ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ 21 Դեկտեմբերին ներկայացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան անգլերէն ատլասն ու Օսմաներէնու համալսարանական դասագիրքը:
Ատլասը կազմուած է «Բաբկէն Յարութիւնեանի անուան պատմական աշխարհագրութեան եւ քարտէզագրութեան լաբորատորիա»-ի (տարրալուծարան), իսկ Օսմաներէնի դասագիրքը` «Հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժին»-ի կողմէ:
«Ատլասի հրատարակումը ինքնանպատակ չէ եղած եւ ան եզակի է իր բնոյթով: Մեր գլխաւոր նպատակը այն է, որ այս կերպով կարենանք հնարաւորութիւն տալ օտար հետազօտողներուն, տարբեր պաշտօնական ատեաններուն եւ, առհասարակ, Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրով հետաքրքրուողներուն հանգամանօրէն ուսումնասիրելու թեման: Մենք կը նախատեսենք նաեւ յետագային ատլասը թարգմանել այլ օտար լեզուներով»,- նշած է Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան:
Ատլասին մէջ ներկայացուած են` հայ-թրքական պատերազմ, համիտեան կոտորածներ, արեւելահայերու կոտորածներ եւ մայիսեան յաղթանակներ, Պաքուի հայերու կոտորած, մշակութային եղեռն, Սփիւռքի ձեւաւորում եւ այլն: Ատլասին մէջ ներառուած են նաեւ պայմանագիրներ, փաստաթուղթեր եւ նկարներ: Զուգահեռաբար կը ներկայացուի նաեւ հայերու դերը Օսմանեան կայսրութեան եւ Ռուսական կայսրութեան մէջ: Ատլասի վերջին հատուածին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման:
Անդրադառնալով Օսմաներէնի դասագիրքին` Մհեր Յովհաննիսեան շատ կարեւոր կը համարէ օսմաներէնի դասաւանդումը:
«Այդ լեզուով գրուած են բազմաթիւ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան խնդրին եւ մենք նպատակ ունինք յետագայ ուսումնասիրութիւններու համար պատրաստել մասնագէտներ, որոնք կրնան օսմաներէն լեզուով կատարել խոր եւ համապարփակ փաստաթղթային ուսումնասիրութիւններ»,- ըսած է ան:
Փրոֆէսոր Ալեքսանդր Սաֆարեան ընդգծած է, որ մինչ այժմ օսմաներէն լեզուի դասաւանդման համար օգտագործուած են արտասահմանեան տարբեր համալսարաններու կողմէ տպագրուած դասագիրքերն ու ուսումնական ձեռնարկները:
Դասագիրքը արդէն լայն հետաքրքրութիւն յառաջացուցած Յունաստանի եւ Թուրքիոյ օսմանագէտներուն մօտ: Արդէն կայ Թուրքիոյ Սթամպուլի համալսարանի գլխաւոր օսմանագէտին կողմէ մէկ գրախօսութիւն, որ շուտով պիտի հրատարակուի Սթամպուլի համալսարանի թերթին մէջ: