Լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն օժանդակելու նպատակով, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:15-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Հռոմի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ միջազգային գործակցութեան կեդրոնին մէջ` մասնակցութեամբ 41 երկիրներու:
Յայտնենք, որ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Անճելինօ Ալֆանոյի հրաւէրով արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւս երէկ Հռոմի մէջ մասնակցեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի աջակցութեան նուիրուած նախարարական հանդիպումին:
Խորհրդաժողովէն առաջ Իտալիոյ վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլիոնի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որմէ շուրջ քառորդ ժամ ետք խորհրդաժողովը սկսաւ` գլխաւորութեամբ Իտալիոյ եւ Լիբանանի վարչապետներուն:
Խորհրդաժողովին սկիզբը վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը արտակարգ պահեր կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ այս խորհրդաժողովին անոնց ներկայութիւնը կը փաստէ, թէ շրջանին կայունութիւնը պահպանելու առումով Լիբանան եւ անոր դերակատարութիւնը որքա՛ն կարեւոր է: Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ ինք յայտարարած են, թէ լիբանանեան Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը պիտի քննարկուի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք: Ան նախագահ Աունի եւ իր անունով շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան զինեալ ուժերուն զօրակցելու միջազգային կամքին` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իր կարգին յանձնառու է զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն` պետական ամավարկին ընդմէջէն:
Հարիրի յայտնեց, որ լիբանանեան բոլոր ուժերը կառչած կը մնան Լիբանանը շրջանային հարցերէն զանց կացուցելու քաղաքականութեան` պահպանելու համար արաբական երկիրներուն եւ միջազգային ընտանիքին հետ իրենց յարաբերութիւնները:
Հարիրի խնդրեց, որ Լիբանանին յաւելեալ առիթ տրուի` կառչած մնալու ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան: «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ արաբ եղբայրներուս, որոնք կը զօրակցին լիբանանեան ապահովական ուժերուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը նախանձախնդիր է աշխատանքը ամբողջացնելու, որպէսզի մուտք գործէ բարեկարգումներու օրակարգ:
Հարիրի նշեց, որ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ հիմնական սպառնալիքն է, որ մնայուն կերպով ոտնձգութիւններ կը գործէ երկրին գերիշխանութեան դէմ, «սակայն այդ ոտնձգութիւնները պէտք է կանգ առնեն, իսկ մենք յանձնառու կը մնանք Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ լիբանանեան բանակի յաւելեալ զօրամասեր պիտի ուղարկենք հարաւային Լիբանան: Անհրաժեշտ կը գտնենք նաեւ հարաւի մէջ տեղակայել արդի զէնքերով զինուած լիբանանեան բանակի այլ ջոկատ մը», աւելցուց Հարիրի:
Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութեան քաղաքականութիւնն է երկրի ապահովական կառոյցներու ռազմավարութիւններուն ամրապնդումը, «իսկ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնները մեծաւ մասամբ ընդարձակուած են` Լիբանան հասնող սուրիացի տեղահանուածներու մեծ թիւերուն պատճառով», եզրափակեց Հարիրի:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն յատկացուելիք օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը պիտի հզօրացնեն անոնց կարողութիւնները` պաշտպանելու երկրին ծովային սահմանները, ինչ որ թիւ 1701 բանաձեւի մարմնացում է:
Կութիերես հաստատեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը հասած է Լիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդ համեմատութեան եւ անիկա իր հետեւանքները կ՛ունենայ Լիբանանի ընկերային եւ ապահովական կացութեան վրայ: «Բայց եւ այնպէս, այդ առումով Լիբանան ցոյց տուաւ իր տոկունութիւնը` հակառակ մնացեալ բոլոր երկիրներուն: Հետեւաբար միջազգային ընտանիքը պէտք է զօրակցի եւ օժանդակէ Լիբանանին, որովհետեւ լիբանանցիները լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւեցին, եւ իրենց բազմազանութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները պաշտպանեցին, նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմէն ետք», ըսաւ ան:
Կութիերես հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը անհրաժեշտ է ո՛չ միայն Լիբանանին, այլեւ` շրջանին եւ աշխարհին համար: Ան նշեց, որ Լիբանանի նուիրատու երկիրները կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են լիբանանեան բանակին զօրակցելու իմաստով: «Անոնցմէ գլխաւորները եղած են Իտալիան, Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան», ըսաւ ան:
Կութիերես բարձր գնահատեց վարչապետ Հարիրին եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը պահպանելու անոր ջանքերը` աւելցնելով, որ Լիբանանի կողմէ ժողովրդավարութեան նկատմամբ ցուցաբերուած յանձնառութիւնը կը դրսեւորուի մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններով: Ան ողջունեց Լիբանանի որդեգրած` ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը, աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին կատարած յայտարարութիւնները կը փաստեն, որ Լիբանան նախանձախնդիր է այդ քաղաքականութեան:
Կութիերես դրուատեց լիբանանեան բանակին տեղակայումը Լիթանիի շրջակայքը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ անոր գործակցութիւնը` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու նպատակով:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան, որ միջազգային ընտանիքին մէկ ու միացեալ պատկերացում ներկայացուցած էր` զէնքի ու զինամթերքի իր կարիքներուն մասին:
Կութիերես գնահատեց բանակի հրամանատարութեան կողմէ ցուցաբերուած յանձնառութիւնը` բանակին մէջ ծառայող կիներու իրաւունքներուն նկատմամբ:
Իտալիոյ վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլիոնի ողջունեց ներկաները` շեշտելով, որ Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են եւ անոնք հետզհետէ կ՛ամրապնդուին, «իսկ այսօրուան խորհրդաժողովը կ՛ընդգծէ եւ կ՛ամրապնդէ միջազգային ընտանիքին զօրակցութիւնը այդ յարաբերութեան», ըսաւ ան:
Ճենթիլիոնի շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը հիմնական է` ամրապնդելու համար Միջին Արեւելքի ապահովական կայունութիւնը, աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի անվտանգութեան:
«Այս խորհրդաժողովը հզօր պատգամ մը ունի փոխանցելիք եւ անիկա հիմնական օրինակ մը կը նկատուի` ո՛չ միայն Լիբանանի զօրակցելու առումով, այլ նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման նկատմամբ միջազգային զօրակցութիւն ապահովելու առումով», ըսաւ ան:
Ճենթիլիոնի ընդգծեց, որ Լիբանանին տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեան իմաստով միջազգային համախոհութիւն կայ: «Լիբանանին եւ անոր սահմանադրական հաստատութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը
հիմնական է եւ միջազգային պատասխանատուութիւն: Մենք միասնաբար պէտք է զօրակցինք Լիբանանի զինուորական հաստատութիւններուն, որպէսզի անոնք կարենան երկիրը պաշտպանել», հաստատեց ան:
Բրիտանիոյ Միջին Արեւելքի հարցերու պետական նախարար Էլիսթեր Պըրթ լիբանանեան զինեալ ուժերուն 13 միլիոն տոլարի յաւելեալ օժանդակութիւն մը խոստացաւ:
Այս օժանդակութիւնը պիտի աւելնայ այն 110 միլիոն տոլարի օժանդակութեան, որ Բրիտանիոյ կողմէ խոստացուած է Լիբանանին տրամադրել մինչեւ 2019-ի աւարտը:
Պըրթ յայտնեց նաեւ, որ Բրիտանիա պիտի օժանդակէ ներքին ապահովութեան ուժերուն` վերածուելու ոստիկանութեան, ինչպէս նաեւ պիտի օժանդակէ ակադեմական մարզումներու մակարդակի բարելաւման: Ան նշեց, որ Լոնտոն պիտի զօրակցի լիբանանեան բանակին` պաշտպանելու երկրին հիւսիսային եւ արեւելեան սահմանները` ապահովելով սահմաններու հսկողութեան համար պէտք եղած բոլոր սարքերը:
Պըրթ նշեց, որ Բրիտանիա յանձնառու կը մնայ մինչեւ 2019 11 հազար լիբանանցի բանակային զինուորական յատուկ մարզումներու ենթարկելու: Ան շնորհաւորեց բանակն ու ապահովութեան ուժերը իրենց հայրենիքը եւ քաղաքացիները քաջաբար պաշտպանելու առիթով:
Ան նշեց, որ Բրիտանիա հպարտ կը զգայ Լիբանանին տրամադրած իր օժանդակութեամբ, «սակայն այդ օժանդակութիւնը անբաւարար է կայունութիւնը պահպանելու առումով, որովհետեւ պէտք է քաղաքական յստակ յառաջընթաց արձանագրել` հզօրացնելու համար լիբանանեան պետութիւնը: Կ՛ողջունեմ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յանձնառութիւնը` երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք Լիբանանի ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը քննարկելու առումով», ըսաւ Պըրթ եւ կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան անյապաղ ու ճշդուած թուականին կատարելու այդ ընտրութիւնները:
Պըրթ նշեց, թէ Բրիտանիա համոզուած է, որ ապահով եւ կայուն Լիբանանը բոլորին շահերուն կը ծառայէ: «Ձեր ապահովութիւնը մեր ապահովութենէն է», հաստատեց ան:
Միացեալ Մամլոյ Ասուլիս
Խորհրդաժողովի աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Հարիրի եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանօ կատարեցին յայտարարութիւններ:
Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց իտալական իշխանութիւններուն եւ ՄԱԿ-ին, որոնք այդ ժողովը հիւրընկալեցին: Ան նշեց, որ «Հռոմ 2» խոստումներ տալու խորհրդաժողով մը չէ, այլ արդիւնաւորուած է լիբանանեան բանակին, ապահովական ուժերուն եւ կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ ներկաներուն համախոհական զօրակցութեամբ:
Հարիրի նշեց, որ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն նկատմամբ հիմնական օժանդակութեան մասին երկիրները կը յայտարարեն: Ան աւելցուց, որ Լիբանան ճիգ չի խնայեր իր պետական հաստատութիւնները ամրապնդելու եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու: «Մենք սկսած ենք բարեկարգելու նաեւ երկրին տնտեսական կացութիւնը, որուն օժանդակութեան առումով Լիբանան պիտի մասնակցի «Սետր»-ի խորհրդաժողովին, Փարիզ, իսկ աւելի ուշ` Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը թեթեւցնելու միջազգային խորհրդաժողովին, Պրիւքսելի մէջ», ընդգծեց վարչապետը:
Հարիրի յայտնեց, որ «Հռոմ 2»-ին մասնակցած 40 երկիրները պիտի սերտեն լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ներկայացուցած տարբեր ծրագիրները եւ իւրաքանչիւրը իր պիւտճէին հիման վրայ պիտի մասնակցի Լիբանանի օժանդակութեան:
Այս շրջագիծին մէջ, Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն 400 միլիոն եւրօ նուիրեց:
«Շնորհակալ եմ խորհրդաժողովին մասնակից բոլոր երկիրներուն, որոնք ընդգծեցին Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան կարեւորութիւնը», շեշտեց Հարիրի:
Իր կարգին, Ալֆանօ նշեց, որ 24 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ պիտի գումարուի միջազգային խորհրդաժողով մը` նուիրուած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին եւ Սուրիոյ դրացի երկիրներուն մէջ այդ տեղահանուածներու տագնապին պատճառած ընկերային հետեւանքներուն:
Ալֆանօ հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ բարեկամական ամրապնդուած յարաբերութիւններ կան:
Նշենք, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան միացաւ Հարիրիի ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ – զօրավար Իմատ Օսման, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ – զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահեր, վարչապետի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի, Հարիրիի զինուորական հարցերու խորհրդատու Մարուն Հըթթի եւ բարձրաստիճան զինուորականներ: