ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հարցազրոյցը “Աւանգարդ”-ին Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով:
Այս տխուր տարելիցը իւրատիպ ազդակ կրնայ դառնալ (ու պէտք է դառնայ)` աշխարհը եւս մէկ անգամ զգօնութեան կոչելու: Դարաւոր մեր ցաւը պատմութեան դատին յանձնելով, պիտի շարունակենք ամէն տարի խնկարկել անմեղ զոհերու յիշատակը, որուն առջեւ պարտք ունինք` արդար հատուցման պահանջատիրութիւն:
Արիւնռուշտ մեր դրացին անվրէպ գործեց` տեղահանելով ու ցեղասպանելով Երկիր մոլորակի մէջ իր գոյութիւնը դարերով հաստատած, իր արարումով հռչակուած ժողովուրդ մը: Սակայն սխալեցաւ իր հաշուարկներու մէջ: Նախճիրէն մազապուրծ հայերը “Անտունի” երգեցին, մորմոքեցին` “Քելէ լաօ”, բայց նաեւ` “ով մոռանայ” երդուեցին: Այդ երդումն ալ ժառանգականութեան մոգութեամբ սերունդէսերունդ փոխանցուեցաւ: Այն օրերու կոյր ու խուլ աշխարհի աչք ու ականջն ալ բացուեցաւ: Մանաւանդ` անպատիժ մնացած կամ լռելեայն համաձայնութեան արժանացած ցեղասպանութիւնը կրկնուեցաւ հրէական Հոլոքոստի տեսքով: Ու դարձեալ պիտի կրկնուի` անպատժելիութեան պարագային, որովհետեւ չարիքը մեծնալու եւ կրկնելու վատ յատկութիւն ունի:
Հայոց եղեռնագործութեան յաջորդ 100 տարիները կրնայ ու պէտք է դառնայ հատուցման հարիւրամեակ: Անոր «հիմնարկեք”-ը այսօր կը կատարուի` արդէն պետականութիւն կերտող ժողովուրդի հայրենիքի մէջ: Եւ անոր մէջ իր գործուն մասնակցութիւնը պիտի ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը:
– Ցեղասպանութիւնը, Հայ դատը, մեր պահանջատիրութիւնը այն հենքն են, որուն շուրջ միակամ են բոլոր հայերը` Հայաստանի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի: Հայրենիքի հետ զիրենք կապող օղակն է Սփիւռքի նախարարութիւնը, որուն գործունէութիւնն այսօր սերտօրէն կ’աղերսուի Հայոց Եղեռնի թեմաներուն: Ի՞նչ ակնկալիքներ կրնայ ունենալ մեր ժողովուրդը` պատմական դարձող 2015-էն.
– Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը նախեւառաջ քաղաքական մեծ նշանակութիւն ունի: Հայ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ միջազգային յառաջադէմ հանրութիւնը կը պահանջեն, որ աշխարհի պետութիւնները, ներառեալ Թուրքիան, ճանչնան հայոց ցեղասպանութիւնը: Ճանչնալով ցեղասպանութիւնը` կը նշանակէ, որ այդ երկիրը կը յարգէ մարդու իրաւունքները, կը յարգէ ՄԱԿ-ի կողմէն ընդունուած պայմանագրերը եւ այլ միջազգային պայմանագրեր, եւ իր քաղաքական որոշումը ընդունելով, դատապարտելով Ցեղասպանութիւն կոչուող ոճիրը` նպատակ ունի, որ այլեւս երբեք եւ որեւէ երկրի մէջ չկրկնուի նման հրեշագործութիւն: Սա է ճանաչման հիմնական նպատակը, որուն մենք նախանձախնդիր եւ հետեւողական ենք, քանի որ իբրեւ ազգ, ժողովուրդ ապրած ենք ցեղասպանութեան բոլոր սարսափները, կրած ենք այդ անչափելի յանցագործութեան հետեւանքները: Հետեւաբար ուրիշ ո՞վ, եթէ ոչ Ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդը պէտք է պայքարի` նմանատիպ յանցագործութիւն աշխարհի որեւէ անկիւնին այլեւս չկրկնուելու համար: Պատահական չէ, որ թէ՛ քաղաքական աշխարհը, թէ՛ իրաւաբաններն ու պատմաբանները, թէ հետազօտողներն ու հոգեբանները կը շեշտեն, որ եթէ ժամանակին ճանչցուէր եւ դատապարտուէր Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա հրէական Հոլոքոստ չէ՛ր կրնար ըլլալ: Սա, կարծեմ` գլխաւոր ուղերձն է մարդկութեան: Այս ուղերձը տեղ գտած է նաեւ վերջերս Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի կողմէն ընդունուած եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի կողմէն հրապարակուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագրի մէջ, որ կ’արտայայտէ ոչ թէ սոսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կամ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութեան, այլ համայն հայութեան առանցքային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու միահամուռ տեսակէտները: Մենք բոլորին ապացուցեցինք, որ չկայ անհամաձայնութիւն Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, չկայ հակասութիւն համազգային խնդիրներու մէջ, որ ընդունուած փաստատուղթը համազգային, համահայկական փաստաթուղթ է: Ան պիտի դառնայ ուղենիշ ե՛ւ երկու հայկական պետութիւններու, ե՛ւ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններու, ե՛ւ համայն հայութեան համար:
Կարեւոր ակնկալիք է նաեւ հայ ժողովուրդի համար Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորումը: Այսօր Թուրքիոյ մէջ տեղի կ’ունենան գործընթացներ, որոնք կը խօսին այդ պետութեան մէջ եղած կարծրատիպերու վերացման մասին: Մենք ականատեսն ենք այն բոլորի, որ Թուրքիոյ մէջ որոշակի շրջանակներու կողմէն կը խօսուի Ցեղասպանութեան մասին: Կարեւոր յառաջընթաց է այն, որ “Կանաչներու” կուսակցութիւնը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, որ Օճալանը յայտնի նամակով խօսեցաւ նաեւ Ցեղասպանութեան մասին: Մենք պէտք է յաւուր պատշաճի գնահատենք այն քիւրտ պատգամաւորը, որ քաղաքական խիզախութիւն ունեցաւ Թուրքիոյ Մեծ ժողովի մէջ ներկայացնելու Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին նախագիծը: Եթէ դիտարկելու ըլլանք, թէ այս բոլորի ետին ինչպիսի գործընթացներ թաքնուած են, ապա ակնյայտ է, որ Թուրքիոյ մէջ արդէն կայ մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու շերտ մը, որոնք կ’ընդունին իրենց իսկական, ոչ թէ յօրինուած պատմութիւնը, ովքեր կը շարունակեն պայքարիլ Թուրքիոյ մէջ արդարութեան հաստատման համար: Չեմ կրնար չյիշատակել այն հանգամանքը, որ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած է իրավիճակ մը, երբ ազգային փոքրամասնութիւնները, որոնք դարէ մը աւելի լռելեայն համաձայնած են, թէ իրենք բոլորը թուրք են, այսօր բացայայտօրէն կը յայտարարեն իրենց ազգային արմատներու, իրենց ոչ թուրք ըլլալու մասին, եւ ինքնութեան վերականգնման ճանապարհին աւելի շատ իսլամացած հայեր կը բացայատեն իրենց հայկական արմատները: Այս իրողութեան կարելի է տալ գնահատական. Թուրքիոյ մէջ ինքնութեան ճգնաժամ է: Իսլամացած հայերու հիմնախնդիրները ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ բարոյահոգեբանական ուսումնասիրութիւններու նիւթ են: ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը գիտնականներու հետ կը զբաղի այս խնդիրներով, կ’իրականացնէ որոշակի ծրագիրներ, ընդառաջ ` կ’երթայ այն հայերուն, որոնք կը ցանկան վերադառնալ իրենց ինքնութեան, իրենց արմատներուն, կ’ուզեն սորվիլ մայրենին: Արդէն իսկ ազդակներ կան, որ պատմական Տիգրանակերտի մէջ հայկական դպրոցներ պիտի հիմնուին: Սա ամենակարեւոր իրողութիւններէն են: Հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր մարդիկ ցանկութիւն յայտնած են հայերէն սորվելու: Մեր կողմէն իրականացուած են կրթական, մշակութային, համայնքային, երիտասարդական եւ այլ բնոյթի ձեռնարկներ, որոնք իրենց մէջ հայրենասիրական հզօր լիցք ունին: Հայաստանի մէջ այսօր կը վերապատրաստուին երկու երիտասարդ` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերէն ուսուցանելու համար:
– Նշանաւոր շատ մարդիկ, պետական այրեր եւս բարի կամք կը դրսեւորեն` բարոյապէս աջակցելով, հաւանութիւն տալով ծրագրերուն:
-Չեմ կրնար շնորհակալ չըլլալ բոլոր այն յայտնի դէմքերուն` քաղաքական-կրթական -մշակութային գործիչներուն, որոնք այսօր կը միաւորուին Ցեղասպանութեան դէմ շարժման մէջ: Չեմ կրնար չըսել շնորհակալութիւն այն մարդոց, որոնք պիտի մասնակցին “ո՛չ ցեղասպանութեան” ֆորումին: Ինչպէ՞ս երախտապարտ չըլլալ Ֆրանսայի նախագահին, որ առանց վարանելու յայտարարեց Ապրիլ 24¬ին Հայաստանի մէջ իր ստոյգ ներկայութեան մասին եւ, նոյնիսկ հնարաւորութիւնը պիտի գտնէ՝ Փարիզի մէջ մասնակցելու համայնքային ձեռնարկներուն: Կամ` Ուրուկուէյի նախագահը, որուն պաշտօնավարման ժամկէտը թէեւ կը լրանայ, բայց պատրաստ է իր բարձր հեղինակութիւնը եւ բոլոր հնարաւորութիւնները ներդնել` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը յաւուր պատշաճի իր երկրի մէջ յիշատակելու համար:
– Այն, ինչ արդարացիօրէն Դուք կը գնահատէք (մարդիկ իրաւունք ստացած են իրենց ազգութիւնը չթաքցնել, անկաշկանդ խօսիլ հայերու կոտորածի մասին եւ այլն)` հրաշալի է: Բայց արդեօ՞ք այդ ամէնը եւս ի նպաստ Թուրքիոյ հեղինակութեան չէ. որպէսզի ողջ ժողովուրդ մը, ազգ մը տեղահանած ու եաթաղանի մատնած ոճրագործը ճերմակ օձիքով ներկայանայ աշխարհին` շարունակելով հերքել իր հանցանքը:
– Ցաւով կը նշեմ, որ մէկ տարի առաջ Թուրքիոյ բարձր ղեկավարութիւնը կը փորձէր ցաւակցիլ իր ժողովուրդին Ապրիլ 24-ի առիթով, իսկ այս տարի այդ օրը կը փորձէ տօնի վերածել, հրաւիրել տարբեր երկիրներու ղեկավարներու: Կարծեմ` Հայաստանի Նախագահի պատասխան նամակը Թուրքիոյ նախագահին լուրջ ուղերձ կ’ընդգրկէր նաեւ այլ երկիրներու ղեկավարներու համար: Ընդունիլ Թուրքիոյ նախագահի հրաւէրը կը նշանակէ տնտեսական, երկկողմանի շահերը վեր դասել համամարդկային արժէքներէն, մարդկային իրաւունքներէն: Այս հրաւէրները ընդունիլը կամ մերժելը կը բացայայտեն աշխարհի իրական դէմքը: Ցաւօք, Թուրքիան 100 տարի անց ալ չէ փոխած իր քաղաքականութիւնը: Մատնանշումս կը վերաբերի ոչ թէ թուրք հասարակութեան, այլ` իշխանութեան: Ինչքան հասուննայ թրքական հասարակութիւնը եւ կարենայ ընդվզիլ իր պետութեան վարած քաղաքականութեան դէմ, այնքան աւելի վստահ կրնանք ըսել, որ մեր ջանքերը ի զուր չեն անցած: Եւ յետոյ, երբ կ’ըսենք, որ խնդիրը կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան եւ երիտթուրքերու իշխանութեան, ապա այսօրուայ թրքական իշխանութիւնը կանգ պէտք է առնէ եւ չշարունակէ անոնց տմարդի գործերը, քանզի կեղծելով, ժխտելով կը դառնան յանցակից այդ մեծ ողբերգութեան: Կ’ուզենք ըսել` մի դառնար յանցակից, քանի որ իրավայաջորդ ըլլալով եւ ձեր վրայ առնելով անցեալի բեռը, դուք կը նմանիք անոնց:
– Ակնյայտ է, որ Թուրքիան եւս պակաս ջանադրութեամբ չէ նախապատրաստուած իր նախճիրագործութեան տարելիցին: Ըրած է եւ կ’ընէ ամէն ինչ` մեր պահանջատիրութեան, պատմական իրողութիւններու “ձայնը” խլացնելու:
– Կարծեմ` Հայկական հարցը մեծ վնաս կը պատճառէ Թուրքիային, որովհետեւ ան տարեկան միլիառաւոր տոլարներ կը ծախսէ` պատմութիւնը կեղծելու, ապատեղեկատւութիւն տարածելու, լոբբիստական կառոյցներ վարձելու, զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ իր օգտին յօդուածներ տպագրելու համար: Այդ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ իրենք հայկական գերեզմանոցը կամ հայութեան համայնքային կալուածքներ կը վերադարձնեն եւ կեղծ բարեպաշտ կը ձեւանան: Եթէ չէին հափշտակած, ապա ի՞նչը ետ կու տան: Եթէ ցեղասպանութիւն չէր եղած, ապա այդ պարագային անոնք ինչո՞ւ այդ բոլորը իրենց սեփականութիւնը դարձուցած են: Ինքզինք քաղաքական մեծ գործիչ համարող Էրտողանը պէտք է հաշուի առնէ, որ սա 1915 թուականը չէ, երբ կարելի էր գլխատել մտաւորականներ, ազգի ոչնչացման ծրագիր մշակել: Այսօր մեր ժողովուրը 21-րդ դար հասած է կիրթ, գրագէտ, զարգացած, 10 միլիոն դարձած, աշխարհի 100 եւ աւելի երկիրներու մէջ հիմնաւորուած եւ պահանջատէր. ան պիտի չլռէ:
Եւ որպէսզի Թուրքիան չշարունակէ սեւցնել իր անունը, հեղինակութիւնը, իր յետագան` ճիշտ կ’ընէ` կանգ առնել, օրինակ վերցնէ Գերմանիայէն, ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ վերջ դնէ թշնամութեան, դադրեցնէ պատմութեան կեղծարարութիւնը: Պէտք է Թուրքիան իր մէջ ուժ գտնէ եւ ձերբազատի այն բոլորէն, ինչ կատարուած է մէկ դար առաջ:
-Մեր պահանջատիրութեան ծիրէն ներս արդեօ՞ք կը ներառուին տարածքային խնդիրներ: Արդեօ՞ք ժամանակը չէ, որ նոյն հետեւողականութեամբ աշխարհի տրամաբանութեան մէջ տեղաւորենք Արեւմտեան Հայաստան արտայայտութիւնը:
– 2011 թ. Սփիւռքի նախարարութիւնը հայ իրաւաբաններու համահայկական համաժողով հրաւիրեց եւ ստեղծեց միջազգային ասպարէզի մէջ շատ յայտնի մասնագէտներու խումբ` ՀՀ սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ: Նպատակը իրաւական թղթածրար ստեղծելն է: Մենք այն կարծիքին ենք, որ այսօր հրապարակի վրայ կայ 3 կարեւորագոյն խնդիր: Առաջինը` ժառանգներու իրաուունքներու վերականգնում. մարդկային, անհատական իրաւունքներ: Ապա` համայնքային իրաւունքներու վերականգնում. խօսքը մեր բոլոր համայնքներու մասին է` իրենց կալուածներով, ունեցուածքով, եկեղեցիներով եւ այլն, հրապարակի վրայ է այս ուղղութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի յայտնի յայտարարութիւնը: Եւ հարցերու 3-րդ խումբը համազգային խնդիրն է: Համազգային խնդիրները իրաւական հարթութեան վրայ ուսումնասիրելով ի՞նչ արդիւնքի կը յանգինք: Անոր համար մասնագէտներ կ’աշխատին: Ես այն կարծիքին եմ, որ պէտք չէ աւելորդ յայտարարութիւններ ընել, որովհետեւ իւրաքանչիւրը այլ կերպ կը պատկերացնէ այդ պահանջատիրութիւնը: Այդ իսկ պատճառով պէտք է խնդիրը ձգել միջազգային իրաւունքի մասնագէտներուն: Ուրախ եմ, որ այս ուղղութեամբ իրաւական փաստաթուղթերը եւ անառարկելի հիմքերը կ’աւելնան: Ապրիլ 22-23-ին մենք “Ո՛չ ցեղասպանութեան” ֆորումի ծիրէն ներս պիտի գումարենք իրաւաբաններու միջազգային յաջորդ համաժողովը: Այդ համաժողովի մէջ պիտի շարունակենք քննարկել ունեցուածքի, գոյքի եւ մնացած հիմնախնդիրները: Եւ երբ իրաւական թղթածրարը վերջնական տեսքով պատրաստ կ’ըլլայ, քաղաքական լուրջ քննարկումներ կը ձեռնարկուին:
– Անշուշտ` փոխհատուցման խնդիրը նոյնպէս չի կրնար անտեսուիլ:
– Մինչեւ մենք Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգ չհասցնենք Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը, փոխհատուցման մասին խըօսիլը անժամանակ է: Որոշ պարագաներու մենք պէտք է հետեւինք զարգացումներուն եւ հետեւողականօրէն ազդենք այդ զարգացումներու վրայ` արագացնելով զանոնք, առաջ տանելով ճշմարտութիւնը: Համոզուած եմ, որ պիտի յաջողինք, որովհետեւ մեր պահանջը արդար է` հենուած միջազգային իրաւունքի վրայ: Բազմաթիւ երկիրներ արդէն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը` այդ ձեւով իրենց համախոհութիւնը արտայայտելով: Անոր արդիւնքով Թուրքիան կը հասկնայ, որ ինքը առանձին “խաղալ” չի կրնար: Եւ եթէ մնացեալ հզօր տէրութիւնները ճանչնան, անիկա իրական ճնշում կ’ըլլայ, եւ Թուրքիան այլեւս ընելիք չ’ունենար:
– Ձեր կարծիքով պառակտուող մեր ժողովուրդի համախմբման ազդակ կը դառնա՞յ ոգեկոչման այս տարին:
– Ես այն կարծիքին եմ, որ իւրաքանչիւր հայ, մասնաւորապէս այս պատասխանատու հանգրուանին, պէտք է վեր կանգի բոլոր տեսակի հակամարտութիւններէն, պառակտումներէն, խժդժութիւններէն, խմբային ու անձնական փառասիրութիւններէն եւ գիտակցի, որ կայ համահայկական ցաւ, համազգային դատ, որուն պէտք է հետամուտ ըլլանք ազգովի: Մինչ Ապրիլ իրական թէ շինծու որեւէ ձեռնարկ, որ կը տանի քաղաքական կացութեան, սահմաններու անհանգստութեան` անընդունելի է: Թուրքիայի նուիրական ցանկութւնն է` սեպ խրել մեր միասնութեան թիկունքին, անդունդ յառաջացնել Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ` “բաժնէ, որ տիրես” սկզբունքով: Հպարտութեամբ, ուրախութեամբ կը յայտնեմ, որ Թուրքիան չի յաջողիր այդ մէկը իրականացնել: Մենք պէտք է որ պատմութենէն դասեր քաղենք, Ժամանակն է միաւորուելու, Հայաստանը հզօրացնելու, Արցախը` անվտանգ, մեր սահմաններն` անառիկ դարձնելու: Պէտք է կոտրենք որոշ կարծրատիպեր: Հայրենիքը չեն սիրեր այն պատճառով, որ ան շէն է (ինչպէս ` մօրը չեն սիրեր, որ ան հարուստ է). հայրենիքը կը սիրեն, որովհետեւ ան քուկդ է, բիբլիական է, յաւերժ է…