Հ.Ե.Ը.- Համալսարանականներու Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 2 Օգոստոս 2015-ի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ դաշտագնացութիւն մը, դէպի Ֆաքրա : Մասնակիցները նախ համախմբուեցան Հ.Բ.Ը.Մ.- Տեմիրճեան կեդրոնը, ապա ուղղուեցան դէպի դաշտագնացութեան վայրը:
Արդէն աւանդութիւն դարձած սոյն միջոցառումը յատուկ նուիրուած էր համալսարանական կեանք նոր մուտք գործող երկրորդական վարժարաններէ վկայուած շրջնաւարտներուն: Ուրախ մթնոլորտի եւ ճոխ հիւրասիրութեան առընթեր, անոնք ծանօթացան Հ.Ե.Ը. –Համալսարանականներու վարչութեան ծրագիրներուն եւ գոհունակութեամբ վերադարձան Պէյրութ:
On Sunday August 2, 2015, the AGBU-AYA University Students Committee organized a picnic at Fakra. The aim of this trip was to welcome the new high school graduates to the AYA University student’s big family.
After gathering at the AGBU Demirdjian Center the participants headed towards the picnic site. They spent wonderful hours together.