ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ.- ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցիչ Հրաչ Սեփեթճեան նշանակուած է վարժարանի Հայկական բաժինի եւ ծրագիրներու վարիչ տնօրէն: Իր պարտականութիւններուն մաս պիտի կազմէ համադրել եւ ղեկավարել հայեցի դաստիարակութեան ընդհանուր աշխատանքները՝ Ծաղկոցէն մինչեւ երկրորդական բաժին, ինչպէս նաեւ սերմանել հայկականութեան, ազգային դաստիարակութեան եւ ՀԲԸՄի գիտակցութեան ամրապնդումը՝ մատղաշ աշակերտներու հոգիին եւ միտքին մէջ:
«Բոլորիս ակնկալութիւնն է, որ այս նոր պաշտօնը պիտի նպաստէ հայերէնի դասաւանդութեան արդիականացման եւ հայերէնի ուսուցիչներու աշխատանքի աւելիով արդիւնաւէտութեան», նշուած է վարժարանին յղած հաղորդագրութեան մէջ: