինք իր հետ եւ բարեհաճեցաւ դուրս գալ իր թաքստոցէն անհուն ժպիտով, մարդիկը հրաւիրելով բացօթեայ զբօսանքի:
Մելիսա անմիջապէս վերցուց հեռաձայնին ընկալուչը եւ իր մտերիմ բարեկամուհիներուն «հրահանգեց» հանդիպիլ իրենց սովորական հաւաքատեղին՝ նշանաւոր Լա Պիէլա բացօթեայ սրճարանը: Ապա, առանց ժամանակ կորսնցնելու, իր ինքնաշարժով ուղղուեցաւ հոն, տեղ ապահովելու համար, որովհետեւ վստահ էր, որ քիչ յետոյ սրճարաններն ու ճաշարանները պիտի վխտային յաճախորդներով, որոնք պիտի չուզէին զրկուիլ մայրամուտի ոսկեգոյն շողերէն:
Մէկ ժամ յետոյ,վեց ընկերուհիները նստած էին սեղանին շուրջ եւ համով հոտով կը նախընթրէին եւ կը զրուցէին: Վեցն ալ կէս դարը շատոնց ետեւ ձգած էին.իրենց բարեկամութիւնն ալ բաւական խորունկ արմատ նետած էր: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը միւսին կենսագրութեան երեք քառորդին ծանօթ էր իր սպիտակ եւ սեւ երեսներով. իսկ միւս քառորդը զուտ անձնական էր, որ միայն ենթակային վերապահուած էր:
Ժամանակի ընթացքին, Մելիսան, լռելեայն դարձած էր իրենց խումբին ղեկավարը: Արդար ըլլալու համար, պէտք է խոստովանիլ, որ անիկա ղեկավար ըլլալու բոլոր պայմանները կը լրացնէր.զօրաւոր նկարագրի տէր, յանդուգն, արագաշարժ եւ վճռակամ. չէր հանդուրժեր թէ՛որոշում առնելու եւ թէ՛զայն գործադրելու մէջ տնտնացող, վարանող մարդիկը.նաեւ երբ չնախատեսուած հարցեր ծագէին, խուճապի չէր մատնուեր, անպայման ելք մը կը գտնէր: Ապակիի նման թափանցիկ էր,կեղծիք գոյութիւն չունէր իր մօտ: Միայն ղեկավարը բնորոշող հիմնական յատկութիւն մը, որուն «դիւանագիտութիւն» անունը կու տային, կը պակսէր Մելիսային եւ որուն բացակայութիւնը երբեմն անելի կը մատնէր զինք, կամ անախորժ կացութիւններու դուռ կը բանար,ինչպէս, որ պատահեցաւ, երբ իրենց խումբէն երկու ընկերուհիներ վշտացած՝ հեռացան: Թերեւս ատիկա հետեւանքն էր իր միտքը արտայայտելու իւրայատուկ ձեւին: Բառերը առանց ծամծմելու, առանց երկարելու, որքան կարելի էր, հակիրճ, սեղմ խօսքերով կ’ամփոփէր ըսելիքը, հոգ չէ թէ, երբեմն անոնք կճող ըլլային:
Մելիսային նկարագրի ցայտուն գիծերը ի յայտ եկած էին ուսանողական տարիներուն: Իր իրաւունքը կը պաշտպանէր յամառօրէն եւ թոյլ չէր տար, որ մեծերը անտեսէին իր պահանջքները, ո՛չ ծնողք, ո՛չ ուսուցիչ, ո՛չ այլ պատասխանատուներ: Ճիշդ այդ պատճառով, երկրորդականի աշակերտութիւնը միահամուռ որոշումով՝ զինք պատգամաւոր ընտրեց ուսանողական կեդրոնին, որպէսզի իրենց դժգոհութիւնը, կամ առաջարկները ներկայացնէր ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան:
Երբ համալսարան մտաւ, բոլորն ալ կ’ենթադրէին, որ պիտի հետեւէր իրաւաբանական ճիւղին, որովհետեւ շատ փայլուն փաստաբան մը կրնար ըլլալ, սակայն որքան զարմացան, մանաւանդ ծնողքը, երբ ընտրեց հաշուապահութիւնը: Նախքան աւարտելը,շնորհիւ իր բարձր նիշերուն, ընդունուեցաւ առեւտրական մեծ ընկերութեան մը մէջ:
Տարի մը յետոյ, երբ վստահ եղաւ, որ իր ստացած աշխատավարձով ի վիճակի էր յարկաբաժին մը վարձելու, գնաց առանձին ապրելու: Իր յարաբերութիւնը ծնողքին հետ սովորականէն անդին չէր անցներ. ոչ շատ մօտ, ոչ ալ հեռու: Չէր ուզեր, որ իր կեանքին, իր որոշումներուն միջամուխ ըլլային եւ իր ազատութիւնը կաշկանդէին:
Շաբաթավերջերուն՝ընկերներ, մի քանի մօտիկ պաշտօնակիցներ կը հաւաքուէին իր, կամ ուրիշի մը տունը, կամ կ’երթային պարելու եւ հաճելի ժամանակ կ’անցընէին, կ’ուտէին, կը խմէին մինչեւ ուշ ատեն, ապա ամէն մարդ իր տունը կը վերադառնար:
Արեւը իր փէշերը հաւաքեց եւ գնաց ննջելու. սակայն ընկերուհիներէն ոչ մէկը երթալու մասին կը մտածէր. հաճելի էր վայելել իրիկնային այս տեսարանը, որուն կարօտը ունէին:
Յանկարծ՝ Մելիսային աչքին զարկաւ դէպի իրենց կողմը յառաջացող զոյգ մը. տարիքոտ մարդ մը անուասայլակին մէջ, եւ երիտասարդ կին մը, որ զայն կը քշէր: Մարդուն դէմքը ծանօթ թուեցաւ.երբ մօտեցան, Մելիսան ակնոցը դրաւ եւ փորձեց այդ երեսը ժամանակի տարածքինմէջ ետ տանիլ:Բարեբախտաբար մարդը չանդրադարձաւ, որ զոյգ մը խորազննին աչքեր զինք կը դիտէին: Այո,՛ ինք էր՝Էմիլիանոն. ծերացած, կնճռոտած, խղճալի երեւոյթ մը ունէր, բայց աչքերը տակաւին կը պահէին որոշ հմայք մը: Մելիսա երեւակայութեամբ՝ իրենց միասին անցուցած օրերը, հին գիրքի մը մաշած էջերուն նման,սկսաւ դարձնել.սակայն,ո՛չ կարօտի, ոչ՛զղջումի, ոչ ալ սիրոյ նշոյլ մը արթնցաւ իր մէջ. հովը քշեր ու տարեր էր ամէն բան: Արդէն օրին՝ իր զգացումները Էմիլիանոյին հանդէպ, համակրանքէն անդին չէին անցած:
Ընկերային հաւաքոյթներէն մէկուն ընթացքին էր, որ ծանօթացաւ Էմիլիանոյին.նոր վերադարձած էր Պրազիլէն, ուր գացած էր իրենց ընկերութեան մասնաճիւղին գործունէութիւնը ընդհանուր վերատեսութեան ենթարկելու :
Մելիսա, երբեմն կը հանդիպէր անոր միջանցքներէն մէկուն, կամ վերելակին մէջ. հազիւ կը բարեւէր եւ կ’անցնէր.անհաղորդ մէկը կ’երեւէր.սակայն իր այս անտարբեր երեւոյթը չէր համապատասխաներ իր գրաւիչ եւ քաշողական նայուածքին, որ աննկատ չէր անցներ կիներուն կողմէ:
Տարեվերջին՝ Մելիսա իրենց պաշտօնակիցներէն մէկուն պսակին հրաւիրուած էր: Խրախճանքին՝ Էմիլիանօ իր սեղանակիցներէն մէկը եղաւ: Բացի երեք հոգիէ, որոնցմէ մէկն էր ինք, միւսը Էմիլիանօն եւ ուրիշ երիտասարդուհի մը, միւսները իրենց զոյգերուն հետ եկած էին: Հարսնեւորները, երբ պարելու սկսան, Մելիսան բուռն փափաք մը ունեցաւ անոնց միանալու.ակնդէտ սպասեց, որ մէկը, թերեւս Էմիլիանոն զինք պարի հանէր.ի զուր, արդէն խօսակցութեան մէջ այնքան ժլատ եղած էր.. . ճարահատ՝ դարձաւ քովը նստող աղջկան եւ առաջարկեց, որ իրեն ընկերակցէր պարելու, այլապէս պիտի ձանձրանային. խօսիլ ալ անկարելի էր այդ ժխորին մէջ.միւսը քիչ մը շփոթեցաւ, բայց, յետոյ տեղի տուաւ: Երբ երկրորդ պնակը բերին,իրենք ալ վերադարձան իրենց սեղանը բարձր տրամադրութեամբ եւ ըմբոշխնեցին համեղ միսով գետնախնձորը եւ ախորժաբեր գինին:
Գինին անմիջապէս գործի լծուեցաւ. նախ գլուխները տաքցուց, ապա լեզուները բացաւ. աւելի ճիշդ՝ Մելիսային լեզուն, որ անուշութեամբ յաջողեցաւ քակել Էմիլիանոյին ամրօրէն կղպուած բերանը:Հիմա մթնոլորտը տարբեր գոյն եւ համ ստացաւ:
Երբ պարը վերսկսաւ, Էմիլիանոն յանկարծ ոտքի ելաւ եւ զինք պարի հրաւիրեց.Մելիսային սիրտը թպրտաց ուրախութենէն: Ամբողջ պարի տեւողութեան, շատ երջանիկ կը զգար, երբ Էմիլիանոյին թեւերը զինք կը պարուրէին.վերջաւորութեան ՝համարձակեցաւ գլուխը անոր ուսին վրայ հանգչեցնել: Գիշերուան ուշ ժամերուն, երբ սրահը սկսաւ կամաց – կամաց պարպուիլ, Էմիլիանօ առաջարկեց զինք տուն հասցնել իր ինքնաշարժով:Մինչեւ տուն հասնիլը, այդ լռակեաց մարդը այնքան պերճախօս դարձած էր, կարծես հին ծանօթներ ըլլային:
Գրեթէ կէսօր էր, երբ Մելիսա աչքերը բացաւ եւ սթափելու համար, լեղի սուրճով մը սկսաւ օրը. որոշեց այդ օր միայն պտուղ ուտել, որպէսզի նախորդ գիշերուան կերածները եւ խմածները մարսէր: Միաժամանակ թերթը աչքէ անցուց. բայ ց չէր կեդրոնացած. հարսանիքը, կերուխումը եւ մանաւանդ Էմիլիանոյին հետ պարելը, խօսակցութիւնը, միտքը կը խճողէին:
Հետաքրքրական էր գիտնալ, թէ վաղը հաստատութեան մէջ, պիտի շարունակէ՞ր նոյն մօտիկութիւնը ցոյց տալ:
Երկուշաբթի առտու, սովորական ժամուն, ինք հոն էր արդէն. բայց Էմիլիանոն չտեսաւ. ըստ երեւոյթին բացակայած էր, ոչ ալ յաջորդ օրը. արդեօք ի՞նչ պատահած էր:
Ուրբաթ օր հանդիպեցան իրարու միջանցքին մէջ: Մելիսան անհանգիստ էր.կը սպասէր, թէ ինչ ձեւով պիտի բարեւէր իրեն.շատ զարմացաւ,երբ քաղաքավարական չոր բարեւ մը ըսաւ եւ հեռացաւ:Ինչ տարօրինակ մարդ է ըսաւ ինք իրեն. աւելի ուշ, զարմանքը վերածուեցաւ զայրոյթի:
Շաբաթ երեկոյեան՝ Էմիլիանօն իր բջիջայինին մէջ,երկար պատգամ մը ձգած էր, ըսելով, որ ներէր իրեն, նախորդ օրուան պաղ վերաբերմունքին համար: Լուրջ հարց մը ունեցած էր եւ մտահոգ էր. ապա զինք կը հրաւիրէր ճաշի իր տունը. միսով ծալիկներ (empanadas) պիտի պատրաստէր :
Մելիսա թէեւ ուրախացաւ, սակայն չպատասխանեց անմիջապէս:
Կիրակի կէսօրին, տուփ մը անուշեղէնով, գնաց Էմիլիանոյին տունը: Էմիլիանօ շատ սիրալիր ընդունեց զինք, կարծես ձեւով մը քաւելու համար, նախորդ օրուան գործած մեղքը:
Հաճելի ժամանակ անցուցին. ամէն մէկը իր մասին որոշ ծանօթութիւն տուաւ: Բայց Մելիսան, որ գիտէր թափանցել բառերուն խորքը, այն տպաւորութիւնը ունեցաւ, որ Էմիլիանօ իր կենսագրութեան գրքոյկէն գլուխ մը ցատկեց. քառասուննոց մարդ մըն էր եւ թերեւս, առանց անդրադառնալու, կամ գիտակցաբար, քանի մը տարի կլլեց եւ անմիջապէս ներկային անցաւ: Իր կեանքն է մտածեց Մելիսա, ստիպուած չէ ինծի մանրամասն կերպով պատմելու. դեռ նոր կը ծանօթանանք իրարու:
Սկսան աւելի յաճախ միասին դուրս ելլել, պտըտիլ, բայց իրենց գործատեղիին մէջ, շատ զուսպ էին: Էմիլիանոյի խնդրանքին վրայ, Մելիսա, ոչ մէկուն յայտնեց իր բարեկամութիւնը անոր հետ եւ ոչ ալ պատճառը հարցուց:
Ամիսներ անցեր էին, բայց իրենց յարաբերութիւնը տեղքայլի մէջ էր, ո՛չ առջեւ,ո՛չ ալ ետեւ: Էմիլիանոյին կողմէ ,այս չակերտեալ բարեկամութեան՝ սիրային երանգ մը տալու՝ոչ մէկ ճիգ նկատելի էր:Մելիսա պահ մը մտածեց վերջ տալ այս առկախ յարաբերութեան, բայց միաժամանակ, համակրանք մը կը զգար անոր հանդէպ. սէր չէր, վստահ էր ատոր. պարզապէս սովորութիւն դարձած էր երկուքին համար ալ,Կիրակի կամ տօնական օրերը միասին անցընել, պտըտիլ, ճաշել եւ յետոյ ամէն մէկը իր տունը կ’երթար.ոչ ալ ապագայի մասին խօսք կ’ըլլար: Մելիսա չէր յանդգնէր այդ մասին ակնարկութիւն ընելու.յոյս ունէր, որ օր մը այս անորոշ կացութեան վերջ կը տրուի. բայց այդ օրը չէր հասներ:
Օր մը հաստատութեան սրճարանը նստած՝ իր գրասենեակի պաշտօնակիցին հետ սուրճ կը խմէր: Անիկա հետաքրքրական բաներ կը պատմէր, որովհետեւ երկար տարիներէ ի վեր կ’աշխատէր հոն եւ լաւապէս ծանօթ էր պաշտօնեաներուն, ընկերութեան որդեգրած ուրոյն գործելաձեւինեւ ձեռք բերած յաջողութեան: Յանկարծ ուրկէ՞ ուր, մարդը Էմիլիանոյին անունը տուաւ եւ սկսաւ ոգեւորութեամբ անոր նկարագրի բարեմասնութիւնները թուել. որ անիկա շատ կարող, պատրաստուած մէկն է, նաեւ պարտաճանաչ եւ ընդհանուր տնօրէնին աջ բազուկն է: Մելիսան ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէր:«Բայց» ըսաւ մարդը, « Էմիլիանօ ունեցաւ մեծ դժբախտութիւն մը. իրենց զաւակը, մարմնով թերաճ եւ մտքով պակասաւոր է. ատիկա իրեն համար շատ մեծ հարուած մը եղաւ. չկրցաւ տոկալ այդ ցաւին, ամէն օր տեսնել այդ տխեղծ մանուկը, որ չի կրնար լաւ խօսիլ, որ չի գիտեր իր պէտքերը զսպել, որ յանկարծ կը սկսի ճչալ: Էմիլիանօ երկու տարի յաջողեցաւ դիմանալ. հոգեպէս շատ ընկճուած էր. կարծես ինք իրեն չէր ներեր, որ իրեն նման փայլուն անձ մը ունենայ հիւանդկախ զաւակ մը: Ի վերջոյ, որոշեց մայրաքաղաք փոխադրուիլ. իրենք Պրազիլի սահմանակից քաղաք մը կ’ապրէին: Տղան մօրը քով ձգեց եւ ինք մինակ եկաւ: Երբեք չի խօսիր այդ մասին: Ես զինք շատոնց կը ճանչնամ: Ամէն անգամ, որ գործով Պրազիլ ճամբորդէ, կ’այցելէ կնոջ եւ զաւկին: Կինը իր ամուսնին այս անձնասէր եւ աններելի վարմունքին պատճառով՝ ծանրօրէն հիւանդացաւ եւ բուժուելէն յետոյ, ամուսնալուծում պահանջեց :Այսուհանդերձ Էմիլիանօ կը շարունակէ հոգալ կնոջ եւ զաւկին ծախսերը, այդքան:
Մելիսա ո՛չ մէկ ակնարկութիւն ըրաւ ,ոչ ալ հարցում. բայց իր վրայ կարծես դոյլ մը պաղ ջուր թափեցին: Հիմա յստակացաւ, թէ ինչու՛ Էմիլիանօ իրմէ գաղտնի կը պահէր իր ընտանեկան պատմութիւնը, որուն հետեւանքն էր այս անիմաստ եւ չակերտաւոր բարեկամութիւնը, որ խորհրդաւոր բան մը ունէր:
Այլեւս իրմէ կախում ունէր. շարունակե՞լ , թէ կտրել այս թոյլ կապը: Ինք իրաւունք չունէր դատելու Էմիլիանոն իր առած վճիռին համար. թէեւ այպանելի կեցուածք մըն էր խեղճ կնոջ վրայ թողուլ հիւանդ պզտիկը եւ պատերազմի դաշտէն խոյս տալ. ասիկա երեւան կը հանէր իր նկարագրի խոցելի գիծը: Ուրիշ ծնողներ ալ նման դժնդակ իրավիճակներ դիմակալած են, բայց համբերութեամբ եւ սիրով տարած են իրենց վիճակուած տխուր ճակատագիրը: Ու՞ր կը մնայ սէրը, երբ այսպիսի բախտորոշ պարագաներու ժամանակ, մարդ իր հոգեկան հանգստութիւնը կը գերադասէ եւ իր կինն ու զաւակը կը լքէ:
Այլեւս անիմաստ էր այս յարաբերութիւնը, որ ոչ մէկ տեղ պիտի առաջնորդէր եւ մանաւանդ իմանալէ յետոյ, Էմիլիանոյին նկարագիրը բացայայտող անձնակեդրոն եւ մերժողական կեցուածքը:Հակառակ իր փութկոտ սովորութեան, այս անգամ բաւական խորհրդածեց հարցին մասին իր դրական եւ բացասական երեսներով եւ ի վերջոյ յանգեցաւ այն եզրակացութեան, որ բաժանումը լաւագոյն լուծումն էր:
Մի քանի օր չխօսեցաւ. միւս կողմէն ալ ձայն չելաւ: Շաբաթ գիշեր Էմիլիանօ առաջարկեց, որ հանդիպին անկիւնի սրճարանը:
Մելիսա մտքին մէջ պատրաստած էր ըսելիքը: Սուրճը խմելէ յետոյ, Մելիսա շատ մեղմ բառերով յայտարարեց, որ եկած էր հրաժեշտ առնելու իրմէ:Էմիլիանօ կարծեց որ պիտի ճամբորդէր.
-Ոչ, ըսաւ Մելիսա, -եկած եմ քեզի մնաք բարով ըսելու, որովհետեւ մեր այս յարաբերութիւնը անիմաստ եւ անհամ դարձաւ այլեւս. կարծես փակուղիի մէջ գտնուինք. կլոր- կլոր կը դառնանք եւ ոչ մէկ տեղ կը հասնինք:
Էմիլիանօ լուռ մտիկ ըրաւ. չհակասեց, խոստումներ չտուաւ. պահ մը մտածեց, որ թերեւս Մելիսա իմացած էր իր ընտանեկան պատմութիւնը: Ոչ ափսոսանք, ոչ արցունք. ոչ իսկ համբոյր մը. պարզ ծանօթներու պէս իրարմէ բաժուեցան:
Մելիսայի կեանքին այս էջը մաս կը կազմէր իր կենսագրութեան այն քառորդին, որ զուտ անձնական էր եւ վերապահուած միայն ենթակային :
Տարի մը յետոյ, Մելիսա ամուսնացաւ համալսարանի իր նախկին դասընկերներէն մէկուն հետ եւ այն ատեն ճաշակեց սէրը իր բոլոր ուժգնութեամբ եւ քաղցրութեամբ, ընտանեկան ջերմ բոյնին մէջ, շրջապատուած զինք սիրող ամուսինով եւ երկու անուշիկ ձագուկներով: