Ինչպէս կը նախատեսուէր, տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի երէկ` ուրբաթ, 3 դեկտեմբերին մամլոյ ասուլիս մը տալով հրապարակաւ յայտարարեց իր հրաժարականը: Ան հիմնաւորեց իր այս կեցուածքը որոշ տուեալներու վրայ: Ան յայտնեց, թէ կը մերժէ, որ իր պատճառով առկախուի կառավարութեան գործունէութիւնը: «Հայրենիքիս շահերը աւելի կարեւոր են», ընդգծեց Քըրտահի` նշելով, որ իր հրաժարականը կու գայ ճիշդ ատենին, ճիշդ նպատակով: Քըրտահի յիշեցուց, թէ քանի մը օրեր առաջ խորհրդակցութիւն մը ունեցած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որ «թելադրած է իրեն հրաժարիլ` ընդառաջելով Ֆրանսայի փափաքին»: Եմէնի հարցին գծով ան կրկնեց, թէ այս պատերազմը ուշ կամ կանուխ վերջ պիտի գտնէ:
Քըրտահի ապա յաջորդաբար ուղղուեցաւ նախագահ Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտ` անոնց յանձնելով իր հրաժարականի գրաւոր պաշտօնական տարբերակը:
Այս առիթով վարչապետ Միքաթի յայտնեց, թէ հրաժարականի էջը փակուած է, եւ կոչ ուղղեց նախարարներուն վերաշխուժացնելու կառավարութեան նիստերը:
Արձագանգներ
Նախարար Քըրտահիի հրաժարականը դուռ բացաւ թեր ու դէմ կեցուածքներու: Նախագահ Միշել Աուն եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «դրական նախաձեռնութիւն» նկատեցին Քըրտահիի այս քայլը, որ կրնայ վերաթարմացնել Լիբանանի յարաբերութիւնները Ծոցի երկիրներուն հետ: «Քըրտահիի այս քայլը կրնայ լուծման առաջնորդել Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ բացուած ճեղքին ժխտական հետեւանքները», յայտնեց նախագահ Աուն` շնորհակալութիւն յայտնելով Քըրտահիին իր այս քայլին համար եւ վերահաստատելով Լիբանանի նախանձախնդրութիւնը եղբայրական յարաբերութիւններու մշակման` արաբական եւ յատկապէս Ծոցի երկիրներուն հետ:
Վարչապետ Միքաթի եւս բարձր գնահատեց նախարար Քըրտահիի հրաժարականը` դիտել տալով, որ անիկա գրուած է 3 նոյեմբերին, եւ Քըրտահի ամիս մը առաջ արդէն իսկ որոշած էր հրաժարիլ: Վարչապետը այս առիթով վերահաստատեց Լիբանանի արաբական դիմագիծը եւ արաբ երկիրներուն հետ Լիբանանի եղբայրական յարաբերութիւնները:
Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին նոյնպէս դրուատեց Քըրտահիի մօտեցումը` զայն նկատելով ազգային քայլ:
Միւս կողմէ, սակայն, ըստ լրատուական աղբիւրներու, Սէուտական Արաբիա «բոլորովին անկարեւոր հարց» նկատած է նախարար Քըրտահիի հրաժարականը:
Լրագրող-մեկնաբան Սալեմ Զահրանի կարծիքով` Քըրտահիի հրաժարականը կու գայ իբրեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ Ծոցի երկիրներու «սեղանին հրամցուող նախուտեստ»:
«Կը մաղթեմ, որ Ծոցի երկիրներ դրական ընկալեն նախարար Քըրտահիի այս քայլը», յայտնած է Թաուհիտ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ:
Հրաժարած երեսփոխան Միշել Մուաուատի կարծիքով` Քըրտահիի այս քայլը իբրեւ խաղաքարտ օգտագործուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի կողմէ` ընդդէմ Ծոցի երկիրներուն:
Նմանապէս դրսեւորուեցան այլ կարծիքներ, որոնց լոյսին տակ պիտի ճշդուի կառավարութեան գործունէութեան «ճակատագիրը» յառաջիկայ օրերուն, եթէ ոչ ժամերուն: Փաստօրէն, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հաղորդումով` «Քըրտահիի այս քայլը ոչ մէկ ձեւով պիտի փոխէ կառավարութեան այժմու տեղքայլը»:
Իր կարգին, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ վերահաստատեց, որ ինք Քըրտահին փոխարինող նոր թեկնածուի անուն պիտի չներկայացնէ:
Նոյն ծիրին մէջ, լիբանանեան թղթոսկիին սակագինը իր կարգին «դրական» ազդուեցաւ եւ հրաժարականի յայտարարութեան յաջորդող ժամերուն քանի մը հազարով արժեւորուեցաւ հասնելով մինչեւ 21 հազար լիբ. ոսկիի սահմանը: Սակայն ժխտական արձագանգներուն զուգահեռ ամերիկեան տոլարին սակագինը վերստին սկսաւ «սաւառնիլ»` հասնելով 23 հազար լիբ. ոսկիի սահմանը: