Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակին հրաւէրով երէկ` ուրբաթ, 14 յունիս 2013-ին` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պատրիարքարանի Էշրեֆիէի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս: Լրատուական գրասենեակի պատասխանատու Վարդան վրդ. Գազանճեան իր բացման խօսքին մէջ դրուատեց հայ մամուլի ներկայացուցիչները, որոնք «քաջաբար, զոհողութիւններով, մեծ ջանքերով եւ սակայն հայավայել եռանդով յառաջ կը տանին իրենց առաքելութիւնը»:
Ապա խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ զեկուցեց Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին հետ վերջերս իր ունեցած հանդիպումին մասին, որուն ընթացքին ան նամակով մը պապէն խնդրած է.
1.- Ապրիլ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մասնակցիլ ու նախագահել հայածէս մեծաշուք Ս. պատարագի արարողութեան, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, ներկայութեամբ Վատիկանի մօտ 190 պետութիւններու ներկայացուցիչ դեսպաններու: Առիթ մը, որ համայն աշխարհին կը ծանօթացնէ հայութիւնն ու միջազգային հանգամանք կու տայ Հայոց ցեղասպանութեան:
2.- Այդ առիթով հրապարակել «Առաքելական յորդոր» մը, ուր վեր առնուի մեր հայ նահատակներու վսեմութիւնը եւ դատապարտուի Հայոց ցեղասպանութիւնը:
3.- Դարձեալ նոյն առիթով վատիկանեան յատուկ դրոշմաթուղթ հրապարակել` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Պատրիարքը դիտել տուաւ, թէ նախապէս ալ, մէկէ աւելի առիթներով, այս հարցը արծարծած է Հռոմի նախկին` Պենետիկտոս ԺԶ. պապին եւ այժմու Ֆրանչիսկոս պապին հետ, ու անոնք միշտ ալ դրական տրամադրութեամբ խոստացած են ընդառաջել: Պատրիարքը յիշեցուց, թէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախապատրաստական աշխատանքներուն գծով կազմուած է Կեդրոնական մարմին մը, որ մօտէն կը հետեւի այս հարցին առնչակից բոլոր քայլերուն եւ զարգացումներուն:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ մամլոյ գործիչ, մտաւորական Սարգիս Նաճարեանը, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ երկու կղերականներուն միջեւ կայացած հանդիպումին: Ան նշեց, որ այդ հանդիպումը զուգադիպեցաւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանի հաւատարմագիրներու յանձնումին, նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Ֆրանչիսկոս պապին ուղղուած Հայաստան այցելելու հրաւէրին ու պապին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը «20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւն» յայտարարութեան: Այս բոլորը մեծ աղմուկ բարձրացուցին թրքական շրջանակներու մօտ եւ «փոթորիկ ծագեցաւ» Վատիկան-Թուրքիա յարաբերութեանց միջեւ, յիշեցուց ան` անդրադառնալով հետագայ զարգացումներուն:
Նաճարեան այս առիթով խօսեցաւ այն դէպքերուն մասին, որոնց ընթացքին պապը յուսախաբ ըրած էր Թուրքիան` քննադատելով անոր սխալներն ու թերութիւնները:
Ասուլիսի աւարտին պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ` ի՞նչ են Վատիկանի տրամադրութիւնները Ցեղասպանութեան «ճանաչումէն հատուցում» անցնող հայոց հողային պահանջներուն գծով` Սարգիս Նաճարեան ըսաւ. «Հայոց հողային պահանջներուն գծով Վատիկան զօրավիգ է ամէն քայլի, որ կ՛առաջադրէ մարդկային ազատութիւն ու արդարութիւն»: Իր կարգին Ներսէս Պետրոս ԺԹ. յայտնեց, թէ` «Վատիկան նախանձախնդիր է միջամուխ չդառնալու քաղաքական հարցերու մէջ, եւ թէ` նման հարց մը քաղաքական սակարկութեան չի դներ»: