Սօսի Հաճեան
Հազիւ մի քանի տարի առաջ կայք հաստատածէինք Հարաւի այս ասպնջական երկիրը եւ ամէն բան սորվելու, վարժուելու հեւքին մէջ էինք. միաժամանակ մնալու, կամ չմնալու ալիքին մէջ կը տարուբերուէինք, փորձաքարի շրջան մըն էր:
Օր մըն ալ մեզի եկաւ ամուսնիս ծանօթ մարդ մը եւ գրպանէն նամակ մը հանելով դրաւ սեղանին վրայ եւ խնդրեց, որ կարդանք եւ թարգմանենք. անգլերէնով գրուած էր եւ մէջը նկար մը կար. հիանալի ապարանքի մը առջեւ, ընդարձակ մարգագետնին վրայ ընտանիք մը (անշուշտ լայն -լայն ժպիտներով) նկարուած՝ իրենց ճերմակ շունիկին հետ. ( մե՜ղք որ շունիկը չէր կրնար ժպտիլ, այլապէս պիտի ստիպէին, որ ինք ալ ժպտէր, որպէսզի այլոց ցուցադրած իրենց երջանկութիւնը կատարեալ երեւէր):
Նամակին բովանդակութիւնը հետեւեալն էր. նամակը գրողը մտադրած էր իր տան մէջ հրաւիրել իր բոլոր մօտաւոր, հեռաւոր ազգականները հիներ, նոր յայտնաբերուածներ, որոնցմէ մէկն էր մեր ծանօթը, թերեւս ալ միակը եւ իրենց ընտանիքները, որպէսզի աշխարհով մէկ ցրուած «……եանները» զիրար ճանչնալու առիթը ունենային եւ միասին դիմաւորէին Նոր Տարին: Ինք յանձն առած էր բոլորին կեցութեան ծախսերը հոգալ, սակայն ճանապարհածախսը եկողը պիտի վճարէր:
Յակոբին առաջին տպաւորութիւնը անսահման ուրախութիւն եղաւ.սքանչելի առիթ մը Նիւ Եորք՝ այդ հրաշքներու քաղաքը տեսնելու,պտըտելու, վայելելու. բայց խանդավառութիւնը կարճ տեւեց, դէմքը լրջացաւ.
-Աւելորդ ծախս մըն է –ըսաւ .- գրեթէ բոլորն ալ Մ. Ն. կ’ապրին. զիրար կը ճանչնան, նոյն միջավայրէն են եւ հաւանաբար անգլիախօս, հետեւաբար ես եւ կինս հանգիստ պիտի չզգանք իրենց մէջ, լեզուի պատուարը թոյլ պիտի չտայ որ կարենանք ազատօրէն հաղորդակցիլ իրենց հետ. նաեւ մենք ուրիշ այգիի պտուղ ենք, բաւական տարբեր իրենցմէ:
Ապա՝ իր մարած խանդավառութիւնը նամակին հետ ծալելով, պահարանին մէջ դրաւ եւ գնաց:
Այս դէպքը յիշեցի, երբ անցեալները հաւաքոյթի մը ընթացքին, սեղանակիցները հերթով կը պատմէին իրենց կեանքին մէջ պատահած ուշագրաւ դրուագներ: Երբ հերթը իրեն հասաւ, տարիքոտ, սպիտակահեր տիկին մը, վայելչօրէն հագուած, պատմեց ճամբորդութիւն մը,որ պատմական եղած էր: Մ. Ն.ապրող եղբայրը, որ պիտի տօնէր իրենց ամուսնութեան ոսկի յոբելեանը հրաւիրած էր իր բոլոր բարեկամներն ու ազգականները :
Այս տիկինն ալ ճամբորդած էր ներկայ գտնուելու համար տօնախմբութեան, որ տեղի պիտի ունենար հայաշատ Լ.Ա. ի մէջ: Իսկապէս խրախճանքը եղած էր բացառիկ. ամէն ձեւով կատարեալ. «Հազար ու Մէկ Գիշերներ»ու հեքիաթներուն ճոխութիւնը, առատութիւնը եւ փառքը, կարծես կեանք առած էին եւ շլացուցած հրաւիրեալները, որոնք անմոռանալի օր մը ապրած էին:
Եղբօր պնդումին վրայ իր կեցութիւնը մէկ ամիսով երկարաձգած էր եւ առիթը ունեցած` այլ ազգականներու շարքին, մօտէն ծանօթանալու իր եղբօրորդիին խօսեցեալին, որ շատ դիւրահաղորդ եւ լեզուանի աղջիկ մըն էր. մայրը հայ չէր, սակայն հօրը պնդումով եւ հակառակ մօրը տհաճ կեցուածքին, հայկական դպրոց յաճախած էր եւ բաւական սորված մեր լեզուն, զոր կը խօսէր անգլերէն շեշտով:
Աղջիկը շատ համակրեցաւ այս տիկնոջ, որ կու գար իրեն համար անծանօթ երկրէ մը, որ թէեւ Ամերիկեան ցամաքասին մաս կը կազմէր սակայն շատ բան չէին գիտեր իր մասին. անվերջանալի հարցումներ կ’ուղղէր իրեն՝ երկրին, ժողովուրդին, սովորութիւններուն մասին, լսած էր որ Արժանթին ծանօթ էր իր միսով, կաշիէ ապրանքներով .զմայլած կը նայէր անոր ոսկիէ մատանիներուն, օղերուն, վզնոցներուն, ապարանջաններուն:
Տիկինը, որուն վրայ շատ լաւ տպաւորութիւն ձգած էր Ճէնին, նախքան իր վերադարձը, զինք հրաւիրեց Պուէնոս Այրէս. հրաւէրը սրտաբուխ էր. ինք մինակ էր, թող գար եւ իր քով մնար որքան ատեն, որ ուզէր. Իր եղբօրորդին չէր կրնար ճամբորդել գործի պատճառով:
Պուէնոս Այրէս վերադառնալէն երկու ամիս չանցած՝ լուր ստացաւ Ճէնիէն, որ կը հարցնէր, թէ ի զօրու՞ էր տակաւին հրաւէրը, որովհետեւ ճամբու տոմս մը գտած էր շատ մատչելի գինով եւ կ’ուզէր օգտուիլ առիթէն:
«Հարկաւ աղջիկս, երբ ուզես, հրամմէ՛, եկո՛ւր» պատասխանեց:
Շաբաթ մը յետոյ, աղջիկը արդէն իր տունն էր: Հիւրասիրութիւն, պտոյտ, գնում, Ատլանտեան ովկիանոսի ծովափը, հարաւի Փերիթօ Մօրենօ սառցակոյտը (glaciar), հիւսիսի գեղատեսիլ դաշտերն ու լեռները, Թանկօի «շօ»երը եւլն. Ինք եւս նոյնքան կ’ըմբոշխնէր այս պտոյտները :
Ապա գնումներ, կաշիէ պայուսակներ,կօշիկներ, բուրդէ հագուստներ, որոնց մեծ մասը իր նուէրները եղան: Ճէնիին ուրախութեան չափ չկար, չէր գիտեր ինչպէս յայտնել իր երախտագիտութիւնը: Մեկնելէն առաջ սակայն, յայտնեց երախտագիտութիւնը շատ իւրայատուկ ձեւով:
Չորրորդ շաբաթը հեռագիր մը ստացաւ մօրմէն, որ հիւանդացած էր եւ պէտք ունէր անմիջական խնամքի. կը թելադրէր անյապաղ վերադառնալ:
Աղջիկը դժկամութեամբ առաւ վերադարձի թռիչքը:
Անցան ամիսներ: Տիկինը օր մը գնաց ոսկիէ օղերը պահելու իր գոհարեղէններու տուփին մէջ եւ ափ ի բերան մնաց, երբ տեսաւ, որ պարապ էր. միայն մատանի մը մնացած էր որպէս յիշատակ:
Սիրտը շատ ցաւեցաւ. Արդարօրէն`հիմա իր անխոհեմութեան պատիժը կը կրէր: Այնքան մտերմացած էր աղջկան հետ, որ հարազատի մը պէս կը վարուէր:
Գիշեր մը, երբ դուրս պիտի ելլէին Ճէնի մտաւ իր ննջասենեակը, ճիշդ այն վայրկեանին, երբ կինը ադամանդակուռ մատանին մատին կ’անցնընէր.տեսնելով աղջկան հետաքրքիր նայուածքը, ցոյց տուած էր տուփին պարունակութիւնը: Աղջիկը ակնապիշ դիտած էր եւ անշուշտ ներքուստ, փափաքած, որ բոլորը իրը ըլլային: Կինը խոստացած էր, որ իր սիրած ոսկիէ վզնոցը պիտի նուիրէր իրեն:
Ըստ երեւոյթին՝վերջին օրերուն, օգտուելով կնոջ բացակայութենէն, տուփը պարպած էր եւ մօրը հիւանդութիւնը պատճառաբանելով մեկնած:
Ի՞նչ ընէր. գրէ՞ր եղբօրը, որ իր զաւկին խօսեցեալը աչքաբաց գող մըն էր, արդեօ՞ք բարդութիւներու դուռ չէր բանար այդ ձեւով, երբ մօտ էր ամուսնութեան թուականը: Եւ ինչպէ՞ս պիտի փաստէր, որ աղջիկը գողցած էր. եթէ աղջկան գրէր, անշուշտ պիտի հերքէր. ինչ ծիծաղելի մտածում: Իր բարութիւնը այս ձեւով վարձատրուած էր. ահա թէ ինչ կը նշանակէր միամիտ ըլլալ եւ վստահիլ մարդոց:
Բայց աւելցուց ժպտելով, որ թանկարժէք գոհարեղէններուն մեծ մասը պահ դրուած է դրամատան մէջ, իր սեփական գանձերու արկղին մէջ. աղջկան տարածներուն գրեթէ կէսը կեղծ էր:
Շատ համոզիչ չթուեցաւ ինծի իր ըսածը. «այրած սրտի մխիթարանք է պարզապէս» մտածեցի ես:
Եզրակացութիւն, երկու հրաւէր, երկու տարբեր վերջաբանով: