ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերուն վրայ, Հայ աւետարանական համայնքը ծրագրած է շարք մը գործունէութիւններ իրականացնել, ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Զանազան յայտագիրներու եւ միջոցառումներու շարքին, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) վերջերս Անգլերէնի թարգմանեց եւ հրատարկեց Հրանդ Կիւզէլեանի «Պոլսոյ Պատանեկան Տունը. Մնացորդացի Տունդարձի Պատմութիւն Մը» հատորը՝ «The Youth Home of Istanbul: A Story of the Remnants Homecoming» անուան տակ:
Կիւզէլեան, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող մըն էր, Պոլսոյ Կետիկփաշա թաղամասի Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ հիմնած էր Պոլսոյ Պատանեկան Տունը, եւ իր ամբողջ կեանքը նուիրած՝ հարիւրաւոր իսլամացած հայ պատանիներ Թուրքիոյ ներքին գաւառներուն մէջ փնտռելու եւ զանոնք ցուլումէ փրկելու գործին: Այդ ազատագրուած պատանիներուն մէջ էին նաեւ Հրանդ եւ Ռաքէլ Տինք:
Անգլերէնի թարգմանուած սոյն գիրքի շնորհահանդէսը՝ կազմակերպութեամբ ԱՀԱԸի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՀԱՀԱԵՄ) Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միացեալ յանձնախումբին, տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Ապրիլ 7ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ (117 South Louise Street, Glendale, CA)։
Ձեռնարկին ընթացքին Հրանդ Կիւզէլեանի գործունէութեան տարբեր երեսներն ու անոնց ձգած ազդեցութիւնը պիտի ներկայացնեն իրաւաբան Էտուին Մինասեան, վեր. Վաչէ Էքմէքճեան՝ հովիւ Տաունիի Էմմանուէլ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ, եւ Զաւէն Խանճեան՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն: Յայտագիրը պիտի վարէ դոկտ. Յասմիկ Պարան:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը հրաւիրուած է այս յատուկ հանդիսութեան, նշելու համար կեանքը Հրանդ Կիւզէլեանի, որ եղած է Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հերոսներէն մին:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Ներկաներուն տրամադրելի պիտի ըլլան նաեւ Կիւզէլեանի հատորին անգլերէն թարգմանութենէն օրինակներ: