Հրաշքներու երկիր է Լիբանանը: Հրաշքներու եւ հրաշագործներու երկիր: Այնքան հրաշակերտ ու հրաշածին, որ աշխարհի ամենամեծ իրաւագէտներն անգամ անզօր են բացատրութիւն գտնելու կամ՝ քօղարկելու Լիբանանեան զինուորական ատեանին արձակած անմեկնելի մէկ որոշումը: Բանակի նախկին սպայ Ֆայէզ Քարամ ամբաստանուեցաւ թմնամիի հետ գործակցելու, անոր ծառայութիւններ մատուցելու եւ գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցելու յանցանքով: Ճիշդ կամ՝ սխալ, ատեանը հարցաքննութեան ենթարկեց Քարամը եւ անոր հետ ձերբակալուած գործընկերները: Հետաքննիչ ատեանը իր հարցաքննութիւնները աւարտելէ ետք, թղթածրարը փոխանցեց զինուորական ատեանի դատախազին:
Հարցաքննութիւններու աւարտին ատեանին կը մնար յայտարարել յանցաւոր կամ՝ անպարտ: Այսինքն, եթէ Քարամ ու անոր ընկերները գործակցած են թշնամիին հետ, սա կը նշանակէ, թէ անոնք պիտի ամբաստանուին գերագոյն դաւաճանութեան յօդուածին տակ: Իսկ եթէ զրպարտութիւն են անոր հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնները, ատեանին կը մնայ անպարտ արձակել զանոնք: Մէկը կամ՝ միւսը: Բայց եկուր տես, թէ ինչպիսի որձեւէգ վճիռ արձակեց ատեանը…: Հաստատելէ ետք, թէ Քարամ տանջանքներու տակ կատարած էր իր խոստովանութիւնները զինք պատժեց ընդամէնը երեք տարուան ազատազրկումի: Ին՞չ հասկնալայս վճիռէն: Անմե՞ղ էր Քարամ իր հասցէին արձակուող ամբաստանութիւններուն առջեւ: Բայց ին՞չ հասկնալ երկու կամ երեք տարուան վճիռէն…: Շատ հաւանաբար Քարամ կէս կամ կիսատ ծառայութիւններ մատուցած ըլլար Իսրայէլին…: Տարօրինակօրէն, ատեանը անոր գործընկերներուն հանդէպ գտնուեցաւ աւելի խիստ: Չհասկցանք, ի վերջոյ ինչպիս՞ի նուրբ ծառայութիւն մատուցած էր Ֆայէզ Քարամ Իսրայէլին, որուն վճիռն ալ եղաւ նուրբ…: Եւ վերջապէս, հարցում մը իրաւապահական կառոյցներուն. երբ հայրենիքի դաւաճութեան մէջ ամբաստանուած յանցագործ մը երկու տարուան բանտարկութեան վճիռ կը ստանայ, նման «լայնախոհութիւն» մը բարոյական ինչպի՞սի իմաստ ու խորհուրդ պիտի փոխանցէ ժողովուրդին, երիտասարդ սերունդին, մութին մէջ գործող Իսրայէլի եւ կամ այլոց ծառայութիւններ մատուցող վարձկալներուն: Իսկ այս բոլորէն հեռու եւ ՎԵՐ, գոյութիւն ունի քաղաքական հոսանքի ղեկավար մը, որ տակաւին դժգոհ է Քարամի դէմ արձակուած վճիռէն: Անոր կարծիքով, կողմնակալ է լիբանանեան ատեանը, քաղաքականացած եւ իսրայէլածին է Միջազգային Ատեանը: Որ՞ արդարութեան կը հաւատայ արդեօք մեր « Փոքրիկ հրամանատարը», անտառի արդարութեան, Նարկիսեան արդարութեան…: Ու այս բոլորէն ետք, տակաւին կը կասկածին Միջազգային Ատեանին անաչառութեան…: