Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը 23 սեպտեմբերին Պոլսոյ նահանգապետարանին միջոցով Պոլսոյ Հայոց պատիարքարան ուղարկած է 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գլխաւոր կանոնագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «էրմենիհապեր» կայքը:
Կանոնագրութեան 25-րդ կէտին մէջ կը ներկայացուին 6 պայմաններ, որոնց բոլորին համապատասխանելու պարագային միայն կարելի է պատրիարքական աթոռին համար թեկնածութիւն առաջադրել:
Այդ պայմաններն են.
1.- Պատրիարքի թեկնածուին հայրը պէտք է Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի եղած ըլլայ:
2.- Թեկնածուն պէտք է վայելէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան վստահութիւնը (պետութեան դէմ ուղղուած քաղաքական հռետորաբանութիւն եւ գործունէութիւն չծաւալել, ինչպէս նաեւ չմասնակցիլ պետութեան վստահութիւնը եւ հեղինակութիւնը խաթարող գործողութիւններու):
3.- Թեկնածուն պէտք է ունենայ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ենթակայ եպիսկոպոսի աստիճան:
4.- Պէտք է ամբողջացուցած ըլլայ պատրիարքի թեկնածուի 35 տարին:
5.- Թեկնածուին դէմ պէտք չէ դատական վճիռ ըլլայ, եւ չըլլան ընտրութեան մասնակցութիւնը խոչընդոտող այլ հանգամանքներ:
6.- Թեկնածուն պէտք է ի զօրու ըլլայ պատրիարքի պարտականութիւնները յաւուր պատշաճի կատարելու համար:
Պատրիարքի թեկնածու առաջադրուելու համար սահմանուած տուեալ պայմաններէն նոր եւ խնդրայարոյց է միայն 3-րդ կէտը, որ անկարելի կը դարձնէ արտասահմանաբնակ թեկնածուներու առաջադրումը: