Ուրբաթ, 26 Հոկտեմբերին սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, աստուածաբանութեան դոկտոր, գրող, հրապարակախօս Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքի շնորհանդէսը:
Ներկաներուն սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց նախարարի օգնական Վաղարշակ Յակոբեան: «Հրայր Ճէպէճեան գործիչը կը ներկայանայ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ որպէս հայրենասէր հայ, Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան համար պայքարող, քրիստոնէական սկզբունքերը որպէս ճշմարտութիւն դաւանող մարդ, լայնախոհ աստուածաբան, Աստուածաշունչի խորը գիտակ ու մարդասէր: Պարո՛ն Ճէպէճեան, Դուք պատուելի ներկայութիւն էք Հայաստանի` Ձեր հայրենիքին մէջ»,ըսուած է նախարարի պաշտօնակատարի խօսքին մէջ:
Խ. Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական համալսարանի Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ ատոր դասաւանդման մեթոդիկայի ամպիոնի վարիչ Սուրէն Դանիէլեան ընդգծեց գիրքի հրապարակախօսական արժէքը եւ գիրքը համարեց հինգ մայրցամաքներու վրայ ապրող հայ մարդոց մտորումներու ու ապրումներու, մարդկային դիմանկարներու ու կենսագրութիւններու հարուստ շտեմարան: Սուրէն Դանիէլեան բարձր գնահատեց նաեւ գիրքին մէջ հայապահպանութեան ուղղուած պատգամներու, ազգային, հոգեւոր, համամարդկային մտորումներու առկայութիւնը:
ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեան «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքը համարեց հայու գոյապայքարի աշխատութիւն, ուր կը բիւրեղանան սփիւռքահայերու հոգեկերտուածքը, ապրումներն ու մտքերը, կը նշմարուի նաեւ պատմական անցեալի պահանջատիրութեան գաղափարը: «Հեղինակը պարզ ու անմիջական լեզուով կը խօսի հայու հետ, եւ մենք կը կարդանք երկու հայու անկեղծ երկխօսութիւնը»,-նշեց Էդիկ Մինասեան:
Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան մամուլի եւ հրատարակչական բաժինի վարիչ Անդրանիկ Մարդոյեան գիրքը ներկայացուց այնտեղ նկարագրուած քանի մը հայերու պատամութիւնները վերլուծելով: «Գիրքին մէջ դիմանկարները այնպէս ներկայացուած են, կարծես պատկերասրահի մի սրահէն կ´անցնիս միւսը»,-ընդգծեց բանախօսը:
Գիրքին վերաբերեալ ելոյթներ ունեցան նաեւ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան բաժանմունքի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան,գրքի համադրող-խմբագիր Արտա Ճէպէճեանը եւ ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի գիտաշխատող Միհրան Մինասեանը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարութեան` հեղինակ Հրայր Ճէպէճեան նշեց, որ ցանկացած է իր այս երկրորդ գիրքով ներկայացնել հայն իր առօրեայ կեանքի ու գոյապայքարի մէջ: «Այցելելով բազմաթիւ երկիրներ` ես տեսայ, թէ մեր սփիւռքն ինչքան բազմերանգ է: Հայ ենք, բայց տարբերութիւններ կան: Սփիւռքի մէջ այսօր հայապահպանումի պատերազմ է: Իւրաքանչիւր հայ համայնք «ճակատամարտի» մը մէջ է: Պիտի շարունակենք պատերազմն ու պիտի յաղթենք»,-նշեց հեղինակը:
Շնորհանդէսն իր օրհնութեան խօսքով ամփոփեց Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Տէր Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեան: