Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը կը շնորհաւորէ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի պաշտօնին իր հանգրուանային կարեւորութիւն ունեցող ընտրութեան առիթով:
Անոր պաշտօնակոչումը կ’իրականանայ երկրէն ներս աշխուժացած քաղաքացիական կեանքի, վերանորոգ յոյսի եւ նոր հեռանկարներու համաժողովրդային մթնոլորտի մը մէջ: Կառուցողական բարեփոխումներու կարելիութիւնը յուսալի կը թուի այսօր, երբ Հայաստան կը դարձնէ կառավարման անցեալի էջը, ազգային միասնականութեան եւ բարգաւաճումի նոր փուլ թեւակոխելու տրամադրութեամբ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը գտնուի ազգային նախապատուութիւններու օրակարգը մշակելու եւ պետութեան բնականոն գործընթացը ղեկավարելու ծանր պատասխանատուութեան առջեւ: Լայն տարողութիւն ունեցող այս յանձնառութեան ստանձնումը կ’ենթադրէ մնայուն մարտահրաւէրներու դիմագրաւումին առընթեր, Հայաստանի վերածնունդէն ասդին, անցնող 27 տարիներու ընթացքին իրագործուած ձեռքբերումներու ամրապնդումը:
Հ.Բ.Ը.Մ.ը յաջողութեան իր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, իր բոլոր նախաձեռնութիւններու իրագործումին ուղղութեամբ: Մենք պատրաստ ենք ժողովուրդի կեանքի բարելաւման ուղղուած մեր աշխատանքներով, արդիւնաւէտ գործակցութիւն ցուցաբերելու նորընտիր վարչապետին եւ իր կառավարչական կազմին:
Հաւատարիմ 112 տարիներու իր ազգանուէր առաքելութեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ը պիտի շարունակէ գործել հայրենի կառավարութեան կողքին, ի նպաստ հայ ժողովուրդի բարօրութեան, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, իր կրթական, մշակութային, ընկերային, տնտեսական եւ ըստ անհրաժեշտութեան, մարդասիրական օգնութեան ծրագիրներով:
Ինչպէս տարբեր առիթներով բազմիցս յայտարարած ենք, Հ.Բ.Ը.Մ.ը համոզուած է, որ կառավարական բոլոր մարմիններու, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ սերտ համագործակցութեամբ միայն կարելի է լաւագոյնս ծառայել մեր Ազգի եւ ժողովուրդի շահերուն: