Երէկ` հինգշաբթի, 9 յունիս 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հունգարիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ֆերնզ Չիլաղի այցելութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը, ողջունելով դեսպանին անդրանիկ այցելութիւնը, պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը` գլխաւոր երեսներով: Ապա, վեհափառը անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ ընկերային-տնտեսական կացութեան եւ հայ համայնքին որդեգրած դրական ու հաւասարակշռուած դերակատարութեան` իբրեւ Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն անմիջական լուծում տալու հրամայականը, որ կարելի է նոր կառավարութեան կազմութեամբ եւ բարեկարգչական միջոցներու որդեգրումով: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու պահպանման գծով Հունգարիոյ պետութեան ցուցաբերած զօրակցութեան: Այս ուղղութեամբ դեսպանը անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ վեհափառին եւ խոստացաւ մօտ ապագային դարձեալ հանդիպիլ նոյն հարցին շուրջ` իր խորհրդակցութիւնը շարունակելու համար: