Մալաթիոյ քաղաքապետարանը որոշած է Հրանդ Տինքի անունով վերանուանել Չաւուշօղլու թաղամասին մէջ գտնուող այն փողոցը, ուր ծնած էր «Ակօս» թերթի հիմնադիրն ու նախկին գլխաւոր խմբագիրը:
Այս տեղեկութիւնը «Ակօս» թերթին հաղորդած է Մալաթիոյ քաղաքապետ Ահմէտ Չաքըր:
Քաղաքապետը նշած է նաեւ, որ Մալաթիոյ որոշ փողոցներու անունները փոխելու ընթացքին որոշումներ կը տրուին՝ մեծ ուշադրութիւն դարձնելով այն փաստին, թէ Մալաթիա ծնած անձեր ի՞նչ ներդրում ունեցած են քաղաքականութեան կամ արուեստի մէջ: