Մարտ 1-ի երեկոյեան, Յ. Տէր Մելքոնեան սրահին մէջ լիբանանահայ արուեստասէրը պիտի ողջունէ առաջնախաղ-ներկայացումը «Եզովբոս»ին, եւ ապա` դարձեալ շաբաթ մը ամբողջ, նո՛յն սրահէն ներս անոր յաւելեալ բեմադրութիւնները:
Թատրոն-ը խտացումն է մարդկային կերպարներու եւ նկարագիրներու գեղարուեստական բեմականացման: Հեղինակն է` Կիւիլհերմէ Ֆիկուէյրիտօ (թրգմ. Սուրէն Վահունի, արեւմտահայերէնի վերածում` Յարութ Գնդունի): Բեմադրիչը` հայրենի վաստակաւոր բեմադրիչ Փրոֆ. Երուանդ Ղազանչեան, որ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր Հ.Ե.Ը.-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբի վաստակաշատ բեմադրիչն է, որուն կը պարտինք մեզի շնորհուած անկրկնելի բազում պահեր` իբրեւ հանդիսատես: Հայրենի արուեստագէտը, աւելի քան յիսնամեայ բեղուն ու պատասխանատու պաշտօններ վարած է, նախ` իբրեւ դերասան, ապա բեմադրիչ` թատրոնի եւ ռատիօ-հեռատեսիլային զանազան բեմականացումներու, որոնք հայրենի թատրոնի վերջին կիսադարու շքեղ իրագործումներու շարքին կը պատկանին: Արդարեւ, իւրաքանչիւր բեմադրութիւն եւ բեմականացում, դերակատարում թէ շարժանկարային խաղարկութիւն, Երուանդ Ղազանչեան արուեստագէտին ներաշխարհային յոյզերուն ապրումներուն տրամն է, զոր կ՛ապրի ան ներքուստ, եւ որ կը բաշխէ զայն իր գործակիցներուն միջեւ, բազմաթիւ այլ փորձերու եւ բեմադրութիւններու ընթացքին: Զանոնք կը բաշխէ իբրեւ մասունք` ստացած իր ուսուցիչներէն ու վարպետներէն` Վարդան Աճէմեանէն ու Հրաչեայ Ղափլանեանէն, երբ ինք եւ իր «թանկագին կէսը Կալիա Նովենցը (այժմ` հանգուցեալ) երբ պատանի էին (1949 թ.) միասին ու միատեղ ուսանեցան ու շարունակեցին իրենց կեանքին յետագայ տարիները, թէ՛ իբրեւ արուեստակից, ու թէ` կեանքի ընկերներ: Այսպէս է որ արուեստագէտ այս զոյգին ընտանեկան տաքուկ բոյնը հայրենի բեմական արուեստին, պարգեւած է Յակոբ Ղազանչեան տաղանդաշատ բեմադրիչն ու բազմաշնորհ արուեստագէտ Ստեփանը (այժմ` վաղաժամօրէն հանգուցեալ): Ներկայիս` հայրենի բեմերուն մէջ նոր զարդն է իրենց թոռնուհին` Մարիամ Ղազանչեան դերասանուհին, որ կը շարունակէ Ղազանչեան ընտանիքին սրբազան առաքելութիւնը:
Ահաւասիկ, այս մտածումներով կ՛ողջունենք ներկայութիւնը սիրելի արուեստագէտին, որ Հ.Ե.Ը.-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբի վարչութեան եւ դերասաններու խումբին հետ գործակցաբար, լիբանանահայ արուեստագէտին պիտի ներկայանայ Եզովբոսի բեմադրութեամբ: Թատերախաղ մը` որ իր մէջ կը խտացնէ մարդկային հոգեբանական բարդ իրավիճակները երգիծական շունչով ու տրամադրութեամբ: Օգտակարն ու հաճելին զիրար կ՛ամբողջացնեն: Եզովբոսը այն առակագիրն էր որ կու գայ մեզի նախաքրիստոնէական դարերէն: Համաշխարհային գրականութեան մէջ առակագրութեան զարգացումը կը պարտինք անոր, որ ապրած է Ք.Ա. 6-րդ դարուն, ըստ պատմիչ Հերոտոդոսի: Ան է որ, իր առակներուն միջոցաւ «արտայայտած է անթիք աշխարհի բարոյականութիւնն ու վարքը, նշաւակել մարդկային մոլութիւնները, արատները եւ կենդանիներու վարքէն բխած օրինակներով փորձած է ուղղել զանոնք (Հմմտ. Հ.Ս. Հանրագիտարան, Գ. հատոր, Երեւան)»: Եզովբոսի առակները հայ իրականութեան մէջ օգտագործած են Վարդան Այգիկցի եւ ուրիշներ: Իսկ միջազգային գրականութեան մէջ, Եզովբոսեան լեզուով է որ փոխաբերաբար արտայայտութիւն գտած են քողարկուած ճշմարտութիւններ, որոնց բուն իմաստը պէտք է փնտռել ու գտնել տողատակի գաղտնի ծալքերու մէջ: Հեղինակներ` իրենց գրական երկերուն մէջ այս ձեւին դիմած են քաղաքական գրաքննութեան արգելքները շրջանցելու նպատակով:
Ներկայ թատերախաղը արժանացած է համընդհանուր ընդունելութեան հայ թէ օտար բեմերու վրայ, թարգմանաբար: Ան կը պատշաճի ամէնազգի հանդիսատեսներու ճաշակին, վայրին ու ժամանակին: Այլաբանօրէն արտասանուած խօսքերուն ետին, հանդիսատեսը` ինքն է որ պիտի որոնէ ու գտնէ նոյնիսկ իր ժամանակակից հերոսները: Ու` պարզ ժպիտը յանկարծ կը վերածուի անհոգ ծիծաղի, բայց` իմաստալից: Երեւոյթ մը` որուն նմանօրինակները քիչ են դժբախտաբար:
Արդէն, փիէսին ընտրութեան ու յաջողութեան գաղտնիքը այստեղ է որ պիտի ողջունէ մեր հանդիսատեսը: Ներկայացում մը, որ կը նպատակադրէ բարձրացնել թատրոնին դերն ու առաքելութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Կազմակերպիչ միութեան ղեկավարները, բեմադրիչ-դերասաններ եւ յատկապէս անոր վարչական հոգատարութիւնը ստաձնող մարմինը այս նախանձախնդրութեամբ կը մօտենան մշակութային սոյն ձեռնարկին յաջողութեան:
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ