ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ԽԱՄՈՒՐ ՓԱԹ-ՓԱԹ, ՉՈՃՈՒԽ ՉԱԹ-ՉԱԹ
Հաւանաբար դժուար ալ չէ որոշել, թէ այս զրոյցներուն մէջ ո՛ւր կը վերջանայ իրականութիւնը եւ ուրկէ կը սկսին անիրականն ու առասպելականը։ Ասոնք կը պատմուին շատերու կողմէ, եւ տարօրինակ է, որ իմ բանասացներէն ոչ ոք կ՛ըսէ, թէ «սուտ է»։ «Ինչ գիտնամ, այդպէս կ՛ըսեն» կը յաւելեն։
Այսպէս՝ այս մէկը Քեսապի մէջ կը պատմուի․ նորահարս մը առեւանգող արջի մասին է: Առաջին անգամ լսած եմ Գնտըր Նանարէն (Խաթուն էր անունը, Կէօքճեան), Գարատուրանի իրենց տանիքին վրայ, ուր իր թոռներուն հետ մենք եւս կը հաւաքուէինք ամռան գիշերները։ Իմ առաջին գրառած զրոյցներէն մէկն է, 1969-ին Պէյրութ, երբ այցելեցի արդէն անկողնոյն ծառայող Գընտըր Նանարը։
Յետոյ նկատեցի, որ այս զրոյցը կը պատմուի նաեւ այլուր, կը պատմեն շատեր։ Ամեն պատմող կը պատմէր որպէս դէպքին տեղեակ, հերոսները ճանչցող մէկը, այսինչ գիւղէն կամ այնինչ թաղէն, այնինչ ընտանիքին այսինչին դեռատի կինը: Արջի որջին տեղը կը փոխուէր պատմողին համաձայն: Գարատուրանի մէջ ընդհանրապէս կը յիշուէին Կիւնիկ լեռը եւ Գարամաղարինէն: Այսպէս՝
— Օր մը վարի թաղի կիները Կիւնիկ կ’երթան ցախ բերելու: Հեռու եւ դժուար ճամբայ է, հոն մարդիկ ցախ կտրած պատրաստած կ՛ըլլան, կիներուն գործն է չոր ցախը շալակով բերելը՝ հաց եփելու, լուացք ընելու ու ճաշ եփելու համար։ Կիները միշտ խումբով կ’երթան ցախի, անոնց հետ կ’ըլլայ նաեւ այնսինչերուն (մականուն կը տրուի) հարսը, երիտասարդ կին՝ այն ատեն (Հայաստան գացին): Կիները ցախը կը հաւաքեն, շալակ կը շինեն, կը կապեն կռնակին ու իրարու ետեւէ կու գան կ’իջնեն Գարատուրան: Այդ կինն ալ ամենէն անդին շալակ կը շինէ եղեր: Կռնակը կու տայ բեռին, կ’անցընէ օղակը վիզին, զոյգ ծայրերով կը քաշէ, կը կապէ ու ոտքի պիտի ելլէ` չի կրնար, ինչ կ’ընէ` շալակը չի բաժնուիր գետնէն։
– Ցախը տեղ մը բռնուած ըլլալու է,— կ’ըսէ,— ժայռի մը կամ թուփի մը․․․
Կը քակէ շալակը, օղակը կը հանէ վիզէն ու ոտքի կ’ելլէ: Հսկայ արջ մը կեցած է երկու ոտքին վրայ, կինը չի հասցներ պոռալու, արջը թաթը կը դնէ բերնին, կը դնէ կինը թեւին տակ ու կ’առնէ կը տանի:
Կ’առնէ կը տանի Անթը Գարամաղարինէն: Հոն շատ քարայրներ կան, մեր գիւղացիները իրենց այծի հօտերը հոն կը պառկեցնէին։ Հոն մեծ քարայր մը կայ եղեր, կը տանի հոն: Կինը կը փորձէ փախչիլ, բայց արջը չի թողուր: Կինը պիտի պոռայ` արջը բերանը կը գոցէ: Կինը կը նկատէ, որ արջը իրեն վնաս չի հասցներ, կը լռէ կը նստի: Արջը կնկան կը հրամցնէ վայրի տանձ, փեթակով մեղր եւ ինչ որ գտեր է լեռները:
Գիւղացիները, երբ կը տեսնեն հարսը չի գար, կ’ելլեն կ’երթան լեռները՝ հարսը փնտռելու․ ամեն անկիւն կը փնտռեն, մարդ չեն տեսներ, ձայն-ձուն չեն լսեր: Օր մը, երկու օր, շաբաթ մը երկուք․․․ Գիւղին մէջ բողոքներ կը լսուին․ ամեն օր գիւղէն բան մը կը պակսի, օր մը ասոր կուժը չկայ, ուրիշ օր անոր սաճը (հաց եփելու մատաղէ տաշտաձեւ աման), ուրիշ օր քուրցով ալիւրը, ուրիշի մը տունէն՝ նոր եփած հացը, կարասով պանիրը, ձէթն ու իւղը… Կը զարմանան կը մնան… Օր կու գայ՝ հարսը կը մոռնան, անծանօթ գողը կը փնտռեն, ի՛նչ կ’ընեն, ի՛նչպէս կը պահեն` չեն կրնար բռնել:
Չըսես ՝ արջն է, որ քարայրէն ելած ատեն, հսկայ քար մը կը գլորէ դռան առջեւ, ու կ՛երթայ կնոջ համար տան պէտքեր բերելու, բան մը պակաս չի ձգեր…
Կինն ալ կը վարժուի արջին, քովը կը պառկի:
Օր կ’անցնի օր կ’երթայ, ճիշդ ժամանակին կինը մանուկ մը կը ծնի` կէսը մարդ է, կէսը արջ:
Արջը աւելի կանոնաւոր կերպով կը հոգայ տունը, ինչ կայ չկայ՝ կը բերէ տուն, կը դնէ կնոջ առջեւ, կը հրամցնէ, կը խաղցնէ մանուկը…Ու այլեւս չի փակեր քարայրին դուռը… Կը ձգէ որ կինը դուրս ելլէ, հով առնէ պզտիկին հետ, քովի անտառը մտնէ…
Օր մըն ալ քարայր կը վերադառնայ, կը տեսնէ կինը չկայ․ խմորը թթուեր է, լաղէն կը հոսի փաթ-փաթ, մանուկը (չոճուխ) անօթի է, լացէն պիտի ճայթի չաթ-չաթ… Դուրս կ’ելլէ, գոռալով ու պոռալով կինը կը փնտռէ․
— Խամուր փաթ-փաթ, չոճուխ չաթ-չաթ։
Որսորդները կը նկատեն արջը, կը կրակեն, կը վիրաւորեն: Վիրաւոր արջը կը մօտենայ քարայրի դռան ու կը կանչէ,, կը գոռայ ու կը պոռայ․
— Խամուր փաթ-փաթ, չոճուխ չաթ-չաթ․․․
————————————————————————
Ի դէպ, Քեսապի մէջ շատ կը գործածեն այս ասոյթը՝ նկատի ունենալով տունը խմորի տաշտն ու օրօրոցը ձգած դուռէ դուռ անցնող պտտկան կիները, կամ հակառակը՝ արտին մէջ ամուսինին օգնութեան հասած կինը, որ թոնիր տարուելիք խմոր շաղեր է կամ օրօցքին մէջ արթնցած մանուկ ունի;
—Շուտտի, (վազէ),- կ՛ըսեն այդպիսի կիներուն,- խամուր փաթ-փաթ, չոճուխ չաթ-չաթ։