Հ.Բ.Ը.Մ. Հ.Ե.Ը Անդրանիկ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, ի ներկայութիւն պետական երեսփոխան Շանթ Չինչինեանի, Հ.Բ.Ը.Մ-Ի Շրջանակային Վարչութեան, Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու , միութենականներու, մտաւորականներու, մամլոյ ներկայացուցիչներու, պատկառելի թիւով հետաքրքրասէր հանրութեան, Ուրբաթ, 19 Յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Համշէնցիները» խորագիրով դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն հիւր դասախօսն էր համշէնցի մտաւորական Մահիր Էօզքան:
Յանուն կազմակերպիչ մարմնին խօսք առաւ ձեռնարկին գաղափարը յղացող, համշէնցիներու պատմութեան եւ այսօրուան իրավիճակին քաջածանօթ,մտաւորական՝ Կարօ Աբրահամեան: Ամփոփ ներածականով մը, Կարօ Աբրահամեան նկարագրեց Համշէնի պատմաաշխարհագրական զարգացումները, համշէնցիներու մշակոյթը, դարերու ընթացքին անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները, աւանդութիւնները, հասնելով մեր այսօրուան առօրեային: Ապա ան ներկայացուց օրուան բանախօսը:
Բանախօս Մահիր Էօզքան վաւերագրական ժապաւէնի և նկարներու ցուցադրութեան ընդմէջէն եւ Համշէնի բարբառով անդրադարձաւ Համշէնի պատմական զարգացումներուն: Էօզքան միաժամանակ նշեց, թէ համշէնի բարբառը կը մնայ վտանգուած եւ կը դասուի կորստեան մատնուող լեզուներուն շարքին: Ան նաեւ ընթերցեց Համշէնի բարբառին մաս կազմող բառերու ցանկ մը, տալով անոնց արեւմտահայերէն տարբերակը: Բանախօսը անդրադարձաւ Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւններուն, յատուկ՝ շեշտելէ թէ անոնք կը զարգանան ի նպաստ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ համշէնահայութեան: Դասախօսութեան ընթացքին ներկաները ունկնդրեցին համշէներէն երգեր, որմէ ետք բանախօսը հերթաբար պատասխանեց ներկաներուն գրաւոր հարցումներուն: Գնահատելի այս նախաձեռնութեան աւարտին, Հ.Ե.Ը. Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան երախտիքի յուշանուէր մը փոխանցեց մտաւորական Մահիր Էօզքանին: