Մենք` հայուհիներս, թերեւս աշխարհի ամենաերջանիկ կիներն ենք, քանզի մեր տօնական օրացոյցին մէջ ունինք մեզի նուիրուած ամբողջ ամիս մը: Այսօր «Армянка-Հայուհի» ամսագիրի տօնական համարի հիւրն է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ այդ աննախադէպ մտայղացման հեղինակն է: Բոլոր ընթերցողուհիներու եւ հայաստանաբնակ բոլոր կանանց անունէն մեր ամսագիրը շնորհակալութիւն կը յայտնէ տիկին Յակոբեանին` նման գեղեցիկ տօնական ամիս պարգեւելու համար: Կը շնորհաւորենք նաեւ մեր «Երկաթեայ» հայուհիին ծննդեան օրուան առիթով մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, փայլուն գաղափարներ եւ քաջառողջութիւն:
– Տիկի՛ն Յակոբեան, արդէն 20 տարի անցած է այն օրուընէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապրիլ 7-ը ընդունուեցաւ որպէս պաշտօնական տօն: Կը պատմէ´ք, խնդրեմ, այդ օրերուն մասին:
– Երբ 1990-ի սկիզբը դեմոկրատական շարժումը յաղթանակեց, եւ եկան իշխանութեան, առաջին ծրագիրներէն մէկը եղաւ վերանայիլ ՀՀ պետական տօները, եւ մարտ 8-ը, որպէս «Սոցիալիզմի մնացուկ», դուրս մղուեցաւ: Սակայն ատիկա միանշանակ չընկալուեցաւ, եւ հայուհիները շարունակեցին պահանջել վերադարձնել իրենց սիրելի տօնը: Անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ անդրադառնալու այս թեմային: 1990-95թթ. Խորհրդարանէն ներս ընդամէնը 4 կին պատգամաւոր կար, եւ ես վերցուցի այդ նախաձեռնութիւնը: Երկար ժամանակ կը փորձէի համոզել խորհրդականներուն (հասկնալի է` տղամարդոց) վերականգնելու մարտ 8-ը, բայց անոնք անհողդողդ էին, ուստի մտածեցի` գուցէ նոր առաջարկութեամբ հանդէս գամ: Տեւական քննարկումներէ ետք որոշեցինք որպէս այդպիսի օր առաջարկել ապրիլ 7-ը` Սբ. Կոյս Մարիամի Աւետման տօնը, որ մայրութեան կարեւորագոյն խորհուրդ կը պարունակէր: Սակայն որպէսզի այն դառնար նաեւ դեռեւս չմայրացած մեր գեղեցիկ աղջիկներու տօնը, որոշեցինք այն կոչել Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօն:
– Սակայն, որքան կը յիշեմ, այդ նախագիծը ընդունուեցաւ Ձեր «կանացի խորամանկութեան» շնորհիւ…
– Չեմ կարծեր` խորամանկութիւն, այլ հնարամտութիւն: Երբ օրէնքը պէտք է դրուէր քուէարկութեան (իսկ այն տարիներուն խորհրդարանական նիստերը կը հեռարձակուէին հեռուստատեսութեամբ), ես դիմեցի, որ հեռուստաէկրաններուն ցուցադրեն լուսատախտակը, որպէսզի ժողովուրդը տեսնէ, թէ իւրաքանչիւր պատգամաւոր ինչպէս կը քուէարկէ: Այնուհետեւ ուղիղ եթերով դիմեցի պատգամաւորներու կանանց եւ յորդորեցի, որ իրենց ամուսիններուն, «դէմ» քուէարկելու պարագային, «տուն չթողնեն»: Ի հարկէ, դահլիճէն ներս ծիծաղ եւ աղմուկ բարձրացաւ, եւ օրէնքը ընդունուեցաւ մեծամասնութեան կողմէն: Երբ նիստէն ետք լրագրողները զիս հարցուցին ապրիլ 7-ի խորհուրդի մասին, ես ըսի` քանի որ մարտ 8-ը միջազգային տօն է, ապա այն ոչ ոք չի կրնար վերցնել, այդ պատճառով կանանց տօնը կը սկսինք տօնել մարտ 8-ին եւ կ’աւարտենք ապրիլ 7-ին: Այսպէս ծնաւ նաեւ միամսեակի գաղափարը: Այսօր ես ուրախ եմ եւ երջանիկ, որ 20 տարի առաջ ընդունուեցաւ այդ օրէնքը, եւ շնորհակալ եմ պատգամաւորներուն. չէ՞ որ քուէարկողներու 95 տոկոսը տղամարդիկ էին: Շնորհակալ եմ, որ անոնք ընդունեցին, համբերեցին, համաձայնեցան, միամսեակը մտաւ մեր հասարակական գիտակցութեան մէջ, եւ տղամարդիկ իրենց շնորհաւորանքներով, իրենց ուշադրութեամբ հաճելի պահեր կը պարգեւեն կանանց:
– Տիկի´ն Յակոբեան, Դուք անչափ հումօրասէր անձնաւորութիւն էք. արդեօք Ձեր ծնողներէ՞ն ժառանգած էք այդ յատկութիւնը: Առհասարակ, ըստ Ձեզ, ինչ ժառանգած էք Ձեր մօրմէ եւ հօրմէ:
– Ես աշխարհի ամենաերջանիկ մարդոցմէ մէկն եմ, որ ծնած եմ Հրանդ Յակոբեանի ընտանիքին մէջ: Ծնողներս ինծի համար աստուածային մեծութիւններ եղած են եւ կը շարունակեն մնալ, չնայած որ այսօր հայրս այլեւս մեզի հետ չէ: Սակայն անոր պատգամները, յորդորները, անոր դաստիարակութիւնը մեզի հետ է, եւ իմ գրեթէ իւրաքանչիւր քայլէ առաջ ես կը մտածեմ` ի՞նչ պիտի մտածէր, ինչպե˚ս պիտի վարուէր հայրս, ի˚նչ խորհուրդ պիտի տար: Ես անչափ շնորհակալ եմ ծնողներէս, որ մեզի` չորս երեխաներուս, ոչ միայն ժառանգաբար, այլեւ որպէս քիչ թէ շատ կայացած մարդիկ կարողացած են կերտել, կրթել եւ դաստիարակել, մարդակերտումի եւ հայակերտումի ճամփան ճիշդ անցած ենք: Հայրս, ի հարկէ, առաւել մեծ խնդիրներով կը զբաղէր, իսկ մայրս` առօրեայ հարցերով: Հօրիցս ժառանգած եմ անոր փայլուն յիշողութիւնը, աշխատասիրութիւնը, աշխատանքի հանդէպ հսկայածաւալ, պատասխանատուութիւնը, բարութիւնը եւ, ի հարկէ, պետութեան նկատմամբ յարգանքն ու սէրը: Իսկ մօրմէս` սկզբունքայնութիւնը, սկսած գործը մինչեւ վերջ հասցնելու կարողութիւնը եւ հայ կնոջ բնորոշ շատ յատկանիշներ: Ծնողներս երեխաներուն սորվեցուցած են ազնիւ, առարկայական, նուիրեալ ըլլալ, իւրաքանչիւր աշխատանք կատարել սիրով, պատասխանատուութեամբ, նպատակասլաց ըլլալ, երբեք չդժգոհիլ, չտրտնջալ, ուրիշին չայպանել, այլ իւրաքանչիւր հարց քննարկելուս գտնել լուծումներ, պատասխանատուութիւն վերցնել եւ ոչ թէ պատճառներ որոնել: Հայրս կը մտածէր, որ յաղթողն ան է, որ չի բաւարարուիր ձեռք բերուածով, այլ կը ձգտի աւելին ընել, լաւին ձգտիլ, իսկ ատոր համար պէտք է անընդհատ սորվիլ, կրթուիլ եւ թարմացնել գիտելիքները, ետ չմնալ նորագոյն նուաճումներէն:
– Տիկի՛ն Յակոբեան, ո՞րն է Ձեր յաջողութեան բանաձեւը:
– Իմ յաջողութեան գրաւականը իմ ընտանեկան դաստիարակութիւնն է, Գաւառի թիւ 1 դպրոցը, ուր յաճախած եւ կարեւոր գիտելիքներ ամբարած եմ, Երեւանի համալսարանն է, երիտասարդական կազմակերպութիւնը` կոմերիտմիութիւնը, այն բոլոր խելացի մարդիկ, որոնց հետ բախտ ունեցած եմ ծանօթանալու, սորված եմ անոնցմէ. ԵՊՀ տնօրէններ, ակադեմիկոս Սերգէյ Համբարձումեանը, ՀԿԿ այն ժամանակի կեդրոնական կոմիտէի ղեկավարներ, Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան անդամներ, կառավարութեան ղեկավարներ, նախագահներ…:
– Դուք, տարիներ ի վեր զբաղեցնելով պետական տարբեր պաշտօններ, բազում կարեւորագոյն ծրագիրներ կեանքի կոչած էք. որո՞նց համար յատկապէս հպարտ էք, եւ որո՞նք են, ըստ Ձեզ, Ձեր կեանքի ամենայաջող որոշումները:
– Կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանի մէջ, անշուշտ, կայացուցած եմ կարեւոր որոշումներ: Այսպէս, օրինակ, փոքր ակադեմիոյ ստեղծումը` համալսարան-դպրոց եւ դպրոց-համալսարան կապի ստեղծումը: Ուսանողական շրջանի որոշումներէն շատ կարեւոր կը համարեմ հացի խնայողութեան արշաւ սկսիլը, երբ հացը ուղղակիօրէն յաջորդ օրը կը նետուէր աղբարկղ, երկրաշարժի օրերուն «որոնում» ծրագիրի ստեղծումը կը համարեմ ողբերգական պահուն ամենագնահատելի եւ օգտակար որոշումը, որու օգնութեամբ բազմաթիւ երեխաներ գտան իրենց ծնողները, հարազատները գտան իրար, շինջոկատներու կազմակերպումը աղէտի գօտիին, տոնորական արեան հաւաքումը, ԼՂՀ-ի շինարարական խնդիրները , կոմերիտական, երիտասարդական կառոյցներ հռչակելը, ԼՂՀ-ի մարզային երիտասարդական միութիւնը Հայաստանի երիտասարդական միութեան մաս դարձնելը, խորհրդարանէն ներս բազմաթիւ կարեւոր օրէնքներու առաջարկումը, բնակարաններու սեփականաշնորհման, համատիրութիւններու, մայրերուն տրուող արտօնութիւններ եւ այլն, ատոնց մշակումը, ընդունումը: Այսօր, ըլլալով Սփիւռքի նախարար, ես կը շարունակեմ իւրաքանչիւր օր ընդունիլ նոր որոշումներ, որոնք կը վերաբերին աշխարհասփիւռ հայութեան կրթամշակութային, կազմակերպչական, համայնքային խնդիրներուն, փոխադարձ գործունէութեան կառուցակարգերուն եւ այլն:
– Իսկ ի՞նչը կ’ոգեշնչէ Ձեզ, կ’օգնէ այսքան եռանդուն ըլլալ:
– Աշխատանքը եւ աշխատանքի արդիւնքները, գործընկերներուս հետ յարաբերութիւնները, սփիւռքեան կառոյցներու բարեացակամ վերաբերմունքը եւ ազգօգուտ աշխատանքը:
– Իւրաքանչիւր սերունդ կը տարբերի իրեն նախորդէն: Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք ժամանակակից հայ երիտասարդութիւնը:
– Կը կարծեմ, որ երիտասարդութիւնը միշտ աւելի յառաջադէմ եւ աւելի գրագէտ է, քան նախորդ սերունդը: Այսօր կան մարդիկ, որոնք կը փորձեն սեւցնել, միայն վատը տեսնելով արտայայտուիլ երիտասարդութեան մասին: Երիտասարդական միութիւնը դպրոց էր, որ կը ձեւաւորէր երիտասարդութիւնը, կ’օգնէր գործեր իրականացնել, եւ շատ հպարտ եմ, որ այդ կառոյցի անդամ եղած եմ: Կոմերիտմիութեան շարքերուն էին հիմնականին մէջ այն երիտասարդները, որոնք համարձակութիւն գտան սկսելու ղարաբաղեան շարժումը, կոմերիտմիութեան բովով անցած երիտասարդներն էին, որ կրցան պատերազմին յաղթել` ապահովելով, կառուցելով մեր անկախ պետականութեան հիմքերը: Այսօր մեր երկրին մէջ ազատ մտածողութեամբ, անկաշկանդ երիտասարդութիւն կը մեծնայ: Մենք փայլուն երիտասարդներ ունինք, որոնք իրենց գիտելիքներով, գաղափարներով մրցունակ են աշխարհի որեւէ տարածքի մէջ: Գիտէք, նաեւ ուրախ եմ, որ այսօր մեր համալսարաններուն մէջ ուսանողներու մեծամասնութիւնը` մօտաւորապէս 60 տոկոսը, կանայք եւ աղջիկներ են. քանի որ հասարակութեան դաստիարակը կինն է, մայրն է, հետեւաբար որքան կինը կիրթ եւ գրագէտ ըլլայ, այնքան հասարակութիւնը կիրթ կ’ըլլայ: Մենք պէտք է երիտասարդութեան ասպարէզ տանք, ոգեւորենք, ինքնադրսեւորուելու հնարաւորութիւն ունենան, քանի որ երիտասարդութիւնը մեր ներկան է ու ապագան:
-Տիկի´ն Յակոբեան, Դուք ազատամիտ էք, թէ՞ պահպանողական:
-Նայած որ հարցերուն: Ես պահպանողական եմ յատկապէս ազգային, կենցաղային, մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ: Չեմ կարծեր, որ ազատականութիւնը պէտք է ներթափանցէ ընտանիք: Ընտանիքը մեր ազգային ամենամեծ արժէքն է, եւ հետեւաբար հայկական ընտանիքը պէտք է պահպանողական, աւանդապաշտ ըլլայ, հետեւի դարերու խորքէն եկած աւանդոյթներուն, սովորոյթներուն: Ընտանիքէն ներս պէտք է տղամարդը իր ղեկավար դերակատարութիւնը ունենայ, կինը` իր, աւագները պէտք է շարունակեն մնալ յարգանքի, ուշադրութեան կեդրորոնին, իսկ գուրգուրանքը, փայփայանքը, ակնածանքը պէտք չէ պակսի ծնողներու նկատմամբ: Մենք կրնանք ազատամիտ, ազատական ըլլալ մտքերով, գաղափարներով, սակայն ընտանեկան հարցերու մէջ պէտք է պահպանողական ըլլանք: Դէմ չեմ ժամանակակից ըլլալուն, սակայն ատիկա պէտք չէ շփոթել գռեհկութեան, անդաստիարակութեան, անզուսպ ըլլալուն հետ: Կը կարծեմ, որ «ամէն ինչ գեղեցիկ է չափի մէջ» մօտեցումը պէտք է կիրառել կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Հայ կինը պէտք է խիստ չափաւոր ըլլայ, համեստութիւնը ամենամեծ զարդն է կնոջ ճակատին:
– Դուք ուժեղ, խիստ կնոջ տպաւորութիւն կը ձգէք, շատերը Ձեզ կ’անուանեն «երկաթեայ» հայուհի. Արդեօք կը սիրէ՞ք երազել:
– Գիտեմ, որ շատերը իմ մասին նման կարծիք ունին: Սակայն իրականութեան մէջ ես շատ ռոմանտիկ, երազկոտ մարդ եմ, ուղղակի կրնամ շղարշով փակել այդ յատկութիւններս: Երբ հարցը վերաբերի ընտանիքիս, հարազատներուս, ապա ես կը դառնամ չափազանց խոցելի: Ինծի յատուկ է անկեղծութիւնը, կարեկցանքը, ուրիշի վիշտը կիսելու, օգտակար ըլլալու յատկութիւնը: Անընդունելի են ինծի համար անտարբեր, անզգացմունքային, ոչ կարեկից մարդիկ: Իւրաքանչիւր մարդ արարած պէտք է ընդունակ ըլլայ դիմացինին օգնութեան ձեռք մեկնելու: Ինչ կը վերաբերի երազներուն, ապա ես, ինչպէս եւ ցանկացած բանական արարած, կեանքիս ամէն հանգրուանի մէջ երազանքներ ունեցած եմ: Երբ դպրոց կը յաճախէի, կ’երազէի ոսկէ մետալակիր ըլլալ, երբ ստացայ մետալը, կ’երազէի համալսարան յաճախել, ատիկա ալ իրականացաւ, այնուհետեւ ձգտեցայ դասախօսել, եւ ատիկա նոյնպէս իրականութիւն դարձաւ: Այն, ինչ կախուած է ինձմէ, ես գրեթէ միշտ կրցած եմ իրականացնել: Սակայն այսօր իմ երազանքները շատ աւելի ընդհանուր են, ատոնք կապուած են մեր Հայրենիքի եւ ողջ հայութեան հետ: Կը ցանկամ, որ ողջ աշխարհի մէջ, երկիր մոլորակի վրայ խաղաղութիւն ըլլայ, քանի որ ամէնուր հայեր կ’ապրին: Միւս երկրորդ երազանքս է ապրիլ հզօր զարգացած Հայաստանի մէջ, ուր չըլլան աղքատներ, չըլլայ գործազրկութիւն: Սակայն այդպիսի Հայաստան կերտելու համար մենք` բոլոր հայերս, անկախ անկէ` ուր կը բնակինք, պէտք է մեր լուման ներդնենք այս անչափ կարեւոր հայրենասիրական գործին մէջ, պէտք է ամէնքս մեր տեղէն լաւ աշխատինք, արագ գործենք, արագ որոշումներ կայացնենք: Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է, եւ այն պէտք է միասնաբար կառուցենք, իւրաքանչիւր անցորդ իր քարը պէտք է դնէ Հայաստան կոչուող սրբութեան յառաջընթացին: Ես անսահման շնորհակալ եմ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներէն. Անոնք իրենց գիտելիքները եւ հնարաւորութիւնները, կապերն ու միջոցները կը ներդնեն Հայաստանի զարգացման ուղղուած աշխատանքներուն: Եթէ ազատ ժամանակ ունենամ, կը կարդամ, շատ կը կարդամ եւ մէկ-մէկ ալ յոգնած պահերուն կ’ասմունքեմ. այն փոքր տարիքէս կ’ուղեկցի զիս:
– Տիկի´ն Յակոբեան, հարցազրոյցի աւարտին կ’ուզեմ տալ մեր աւանդական հարցը. ի՞նչ կը ցանկանայիք հայուհիներուն:
– Նախ եւ առաջ` խաղաղ երկինք: Այնուհետեւ կ’ուզէի, որ երջանիկ պահերը, օրերը մեր հայուհիներու կեանքին մէջ անսահման ըլլան: Կը ցանկամ, որ հայուհիներու աչքերէն երբեք չհոսին դժբախտութեան արցունքներ, այլ միայն երջանկութեան եւ հպարտութեան: Թող անոնց զաւակները փայլուն ապագայ ունենան, թող բոլորի երազանքներն իրականութիւն դառնան: Կը մաղթեմ բոլոր կանանց առողջութիւն. երբ առողջ է ընտանիքի մայրը, երջանիկ է ողջ ընտանիքը, առողջ է նաեւ հասարակութիւնը, նաեւ հայութիւնը:
– Շնորհակալութիւն:
Հարցազրոյցը վարեց Արմինէ Ասատրեանը
«Армянка-Հայուհի» ամսագիր