Հինգշաբթի օր Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակութեան «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես, որ պաշտօնական կեցուածքներով հանդէս եկած էր, երէկ նոյն տեսակէտները կրկնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի տեղեկագիրին մէջ, որ եռամսեայ դրութեամբ լոյս կը տեսնէ եւ որուն մէջ Հըզպալլա յստակ կերպով թիրախ կը դառնայ:
Տեղեկագիրին մէջ Կութիերես լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց սուրիական տագնապին մէջ չներքաշուելու:
Միւս կողմէ, հինգշաբթի կէս գիշերին հրապարակուեցաւ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ խորհրդաժողովին մասնակցող 41 երկիրները, ՄԱԿ-ը, Եւրոպական Միութիւնն ու Արաբական լիկան յանձնառու կը մնան Լիբանանի ապահովութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ կը գնահատեն լիբանանեան իշխանութիւններուն ի գործ դրած ջանքերը` 6 մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպելու իմաստով:
Անոնք ընդգծեցին, որ Լիբանանը պէտք է հեռու պահել Միջին Արեւելքի հրդեհներէն, եւ այս իմաստով շեշտեցին Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ելեւմտական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` յարգելով անոր գերիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը:
«Հռոմ 2» խորհրդաժողովին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը զինեալ միակ ուժն է, որ կրնայ պաշտպանել երկիրը, անոր սահմաններն ու լիբանանցիները, ինչպէս նշուած է Թաէֆի սահմանադրութեան մէջ:
Խորհրդաժողովին մասնակից երկիրները շեշտեցին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559, թիւ 1680 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն գործադրութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով իրենց մերժումը զինեալ այլ ուժերու գոյութեան:
Անոնք կոչ ուղղեցին լիբանանեան կուսակցութիւններուն` վերսկսելու Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան քննարկումին, ինչպէս նաեւ ողջունեցին այս իմաստով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրապարակած հաղորդագրութիւնը 12 մարտ 2018-ին:
«Հռոմ 2» խորհրդաժողովին մասնակից պետութիւնները բարձր գնահատեցին շրջանային տագնապներուն մէջ չներքաշուելու Լիբանանի կառավարութեան որոշումը եւ կոչ ուղղեցին անոր` յանձնառու մնալու Միջին Արեւելքի տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու Լիբանանի քաղաքականութեան:
Մասնակից երկիրները գնահատեցին բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն արձանագրած յաջողութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ ՏԱՀԵՇ-ին ու Ժապհաթ Նուսրային դէմ յաղթանակ արձանագրելու առումով, եւ կարեւոր նկատեցին Լիթանիի հարաւային շրջանին մէջ լիբանանեան բանակի յաւելեալ զօրամասի մը տեղակայումը:
«Հռոմ 2» խորհրդաժողովին մասնակցող երկիրները դրուատեցին Լիբանանի ապահովական կայունութեան նկատմամբ միջազգային ընտանիքին ցուցաբերած զօրակցութիւնը եւ ընդգծեցին, որ յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին Լիբանանի նկատմամբ իրենց կատարելիք օժանդակութիւնները աւելի յաճախակի պիտի դարձնեն: